spot_img

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Շնորհաւորագիրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ Վեհափառ Հայրապետին Ծննդեան 75-ամեակին առիթով

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ Վեհափառ Հայրապետին

Մայր Աթոռ, Ս. Էջմիածին

Վեհափա՛ռ Տէր,

«Զարթօնք» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, աշխատակազմի եւ մեր հաւատաւոր ընթերցողներու անունով, որդիական խոր ակնածանքով ու բերկրանքով կը շնորհաւորեմ Ձերդ Սրբութեան ծննդեան 75-ամեայ պատկառելի յոբելեանը:

Աւելի քան քառորդ դար Ձեր գահակալութեան ընթացքին, Դուք հայրապետական անխոնջ նուիրումով առաջնորդեցիք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ դիմագրաւելով պատմական բազում մարտահրաւէրներ: Ձեր հոգեւոր ու ազգային գործունէութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շէնացումն ու պայծառակերպումը, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան կեանքի մէջ հայապահպանման ու հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման ուղղուած Ձեր ջանքերը թանկագին աւանդ են մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Այս սրբազան յոբելեանի առիթով կը փափաքիմ անձնապէս վկայել, որ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան Ձեր անդուլ կեցուածքը վառ ապացոյցն է հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ հանդէպ սրբութիւններու ունեցած Ձեր նախանձախնդրութեան:

Այսօր, երբ մեր հայրենիքն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը գտնուին ճակատագրական ու տագնապալի օրերու մէջ, Ձեր հայրապետական մաղթանքներն ու Ամենակարողին ուղղուած հայցերը առաւել քան երբեք փարոս են մեր ազգային միասնականութեան եւ հաւատքի տոկունութեան համար:

Ջերմօրէն կը մաղթեմ Ձերդ Սրբութեան քաջառողջութիւն, երկար գահակալութիւն եւ կորովի կեանք՝ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն համայն հայութեան:

Մատչելով Ի Համբոյր Ձերդ Սրբութեան Սուրբ Աջոյն՝

Որդիաբար՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք» օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին