«Մանկական Եւրատեսիլ- 2014-ին Հայաստանը երգի մրցոյթին պիտի ներկայացնէ Էլիզապէթ Դանիէլեանը (Պեթթին) իր “People of the sun” երգով:
Յաղթողը ընտրուած է հեռուստադիտողներու եւ ժիւրիի քուէարկութեան արդիւնքով` 50/50 յարաբերակցութեամբ: SMS քուէարկութեան եւ հեռաձայններու ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի “նուիրիր կեանք” բարեգործական հիմնադրամին:
“Մանկական Եւրատեսիլ- 2014”-ին Հայաստանը երգի միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15-ին Մալթայի մէջ:
Մրցոյթի մասնակից պետութիւններն են Հայաստանը, Վրաստանը, Պելառուսը, Պուլկարիան, Կիպրոսը, Իտալիան, Մալթան, Մոնթէնեկրոն, Ռուսիան, Սերպիան, Շուէտը, Սլովենիան, Նիտերլանտը եւ Ուքրանիան: