ՀԲԸՄ-ի անդամները, աշխատակազմը, սկաուտական խումբերը եւ Հայորդյաց Տան սաները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։
Անոնք Միութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց եւ ծաղիկներ խոնարհեցուցին անմար կրակին առջեւ, որ կը յաւերժացնէ սուրբ նահատակներուն յիշատակը։
Միասնաբար բարձրանալով դէպի յաւերժական կրակը, ՀԲԸՄ-ականները վերահաստատեցին իրենց միասնութիւնն ու վճռակամութիւնը՝ պահպանելու պատմական ճշմարտութիւնը։












