Ստորև կը գտնուի պատշաճ եւ շատ հիմնաւոր կոչ մը՝ ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանին կողմէ, որպէսզի վերջ տան իրենց հակասահմանադրական, անօրինական եւ աւերիչ արշաւին՝ ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։
Իրապէս շատ ցաւալի է, որ Փաշինեանի մոլեռանդ ու կործանարար թշնամանքը՝ ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, կը շարունակուի անսահմանափակ սրացումով։
Անիկա իրականօրէն հասած է անհանդուրժելի մակարդակի՝ ողջամիտ եւ մտահոգ հայերուն համար, որոնք իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն համաշխարհային հայկական բոլոր ջանքերու կենսական համախմբման՝ զօրացնելու Հայաստանը, որ այսօր կը դիմագրաւէ լիակատար խառնակութեան մէջ գտնուող աշխարհի մը տագնապները։
Հայ հոգեւորականութիւնը ինչպէս նաեւ պատասխանատու աշխարհական կազմակերպութիւնները կը սպասուի որ հետեւին Աբգար Սրբազանի քաջարի օրինակին եւ պահանջեն Հայաստանի իշխանութիւններէն՝ վերջ տալու Մայր Եկեղեցւոյ եւ անոր Գլխին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ ուղղուած իրենց անընդունելի ու կործանարար ներկայ անօրինական արշաւին։
Բարեփոխումներ կարող են պահանջուիլ՝ ինչպէս եկեղեցւոյ ներսը, նոյնքան ալ ներկայ կառավարութեան՝ ազգային ոգիէն զուրկ ու պարտուողական կառավարման գործունէութեան մէջ։ Սակայն այդպիսի բարեփոխումները պէտք է հետապնդուին՝ յարգելով եկեղեցւոյ եւ ազգի կանոններն ու աւանդոյթները։
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան․ Եկեղեցւոյ Ներքին Հարցերը Պէտք Է Լուծուին Կանոնական Եւ Ժողովական Ճամբով
24 Սեպտեմբեր 2026-ին համացանցին մէջ տարածուեցաւ զեկոյց մը, որուն մէջ կը խօսուի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «ճգնաժամին», անոր «յարմարացման» եւ Եկեղեցւոյ բարեփոխման անհրաժեշտութեան մասին՝ միաժամանակ բարձրացնելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին հեռացման եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը։
Սակայն հարցը այլեւս միայն Գարեգին Բ Կաթողիկոսին անձը չէ։
Հարցն է՝ ո՞ւր կ՚աւարտի պետութեան իշխանութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի Եկեղեցւոյ իրաւունքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածին համաձայն՝ «Կրօնական կազմակերպութիւնները անջատ են պետութենէն»։
Այս կը նշանակէ որ Եկեղեցին կառավարութեան առընթեր մարմին չէ եւ չի կառավարուիր աշխարհիկ իշխանութեան կողմէ, այսինքն՝ խորհրդարանը Եկեղեցւոյ Սիւնոդը չէ, իսկ վարչապետը՝ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը չէ։
Անշուշտ օրէնքին առջեւ բոլորն ալ հաւասար են եւ օրէնքը պէտք է կիրարկուի բոլորին նկատմամբ։ Եթէ կան յանցագործութիւններ, անոնք պէտք է քննուին դատարանին մէջ։ Եթէ կան ֆինանսական խախտումներ, պէտք է գործեն օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգերը։ Եթէ կան եկեղեցական եւ կանոնական խնդիրներ, անոնց լուծումը կը պատկանի Եկեղեցւոյ իրաւասու մարմիններուն։
Սակայն Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը իշխանական հրամանով վերափոխելը այլ բան է։
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դաշնագիրին 9-րդ յօդուածը կը պաշտպանէ խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը։
Եւրոպական դատարանը, մասնաւորապէս «Հասան եւ Չաուշ ընդդէմ Պուլկարիոյ» գործով, շեշտած է որ պետութեան միջամտութիւնը կրօնական համայնքի ներքին կազմակերպման եւ ղեկավարութեան հարցերուն կրնայ խախտել կրօնի ազատութիւնը։
Հետեւաբար հարցը աւելի քան յստակ է. Ո՞ր իրաւական հիմքով է պետական իշխանութիւնը իրեն իրաւունք վերապահելով որոշելու թէ ո՛վ պէտք է ղեկավարէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։
Եթէ ոմանք կը յայտարարեն որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ, ապա կը նախաձեռնեն նոր ընտրական գործընթաց մը, բնական հարց կ՚առաջանայ. որքա՞նով այդ ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Եկեղեցւոյ ազատ եւ ինքնուրոյն կամքին դրսեւորումը։
Եկեղեցւոյ բարեփոխումը պիտի ծնի Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ՝ իր կանոնական եւ ժողովական համակարգին միջոցով, ոչ թէ քաղաքական որոշումով եւ անբարոյականներու, աւազակներու, հարբեցողներու, դրամաշորթներու, ինչպէս նաեւ նզովուած կորյուններու եւ այլասէրուած խորեններու խումբին հետ համագործակցութեամբ։
Ոչ ոք չի պահանջեր Եկեղեցին օրէնքէն վեր դասել։ Պահանջը շատ աւելի յստակ է. իշխանութիւնները ինքնին պիտի մնան օրէնքի սահմաններուն մէջ։
Կարելի է պահանջել հաշուետուութիւն, բարձրաձայնել խնդիրները, ինչպէս նաեւ պահանջել բարեփոխումներ։
Սակայն այս ամէնը վարչապետը Եկեղեցւոյ կանոնական իշխանութեան մարմին չի դարձներ։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը բոլոր ժամանակներուն համար են. «Տուէ՛ք կայսրինը՝ կայսրին, եւ Աստուծոյը՝ Աստուծոյ»։
Սա պետութեան դէմ կոչ չէ, այլ յիշեցում իշխանութեան սահմաններուն մասին։ Վարչապետը ամենավերջին անձն է, որ կրնայ միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, քանի որ ան ծխական խորհուրդի անդամ չէ, ոչ թեմական խորհուրդի անդամ եւ ոչ ալ Եկեղեցւոյ որեւէ առընչակից մարմինի անդամ։
Եկեղեցին պետութեան թշնամին չէ, բայց պետութիւնը նաեւ Եկեղեցւոյ վերադասը չէ։
Պետութիւնը պատասխանատու է օրէնքին առջեւ։
Եւ այստեղ է հիմնական հարցը։ Եթէ դուք կը յայտարարէք, որ Կաթողիկոսը պետութիւնը չի նշանակեր, ապա ինչո՞ւ իշխանութիւնը կը պահանջէ Հայրապետին հեռացումը։
Եթէ Եկեղեցւոյ պետին ընտրութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին գործն է, ապա ինչո՞ւ իշխանութիւնը նախապէս կ՚որոշէ, թէ ով պիտի հեռանայ եւ ով պիտի ստանձնէ «բարեկարգումը»։
Եւ վերջապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ո՞ր օրէնքը կու տայ իշխանութեան Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական կառուցուածքը փոխելու իրաւասութիւն։
Այս հարցերուն պիտի պատասխանել ոչ թէ քաղաքական կարգախօսներով, այլ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով։
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին աւելի հին է, քան մեր օրերու քաղաքական կուսակցութիւնները եւ գործող պետական մարմինները։
Սա բոլորովին չի նշանակեր, որ Եկեղեցին օրէնքէն վեր է։ Սակայն կը նշանակէ, որ ոչ մէկ քաղաքական իշխանութիւն իրաւունք չունի փոխելու դարերով ամրագրուած Եկեղեցւոյ սրբազան ընթացքը։
Ուստի պետութիւնը եկեղեցի չէ եւ ոչ ալ Եկեղեցին պետութիւն։ Եւ անոնցմէ ոչ մէկը պարտաւորութիւն պիտի ստանձնէ փոխարինելու միւսին։
Եկեղեցիին առնչուող հարցերը թող լուծուին Եկեղեցիին ներսը՝ կանոնական եւ ժողովական ճամբով։
Յանցագործութիւնները թող քննուին դատարաններուն մէջ։ Իշխանութիւնը թող յարգէ Սահմանադրութիւնը։
«Կայսրինը՝ կայսրին տուէք, եւ Աստուծոյնը՝ Աստուծոյ» (Մատթէոս 22:22)։
ԱԲԳԱՐ ԵՊՍ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Առաջնորդ Քանատահայոց Թեմի






