Մոնթրէալ, Մայիս 1, 2026
Վսեմաշուք Տիար Մարք Քարնի
Գանատայի Վարչապետ
Օթթաուա
Ուրախ եմ տեղեկանալու, որ Դուք պիտի այցելէք Երեւան, Հայաստան, մասնակցելու համար Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին: Մեր նախնիներու հողը՝ Հայաստան Ձեր առաջին այցելութեան առիթով կ՛ուզեմ իմ անձնական հպարտութիւնս եւ ուրախութիւնս, ինչպէս նաեւ անկասկած Գանատահայ մեր համայնքին գոհունակութիւնը Ձեր Վսեմութեան փոխանցել: ,
Որպէս իր գոյութեամբ՝ բացառիկ եւ տարածութեամբ՝ ընդարձակ Գանատայի երջանիկ եւ հպարտ քաղաքացիներ, նախ կը փափաքիմ սրտանց արտայայտել մեր երջանկութիւնը, որ ունինք բախտը վայելելու ձեր բացառապէս իմաստուն եւ ընդունակ ղեկավարութիւնը մեր երկրին, ներկայիս աշխարհի մէջ տիրող ամենաաղէտալի ժամանակներուն։ Այսպիսով, մենք կասկած չունինք, որ ձեր ներկայութիւնը Եւրոպական Համայնքի գագաթնաժողովին, կենսականօրէն օգտակար կ’ըլլայ բոլորին, եւ մենք ձեզ լիակատար յաջողութիւն կը մաղթենք այս կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Որպէս հայկական ծագումով Գանատացիներ, մենք նաեւ շատ հպարտ ենք տեսնելով, որ մեր Վարչապետը կ’այցելէ Հայաստան, բազմադարեան երկիր մը, որ ունեցած է, դժբախտաբար, շատ դժուար պատմութիւն մը, գտնուելով ամենադժուար աշխարհագրական դիրքին մէջ, որուն պատճառով ան դարերու ընթացքին միշտ պէտքը զգացած է պաշտպանել իր եզակի լեզուն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւիր հաւատքը որպէս պաշտօնապէս Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունած առաջին երկիր։
Այս անգամ, անխուսափելիօրէն ձեր կարճատեւ կեցութիւնը Հայաստանի մէջ, անշուշտ, թոյլ չի տար ձեզ լիովին վայելել այն ամէնը, ինչ Հայաստանը կրնայ ներկայացնել իր հարուստ մշակոյթի, իր անսասան հաւատքի եւ իւրայատուկ հիւրասիրութեան միջոցով։ Այնուամենայնիւ, հայկական ազգային խորհրդանիշի՝ վեհաշուք Արարատ լեռան տպաւորիչ հանդարտութիւնը, մօտակայ Սուրբ Էջմիածնի՝ աշխարհի հնագոյն Քրիստոնէական տաճարի օրհնութիւնները եւ իւրաքանչիւր հայի ջերմութիւնը անպայման ձեզ պիտի զգացնեն բարի գալուստ եւ ապահով կեցութիւն, այս կարճ ուղեւորութեան ընթացքին։
Խնդրեմ ընդունեցէք, պրն. Վարչապետ, իմ յարգալիր եւ ջերմագին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ մեր անկեղծ մաղթանքները Հայաստանի մէջ Ձեր բարեյաջող աշխատանքային կեցութեան։
Յարգանքներով,
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Member of the Order of Canada Շքանշանակիր
Գանատայի Հայոց Թեմի Պատուոյ Ատենապետ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան ԱՄՆ եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուակալ Անդամ
Ռ.Ա.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Նախագահ
ՄաքԿիլ Համալսարանի Հանգստեան կոչուած Փրոֆեսոր
Սեղմել այստեղ, կարդալու համար սոյն նամակին անգլերէն բնագիրը.






