Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ կը շարունակուի պատանեկան ողիմպիական խաղերը, որոնց ընթացքին, 21 Օգոստոսին Հայաստան նուաճեց առաջին ոսկի մետալը: Այս մասին կը հաղորդէ tert.am-ը:
77 քիլոկրամ ծանրութեան եղողներու պայքարին մէջ հիանալի ելոյթ ունեցաւ ծանրաբարձ Յակոբ Մկրտչեանը, որ երկամարտի 319 քկ. արդիւնքով խլեց ոսկի մետալ: Պատանեկան ողիմպիականի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը տիրանայ ոսկի մետալի։
Հայաստանի համար ասիկա երկրորդ մետալն է Նանճինկի մէջ։ 20 Օգոստոսին արծաթ մետալի արժանացաւ հրացանաձիգ Հրաչիկ Բաբայեանը:
Հայաստանի 32 անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռուստամեան:
www.tert.am