Յուշեր և Մանրապատումներ
Կերպար Բ.
«Չափորոշիչ»՝ Ընկեր Ա.Տ.-ն
Լիբանանի մէջ կենսագործած շրջանիս, տարբեր ժամանակներու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններու մէջ եղած եմ՝ անարժանաբար զանազան պաշտօններ ստանցնելով:
Տուեալ ժամանակաշրջանի մը վարչութեան մէջ գործընկերներ էինք ընկեր Ա. Տ.-ին հետ: Ժողովի մը ընթացքին, օրակարգի նիւթ էր կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի անդամատոմսերը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկումներ կ՛ընթանային եւ առաջարկութիւններ կը գրանցուէին: Իմ հերթիս ես շեշտեցի, որ նոր անդամատոմսերու կիրառումը, առիթ մըն է կարգաւորելու քաոսային վիճակը: Իրերայաջորդ պատերազմներու, արտագաղթի եւ սերնդափոխութեան պատճառով դժուար էր ստուգել թէ այդ պահուն, ո՞վ է երդուեալ կուսակցականը, ո՞վ է ինքզինք կուսակցական կարծողը կամ ձեւացնողը եւ ըստ այնմ ընտրութիւններու մասնակցողը: Ո՞վ է գործօն շարքայինը, ո՞վ է մշտապէս ժողովներէ բացակայողը, կամ անդամավճար չվճարողը, եւայլն: Այս ընելու համար, առաջարկս էր, յստակ չափորոշիչ (criteria), մը որդեգրել, տուեալ ընկերոջ մը, անդամատոմս տրամադրելու կամ չտրամադրելու համար:
Ընկեր Ա.Տ.-ն (ամեն մեղքիս, ոմանց համար տոքթոր), յանկարծ եւ ի զարմանս ինծի հարցուց, որ ի՞նչ ըսել է չափորոշիչ (criteria): Ստիպուեցայ տարրական եւ հեշտ, նոյն ժամանակ հիւմորային օրինակ մը տալ, որ դիպուկ եւ հասկնալի ըլլայ իրեն: Պատասխանեցի ըսելով. «Չափորոշիչ կը նշանակէ, օրինակ ճշդել ու յայտարարել, թէ մենք անդամատոմս պիտի տրամադրենք այն ընկերներուն, որոնց կօշիկին չափը, 42-էն 44 է»:
Ժամանակը ուշ ըլլալուն համար ժողովը յետաձգուեցաւ, յաջորդող օրերուն դարձեալ գումարուելու համար:
Դուրս եկած պահուս, ակամայ ականջալուր եղայ ընկեր Ա. Տ.-ին զարմացած խօսքին, զորս կը փոխանակէր վարչութեան այդ օրերու ատենապետին հետ, ըսելով, որ «այս տղան (այսինքն ես) իրապէս, որ տարօրինակ է: Կօշիկի չափը ի՞նչ կապ ունի, մէկուն կուսակցական ըլլալուն, կամ չըլլալուն հետ»…:
Անշուշտ չլսել ձեւացնելով գացի գործիս, հոգեկան այն գոհունակութեամբ, որ «տարօրինակութիւնս» մտահոգիչ պարագայ չէ, մինչեւ այն ատեն, որ ան պայմանաւորուած է ընկեր Ա. Տ.-ին անգրագիտութեամբ…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յաջորդիւ՝
Կերպար Գ.
«Օսմանագէտ»՝ Ընկեր Գ. Գ.-ն






