Բրիտանական BBC հեռուստառատիօ ընկերութիւնը անդրադարձած է հայերու աշխոյժութեան Wikipedia ելեկտրոնային հանրագիտարանին: Tert.am-ի տեղեկութիւններով՝ աղբիւրը կը գրէ, որ այժմ իւրաքանչիւր հայու “հայրենանուէր պարտքն” է մէկական յօդուած գրել Wikipedia-ի համար:
BBC-ն “Արմենիա” հեռուստաընկերութեան յղումով կը գրէ, որ “մէկ հայ, մէկ յօդուած” ազգային արշաւին նպատակն է բարելաւել ինչպէս յօդուածներու քանակը, այնպէս ալ որակը այդ աղբիւրին մէջ: Կը նշուի, որ քանակի առումով (այժմ 125.000 յօդուած) հայերը առաջ անցած են դրացի երկիրներէն: Վրացիները Wikipedia-ի մէջ ունին մօտ 84.000, իսկ ատրպէյճանցիները` 102.000 էջ:
Կը նշուի նաեւ, որ գործին լծուած է ոչ միայն Հայաստանի բնակչութիւնը, այլեւ մօտ 8 միլիոն կազմող հայկական սփիւռքը: Յօդուածներու առումով աշխոյժութիւն կը ցուցաբերեն ո՛չ միայն մասնագէտները, այլեւ յայտնի դերասաններ, երաժիշտներ, քաղաքական գործիչներ: Կը մէջբերուի ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի խօսքը, թէ ինքը վստահաբար պիտի գրէ իր յօդուածը Wikipedia-ի համար եւ կը հաւատայ, որ միւսներն ալ պիտի ընեն ատիկա:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նոյն առիթով կը յայտնէ արդէն իր կողմէ պատրաստ յօդուածի մասին, որ նուիրուած է հայոց բանակին: