spot_img

«Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»

Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2026-ին, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»-ի շաբաթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Միրվա եւ Վարուժ Նարկիզեան» սրահին մէջ: Հանդիպումը իր իւրայատուկ մթնոլորտով նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին:

Բացման խօսքը կատարեց հիմնարկի ընկերային ծառայող Ծովակ Քէօշկէրեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ապրիլ 24-ի խորհուրդը որպէս մեր հաւաքական յիշողութեան, ինքնութեան եւ շարունակական պայքարի խորհրդանիշ։ Ան տեսերիզի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Արարատ լեռ բարձրանալու իր փորձառութիւնը՝ նշելով, թէ ինչպէս 13 տարեկանին կատարած այդ վերելքը դարձաւ հաւատքի, տոկունութեան եւ ազգային պատկանելիութեան խոր իմաստ ունեցող ուղի մը։

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Բանախօսը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ հայապահպանումը եւ հայութեան ճակատագրին տէր կանգնելու առաջադրանքը համազգային պարտականութիւն է։ Ան ընդգծեց, որ այս պատասխանատուութիւնը չի սահմանափակուիր միայն եկեղեցիներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, այլ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայու եւ հայ ընտանիքի որպէս համազգային կոչում եւ հաւաքական պարտաւորութիւն։

Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութի՝ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայ դատի պահանջատիրական երթին, ինչպէս նաեւ Արցախեան գոյապայքարին մէջ ունեցած հսկայական ներդրումին: Ան շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած այս ճակատագրորոշ փուլին անհրաժեշտ է ազգովին աշխատիլ՝ պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ յաղթանակի նոր ուղի հարթելու համար։ Բանախօսը կենսական նկատեց հայեցի, նորահաս եւ ազգային շունչով տոգորուած սերունդներու կազմաւորման գործին մէջ հայ մօր անփոխարինելի դերակատարութիւնը:

Իր հերթին, Ճինիշեան հիմնարկի Լիբանանի տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան շարունակեց նոյն գաղափարը՝ ընդգծելով, որ հայապահպանումը կը կերտուի մեր կեանքի ամէնօրեայ փոքր բայց նշանակալի ընտրանքներով։ Ան նշեց, որ այս առաքելութիւնը կը սկսի մեր տուներէն, կը շարունակուի մեր խօսած լեզուով, մեր լսած ու փոխանցած երգերով, մեր կրթական միջավայրով եւ մեր դաւանած արժէքներով։ Այսպիսով, իւրաքանչիւրս իր դերակատարութեամբ կը դառնայ մեր ազգային ինքնութեան պահապանը։

Յայտագիրը առաւել եւս հարստացուցին մշակութային կատարումները։ Երաժշտական գեղեցիկ մեկնարկը ապահովեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտուհի Նարին Խտըրեան՝ Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր» ստեղծագործութեան ջութակի կատարումով, որմէ ետք հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Ռոզալինա Պօղոսեան՝ ստեղծելով յուզումնախառն եւ խոր զգացումներով լեցուն մթնոլորտ։

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ միասնութեան եւ նուիրումի ոգիով՝ վերահաստատելով այն յանձնառութիւնը, որ մենք կը շարունակենք կանգուն մնալ մեր առաքելութեան մէջ, հաւատարիմ մեր յիշողութեան եւ վստահ քայլերով կերտել մեր ապագան՝ ամուր կառչած մեր արմատներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին