Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը Նիւթական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Հայկական Դպրոցներուն

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը որոշած է նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել երկրի մէջ գործող ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներու լաւ սորվող աշակերտներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ “Ակօս”-ը:

Պետութիւնը Պոլսոյ մէջ գործող հայկական մասնաւոր դպրոցներուն պիտի յատկացնէ 2500-3500 թրքական լիրայ (1250-1750 ամերիկեան տոլար)` իւրաքանչիւր առաջադէմ աշակերտի համար:

Այսպիսով, ընդհանուր 1700 աշակերտի համար Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը հայկական դպրոցներուն շուրջ 4.5 միլիոն թրքական լիրայ (2.3 միլիոն ամերիկեան տոլար) նիւթական աջակցութիւն կրնայ ցուցաբերել:

Դրամական աջակցութիւն ստացող դպրոցներու եւ աշակերտներու յստակ թիւը պիտի որոշուի Սեպտեմբեր 9-էն յետոյ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին