Տեսանկիւն
Ցաւով, բայց ո՛չ անպայման զարմանքով լսեցի ՔՊ-կուսակցութեան ԱԺ պատգամաւորական խմբակցութեան նախկին ղեկավար՝ պրն. Հայկ Կոնջորեանի ելոյթը, որ նախորդած էր ԱԺ փոխնախագահ իր ընտրութեան:
Տեսերիզը (այստեղ կցուած), որուն մէջ յստակ է նշեալ անձին՝ իր քաղաքական մրցակիցները ամեն գնով նսեմացնելու մարմաջը, կը բացայայտէ Ազգային Ժողովի փոխնախագահի մը թեկնածուի պատշաճ գրագիտութեան առնչութեամբ բացթողումներ:
Սկսելու համար պէտք է ըսեմ, որ Տա-Վինչին չունի «Խորհրդաւոր Ընթրիք» անունով գեղանկար: Գուցէ կայ «Խորհրդաւոր ընթրիք» անունով քառասուն չգիտեմ քանի մասով ինչ որ հայկական ֆիլմային շարք, որումէ պիտի չուզէի, որ ազդուած ըլլայ հինաւուրց Նայիրիան մեր ժողովուրդին ԱԺ-ի փոխնախագահը…: Իրականութեան մէջ, տեսերիզին մէջ ակնարկուածը կը վերաբերի Լեոնարտօ Տա-Վինչիի «Վերջին Ընթրիքը» անունով աշխարհահռչակ գեղանկարին, որուն մէջ, Աւետարանի հետեւողականութեամբ, պատկերուած է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ իր խաչելութենէ առաջ ունեցած նշանաւոր վերջին ընթրիքը իր աշակերտներուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի տեսերիզին մէջ նշուող եկեղեցիի անուան հետ կապուած ոչ-անպայման սիրուն կատակին, ապա պէտք է ըսեմ, թէ նշեալ դէպքը առաջին պարագան չէ, որ եկեղեցի մը կոչուի անոր շինութեան բարերարին երկնային հովանաւորը հանդիսացող Սուրբին անունով: Այստեղ առիթ է յիշեցնելու, որ մեր ժողովուրդը բարեպաշտ սովորութիւն ունի ծնունդը Սուրբի մը կամ սրբութեան մը տօնին զուգադիպող իր երեխային կոչել նշեալ սրբութեան անունով: Մեր ժողովուրդին մէջ քիչ չեն թիւով օրինակ Սարգիսները, որոնք եթէ մեծ հօր անունը չեն որ կը կրեն, ապա ամենայն հաւանականութեամբ ծնած են Ս. Սարգիսի տօնին շաբաթը: Ամենայնդէպս հաւանական է, որ պապիկը ծնած ըլլայ այդ զուգադիպութեամբ: Նոյնն է պարագան մեր Յարութիւններուն, Կարապետներուն, Մարիամներուն, կամ Յովհաննէսներուն: Հետեւաբար կատակելը, որ եկեղեցին կարող էր կոչուիլ Ս. Յովիկ, նուազագոյնին մէջ տեղին չէ, եւ իմ համեստ կարծիքով՝ անհամ կատակի մը սահմաններէն անդին չանցնիր…:
Ինչ կը վերաբերի սրբանկարին մէջ երեւան եկածին մասին ԱԺ-ին մէջ հնչած ծաղրանքին, ապա այստեղ յանուն արդարութեան պէտք է նշենք, որ տեսերիզին մէջ ծաղրանքի ենթարկուող երեւոյթը, միջազգային արուեստի պատմութեան մէջ այնքան ալ արտասովոր երեւոյթ չէ:
Միջնադարեան եւ բիւզանդացի գեղանկարիչները երբեմն իրենք իրենց անձը կը պատկերէին կրօնական սրբապատկերներու կամ եկեղեցական որմնանկարներու մէջ։ Անոնք կ’ընէին այս՝ իրենց դիմանկարները տեսանելի վայրին մէջ՝ որպէս երկրորդական կերպարներ ներառելով կամ պատկերելով իրենց՝ ծունկի եկած՝ տուեալ սուրբին ոտքերուն մօտ, մինչ գեղանկարիչը պատուիրատուներու դիմանկարները կամ ստեղծագործութեան համար վճարող անձը երբեմն կը պատկերէր փոքր չափերով՝ սուրբին կամ Մարիամ Աստուածածնին կողքին։ Սուրբ Ղուկասի (որ, ըստ աւանդութեան, առաջին գեղանկարիչն էր) պատկերը նկարող նկարիչները յաճախ սուրբին կ՛օժտէին իրենց իսկ դիմագիծերով։ Ըստ վկայութիւններու՝ Ճիոտտօ տի Պոնտոնէ, միջնադարեան իտալացի գեղանկարիչը իր դէմքը ներառած է Ֆլորենցիայի եւ Ասիզիի մէջ ստեղծուած որմնանկարներու բազմամարդ տեսարաններուն մէջ։ Յունաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի եկեղեցական նկարիչները երբեմն կ’աւելցնէին իրենց փոքր դիմանկարները եկեղեցիի յատակին մօտ կամ սիւնին ետեւը։
Սոյն պատմագիտական տեղեկութիւնները, գրութիւնս երկարելու գնով նշեցի այստեղ, պարզապէս ցաւ արտայայտելու համար, որ մեր «ազգընտիր» խորհրդարանի, տուեալ գումարման ներկայ պատգամաւորներէն եւ ոչ մէկը ըստ երեւոյթին ծանօթ էր միջազգային արուեստի հետ կապուած այս ընդհանուր գիտելիքին հետ, քանի որ ուղիղ եթերով իրենց հետեւող գոնէ իրենց ընտրողներուն օգտակար գիտելիք փոխանցելու համար չմիջամտեցին ԱԺ փոխնախագահի թեկնածուին, յիշեցնելու համար իրեն, որ իր պատմած դրուագը գրագիտութենէ զուրկ է ու քանի մը ծիծաղ կորզելէ անդին՝ ոչ մէկ օգտակարութիւն ունի հանրութեան:
ՅԳ. 1- Նշեմ թէ, այնտեղ երբեմն զարդի կարգավիճակով նստած, այսպէս կոչուած ընդդիմադիր պատգամաւորներէն շատերը, ըստ տեսերիզին, աւելի լիաթոք կը ծիծաղէին այն դրուագին վրայ, որ ուրիշ բան չէ բացի գրագիտութեան զիջումէն քաղաքական մրցակիցներ՝ այսինքն նաեւ ճիշտ իրենց ամեն գնով նսեմացնելու մարմաջով:
ՅԳ. 2 – Տեսերիզին մէջ նշուող նախկին պաշտօնեայ կամ բարերար Յովհաննէս Աբովեանին չեմ ճանչնար: Անունն իսկ լսած չէի այս տեսերիզը դիտելէ առաջ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






