Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան աշխատակիցները Մոսկուայի մէջ ձերբակալած են Սփիւռքի ամենահարուստ ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Լեւոն Հայրապետեանը:
Լեւոն Հայրապետեան ձերբակալուած է Ռուսական Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէն Յուլիս 15-ին «Դոմոդեդովոյ» օդակայանի մէջ, Մոնաքոյէն վերադառնալու ժամանակ: Պաշտօնապէս յայտարարուած է անոր ձերբակալութեան մասին, իսկ մօտ օրերս Պասմանի դատարանին միջնորդութիւն պիտի ներկայացուի Հայրապետեանի կալանքի համար։ Այս մասին կը յայտնէ News.am- ը վկայակոչելով «Ռոսբալտ»-ը։