spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանը՝ Սկաուտական Երդումով Առաջնորդուած

Սկաուտական երդումով առաջնորդուած, տասնամեակներու փորձառութեամբ հարստացած, սերունդներու հետեւողականութեամբ ամրացած, վարչականներու եւ խմբապետներու հոգատարութեամբ երաշխաւորուած, լիբանանեան սկաուտական սովորութիւններով եւ հայկական արժէքներով կերտուած, ծնողներու եւ միութենականներու վստահութեամբ գօտեպնդուած ու իր յաջողութիւններով բոլորին գնահատանքին արժանացած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը 2025-2026 տարեշրջանը իր գագաթակէտին հասցուց ամառնային մեծ բանակումի խարուկահանդէսով, որ 8 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պաապտա գաւառի Քսայպէ գիւղի մշտադալար անտառին մէջ: Շարունակելով ամէնամեայ գեղեցիկ աւանդոյթը, Ռմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան նախ մատուցեց խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ապա օրհնուած խաղողը մատուցուեցաւ ներկաներուն: Խարուկահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին եւ սկաուտական շարքերուն հանդիսաւոր մուտքով, ներկայութեամբ բազմաթիւ հանդիսատեսներու, որոնց շարքին էին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Տանձիկեան, Յանձնաժողովի անդամ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան, Վարչութեան փոխատենապետ Հայկ Եսայեան, հաշուապահ Նշան Ղորղորեան եւ անդամներ Գարօլին Չայլեան ու Հրաչ Հասըրճեան, Քսայպէի քաղաքապետ Ժորժ Սալլում եւ անցնող տարիներուն բանակումները հիւրընկալած Ռաս էլ Մեթնի քաղաքապետ Ռաժա Պու Ռըսլան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան, սկաուտական լիբանանեան կառոյցներու եւ քոյր շարժումներու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, նախկին սկաուտներ, միութենականներ եւ բարեկամներ: Պաշտօնական եւ սկաուտական խումբ մը անձնաւորութիւններու ձեռամբ հրահրելէ ետք խարոյկը, Լորըն Ղազարեան եւ Էնտրու Յակոբեան հայերէն ու արաբերէն լեզուներով ընթերցեցին բացման խօսքը, որուն մէջ ընդգծեցին, որ «Թիթեռներէն մինչեւ խմբապետները, բոլորը քայլ առ քայլ կ’ապրին եւ կը մարմնաւորեն սկաուտական երդումը, որովհետեւ այս շարժումը միայն գործունէութիւն չէ, այլ կեանքի ամբողջ ընթացք մը»:

            Որպէս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր մարմինի ատենապետ իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Նշան Ղորղորեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ղեկավար մարմիններուն, սկաուտներուն ծնողաց վստահութեան, քաղաքապետութեան հոգատարութեան, ընդհանուր խմբապետ Սէրուժ Մարկոսեանին, AEL-ի ընդհանուր խմբապետուհի Դալար Թօսունեանին, փոխընդհանուր խմբապետ Կարօ Գոթահալեանին, շարժումի բոլոր խմբապետ-խմբապետուհիներուն եւ անդամներուն, որոնք երաշխաւորեցին բանակումին յաջողութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով «Միութիւնը Զօրութիւն է» նշանաբանին ու միացեալ ջանքերով վերահաստատեցին, թէ Անդրանիկ Սեւանը մեծ ընտանիք մըն է, որուն անդամներուն սիրտը միշտ ակումբին մէջ է, ուր որ ալ մարմնապէս ըլլան անոնք: Ղորղորեան նաեւ յուշանուէրով մը պատուեց Գործադիր Մարմինի երկարամեայ անդամ Սագօ Չաքըրեանը, որ երկրէն մեկնելու պատճառով ակամայ կը բաժնուի ակումբէն: Վեթերաններու վարչութեան ատենապետ Կարէն Պասմաճեան յայտարարեց, թէ «Եղբ. Գրիգոր Փորփոսեան»-ի անուան մրցանակը այս տարի կը շնորհուի խմբապետուհի Դալար Թօսունեանին, որ մրցանակը ստացաւ նախկին փոխընդհանուր խմբապետուհի Սարին Առաքելեանին ձեռամբ:

            Ներկայացնելով Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը, ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան շեշտեց, որ եթէ մարզաձեւերն ու մշակութային խումբերը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դիմագիծը կը ներկայացնեն արտաքին աշխարհին, ապա սկաուտութիւնը կը կազմէ միութեան ողնաշարը: «ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումները հաւատարիմ կը մնան միութեան աւանդոյթներուն եւ հարուստ ժառանգութեան, որ 1906-էն ի վեր տարուէ տարի կ’ուռճանայ, անշուշտ միաժամանակ քայլ պահելով արդիական զարգացումներուն հետ: Երախտագիտութեամբ կը պատուենք բոլոր այն մեծերը, որոնք հիմը դրին մեր սկաուտական կառոյցին եւ տարիներու ընթացքին գուրգուրացին սկաուտներուն, անոնց մէջ տեսնելով լիբանանահայութեան ապագան», ըսաւ ատենապետը:Անցնելով «Սկաուտական երդումով առաջնորդուած» յայտագրի գործադրութեան, սկաուտական խումբերը յաջորդաբար հանդէս եկան պարերով, երգերով, կատակներով եւ սկաուտական ցուցադրութիւններով, որոնց կ’ընկերակցէր համապատասխան խումբերուն մէջ երդում ստանալու հոլովոյթը նկարագրող ընթերցում, միաժամանակ դանդաղօրէն կը շրջէր կայմին մաս կազմող հողմաղացը, որուն շրջանը ամբողջացաւ միայն երբ ներկայացուեցաւ շարժումին մէջ խմբապետներուն կարեւոր դերակատարութիւնը ու շեշտուեցաւ երդումին խորքային իմաստը իւրաքանչիւր սկաուտի սրտին մէջ, մինչ ճարճատող խարոյկն ու կայմը կը բացայայտէին սկաուտական երդումով առաջնորդուած արիներու հերթական սերունդին հպարտ կեցուածքը եւ ծառայասէր, վեհանձն հոգին:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին