Սոյն յօդուածը՝ «Միջնադարեան հայ վանականին աղերսը՝ գայթակղութեան ստուերներու եւ շնորհի լոյսին միջեւ» խորագրով, կը ներկայացնէ Հայ եկեղեցւոյ հանգստեան ժամերգութեան մէջ պահպանուած «Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր…» աղօթք-աղերսը, որ հայոց հոգեւոր-եկեղեցական ժառանգութեան բացառիկ գոհարներէն մին է։
Ի տղայի տիոց միշտ հիացած եմ այս աղօթքին վրայ, եւ ամէն անգամ երբ զայն արարողութիւններու ընթացքին ունկնդրած կամ հետագային ինքս փակեալ խորանին առջեւ երգած եմ, խորապէս զգացած եմ անոր ներգործող գեղեցկութիւնն ու հոգեւոր զօրութիւնը։ Ան քրիստոնէական հոգեւորութեան վառ արտայայտութիւններէն մէկն է, որ կը վկայէ, թէ աղօթքը լոկ խնդրանք կամ ակնկալիք մը չէ, այլ մարդու ամբողջ էութեան ձգտումն է առ Աստուած։ Այստեղ կը բացայայտուի Արարիչին եւ արարածին միջեւ այն կենսական յարաբերութիւնը, ուր մարդը, իբրեւ սահմանափակ եւ կարիքաւոր էակ, կը դառնայ ընկալունակ աստուածային շնորհքին։
Այս աղերսին մէջ կը խտանան մարդու անհանգիստ սրտին որոնումը, խաղաղութեան տենչն ու փրկութեան յոյսը՝ յայտնելով, թէ իր ճշմարիտ հանգիստը միայն Աստուծոյ մերձաւորութեան մէջ կը գտնուի։ Այսպիսով աղօթքը կը դառնայ ներքին վերափոխութեան ուղի, որ կ’առաջնորդէ մարդը դէպի իր կեանքի եւ գոյութեան խորագոյն իմաստի բացայայտումը։
Հոգեւորութիւնը կ’ընդգրկէ եկեղեցական կեանքի բոլոր ոլորտները։ Ան իր գերազանց արտայայտութիւնը կը գտնէ յատկապէս Եկեղեցւոյ պաշտամունքային կեանքին, այսինքն՝ սուրբ պատարագի, խորհրդակատարութեանց, ժամապաշտութեանց եւ աղօթասացութեան մէջ։ Այս սրբազան արարողութիւնները պարզապէս հաւատքի վերացական անդրադարձներ չեն, այլ ամէնօրեայ ապրուած իրականութիւններ։ Այսպիսով սուրբ պատարագն ու եկեղեցական միւս արարողութիւններէն ամէն մէկը առանձին-առանձին տօնախմբութիւններ են, որոնց միջոցով հաւատաւոր մարդը կը հանդիպի իր հաւատքին սեւեռակէտը հանդիսացող Քրիստոսի հետ՝ աղօթքով, խօսքով ու զանազան խորհրդանշաններով։ Այս իրողութիւնը յատկապէս խտացած է Եկեղեցւոյ եօթ սրբազան խորհուրդներուն՝ մկրտութեան, դրոշմի, ապաշխարութեան, հաղորդութեան, ձեռնարդութեան, պսակի եւ հիւանդաց կարգի կամ վերջին օծումի արարողութեանց իրականացման մէջ. անոնք աստուածային անտեսանելի շնորհքի տեսանելի նշաններ են, որոնց միջոցով կրօնազգած մարդը մասնակից կը դառնայ Քրիստոսի փրկարար եւ վերափոխող զօրութեան։
Ի դէպ պէտք է ըսել, որ նշուած սրբազան խորհուրդներուն եօթը թիւը Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ դպրոցական (scholastic) աստուածաբանութեան շրջանակներէն ներս միայն միջնադարուն սահմանուեցաւ, իսկ սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիով ԺԴ.-ԺԵ. դարերուն ան տեղ գտաւ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան մէջ։ Մինչդեռ, իսկութեան մէջ, անոնց թիւը շատ աւելի է, եւ բոլորն ալ անտեսանելի խորհուրդներու տեսանելի նշաններ են ու կը վկայեն Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աստուածային առատազեղ շնորհներու առկայութեան մասին՝ ծառայելով մարդու փրկութեան նպատակին։
Հոգեւորութիւնը նաեւ առանձնապէս կ՚արտայայտուի աղօթքին մէջ՝ թէ՛ անձնական եւ թէ՛ համայնքային իմաստով։ Աղօթքին մէջ մարդը Աստուծոյ հետ կը մտնէ կենդանի երկխօսութեան մէջ՝ գոհութեամբ, փառաբանութեամբ, ողբով եւ աղերսով։ Յատկապէս ժամերգութեանց մէջ կը պարզուի, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ կեանքն ու ժամանակը ինքնին ձեւաւորուած եւ ներթափանցուած են Աստուծոյ ներկայութեան խորհուրդով։
Հայց. առաք. եկեղեցին ունի հարուստ եւ բազմակողմանի հոգեւոր աւանդոյթ։ Սոյնը առաւելապէս դրսեւորուած է իր ծիսակարգին, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ պաշտամունքներուն մէջ, ինչպիսիք են գիշերային, առաւօտեան, արեւագալի, ճաշու (երրորդ, վեցերորդ եւ իններորդ ժամերու համար), երեկոյեան, խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւնները։ Ժամանակի այս կառուցուածքը կ’արտացոլացնէ աստուածաբանական այն ըմբռնումը, որ եկեղեցական կեանքին մէջ ժամանակը ինքնին սրբագործուած երեւոյթ մըն է։ Օրուան իւրաքանչիւր հատուածին կը հաղորդուի հոգեւոր նշանակութիւն եւ ան կը կապուի Աստուծոյ հետ։ Այսպիսով՝ կեանքի առօրեան չի վերանար, այլ կը ներթափանցուի ու կը փոխակերպուի Աստուծոյ պարգեւած շնորհներով։
Եկեղեցական ժամապաշտութիւնները կազմուած են սաղմոսներէ, աղօթքներէ, Հին եւ Նոր կտակարաններէն քաղուած ընթերցումներէ, օրհնութիւններէ, քարոզներէ, գովաբանութեան եւ բարեխօսութեան քարոզներէ, ինչպէս նաեւ շարականներէ, տաղերէ ու մեղեդիներէ, որոնք հաւատացեալներուն կը հաղորդեն հոգեւոր սնունդ եւ կ’ուղորդեն զիրենք վարելու իրենց քրիստոնէավայել կեանքի առօրեան։ Այս արարողակարգերուն մէջ կը խտանայ հաւատացեալ բազմաթիւ սերունդներու փորձառութիւնը։ Անոնք միայն անհատական բարեպաշտութեան արտայայտութիւններ չեն, այլ միաժամանակ մաս կը կազմեն ազգի մը հաւաքական յիշողութեան, ուր քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնը կոփուած է պատմութեամբ եւ հաստատուած՝ ձեռք բերուած մշակութային ժառանգութեամբ։
Թէեւ նշուած ժամերգութիւնները,– որոնք բաշխուած էին օրուան ինը ժամերուն վրայ,– անցեալին լիարժէքօրէն ամէն օր եւ առանց բացառութեան կը կատարուէին՝ մանաւանդ անապատներէ եւ վանական միաբանութիւններէ ներս, ժամանակի հոլովոյթին մէջ ենթարկուեցան որոշակի փոփոխութիւններու։ Այսօր գործնական նկատառումներէ մեկնելով Հայ եկեղեցին կանոնաւոր կերպով կ’իրականացնէ գիշերային, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւնները, մինչդեռ արեւագալի, խաղաղական եւ հանգստեան արարողութիւնները սովորաբար կը կատարուին Մեծ պահքի շրջանին՝ ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն։ Ճաշու երեք ժամերգութիւնները նոյնպէս կը կատարուին Մեծ պահքի միջոցին՝ սկսելով առաջին չորեքշաբթի օրէն մինչեւ Աւագ հինգշաբթի, ապա սուրբծննդեան եւ Զատկի ճրագալոյցներուն։ Հոս պէտք է նշել, որ հակառակ այս փոփոխութիւններուն, այս ոգեշնչող ժամերգութիւններուն բովանդակային նշանակութիւնը կը մնայ անփոփոխ՝ օրուան հաղորդելով մասնաւոր կառուցուածք, իսկ կեանքին՝ հոգեւոր կարգ։
Վերոնշեալ ժամերգութիւններէն յատկապէս տպաւորիչ է հանգստեան արարողութիւնը։ Ինչպէս վերոգրեալ յիշուեցաւ, ան կը կատարուի Մեծ պահքի ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու երեկոյեան ժամերուն՝ խաղաղական ժամերգութենէն անմիջապէս ետք։ Ըստ աւանդութեան՝ այս ժամերգութեան աւարտին աւագերէց հոգեւորականը կը կանգնի վարագոյրով ծածկուած խորանին (փակեալ խորան) առջեւ եւ միջնադարեան հաւատաւոր հայ վանականին բառերով ու դարերու խորքէն աւանդուած սրտայոյզ մեղեդիով կ’երգէ «Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր»[1] աղերսը՝ Աստուծմէ խնդրելով մեղաց թողութիւն, օրհնութիւն, պաշտպանութիւն եւ խաղաղութիւն։ Այս ջերմեռանդ աղերսին մէջ ի յայտ կու գայ մարդկային գոյութեան ամբողջ լարուածութիւնը՝ մեղքի ծանրութեան տակ մղած ապարդիւն գոյապայքարը ընդդէմ իր մահկանացու բնութեան եւ սահմանափակ կարողութիւններուն։ Բայց միաժամանակ այստեղ կը բացայայտուին մարդու՝ ներդաշնակութեան եւ կատարելութեան հասնելու խոր տենչը, խաղաղութեան ծարաւը եւ Աստուծոյ մերձաւորութեան մէջ մնալու աննահանջ յոյսը։
Այս աղերսը, ահաւասիկ, մեզի կու տայ ամբողջական պատկերացում մը քրիստոնէական հոգեւորութեան էութեան մասին։ Ան մարդ արարածը չի ներկայացներ որպէս ինքնաբաւ եւ իր գոյութիւնը առանձնապէս իր կարողութիւններով ձեւաւորող «ճարտարապետ» մը, այլ էակ մը, որ միանշանակ կարօտ է աստուածային շնորհքին։ Իմաստասիրական առումով՝ այստեղ կը բացայայտուի մարդկային ինքնաբաւութեան սահմանը․ մարդը ի վիճակի չէ ինքզինք փրկելու իր սեփական ուժերով։ Աստուածաբանական իմաստով, սակայն, այս սահմանը փաստ մը չէ թերութեան, այլ Աստուծոյ հետ կապի մէջ մնալու հնարաւորութիւն։ Սոյն յարաբերութեան մէջ մարդը կը դառնայ ընկալունակ հանդէպ այն շնորհին, զոր չի բխիր իրմէ եւ ինք ամենեւին չի կրնար ձեռք բերել զայն իր սեփական ուժերով։ Ան Աստուծմէ կը շնորհուի որպէս շնորհ ի վերայ շնորհաց, կեանք եւ առաւել եւս կեանք։
Այսպիսով, միջնադարու հայ վանականը իր աղերսով կը բացայայտէ մարդկային գոյութեան մասին խոր ճշմարտութիւն մը։ Ան անհատ մարդուն կեանքի իրավիճակը կը կապէ երկնային իրականութեան եւ յոյսի հետ։ Այստեղ ժամանակի եւ յաւերժութեան, վախի, երկիւղի եւ վստահութեան, մեղքի եւ փրկութեան միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւնը չի չքանար, այլ խորազգած ապրումներով ու հաւատքով կը ներկայացուի Աստուծոյ ողորմածութեան։ Ահաւասիկ ճիշդ այստեղ ամբողջութեամբ հասկնալի կը դառնայ առկայ աղերսին մնայուն նշանակութիւնը։
Արդ ներհայեցողաբար հետեւինք հանգստաեան ժամերգութեան վերջաւորութեան հնչող այս աղերսի հոգեւոր իմաստին ու գոյաբանական խորութեան՝ ուշադիր ընթերցելով աւանդուած ամբողջական աղերսը իր գրաբար բնագրով եւ արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ.
«Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր, որ պարգեւեցեր զօրս զայս բարեաւ եւ խաղաղութեամբ անցուցանել:
Մարդասէր Աստուած զառաջակայ գիշերս, որ ի վերայ մեր գալոց է, ի մեղաց փրկեա, ի չարեաց ազատեա, եւ ի գործս բարիս առաջնորդեա:
Առաւօտու օրհնութեանցն եւ փառաբանութեանցն արժանի արա զամենայն հաւատացեալս անուանդ քում սրբոյ եւ պահեա ի խաղաղութեան:
Տէր Աստուած մեր, տուր զքո խաղաղութիւնդ ամենայն աշխարհի, բարձ զցասումն եւ զպատուհասն ի յարարածոցս:
Ողորմեա հարց եւ եղբարց մերոց կենդանեաց եւ հանգուցելոց:
Ողորմեա զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց եւ այնոցիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ:
Տէր Աստուած, օգնեա թագաւորացն քրիստոնէից եւ իշխանացն բարեպաշտից, զօրաց եւ զաւակաց նոցին պահելով ի խաղաղութեան:
Տէր Աստուած մեր, պահեա զառաջնորդս եւ զեղբայրութիւնս մեր ամբողջ եւ անխռով ի կամս ողորմութեան քոյ:
Նշանաւ սուրբ եւ պատուական խաչիւ քոյ հալածեա զերեւելի եւ զաներեւոյթ թշնամին ի սահմանաց մերոց եւ ի բնակութենէս մերմէ:
Փրկեա զմեզ ի հրոյն յաւիտենից. եւ քեզ փառք յաւիտեանս. ամէն»:
«Փա՜ռք քեզ, Տէ՛ր Աստուած մեր, որ պարգեւեցիր այս օրը բարով եւ խաղաղութեամբ անցընել:
Մարդասէ՛ր Աստուած, յառաջիկայ գիշերը, որ մեր վրայ պիտի գայ, մեղքերէ փրկէ՛, չարէն ազատէ՛ եւ բարի գործերու առաջնորդէ:
Առաւօտեան օրհնութեանց եւ փառաբանութեանց արժանի ըրէ Քու սուրբ անուան բոլոր հաւատացողներս եւ պահէ՛ խաղաղութեան մէջ:
Տէ՛ր Աստուած մեր, տո՜ւր Քու խաղաղութիւնը ամբողջ աշխարհին եւ վերցո՜ւր ցասումը եւ պատուհասը Քու արարածներէն:
Ողորմի՛ր մեր հայրերուն եւ եղբայրներուն` ողջերուն եւ հանգուցեալներուն:
Ողորմի՛ր եկեղեցի կառուցողներուն, բարերարներուն, բարիք պարգեւողներուն, սպասաւորներուն եւ սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ հանգուցեալներուն:
Տէ՛ր Աստուած, օգնէ՛ քրիստոնեայ թագաւորներուն եւ բարեպաշտ իշխաններուն` անոնց զօրքերն ու զաւակները պահելով խաղաղութեան մէջ:
Տէ՛ր Աստուած մեր, Քու կամքի ողորմութեամբ անվնաս եւ անխռով պահէ՛ մեր առաջնորդներն ու [վանական] եղբայրութիւնները [միաբանութիւնները]:
Սուրբ եւ պատուական խաչիդ նշանով մեր սահմաններէն եւ բնակութեան վայրէն հալածէ՛ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամին:
Փրկէ՛ մեզ յաւիտենական հուրէն եւ քեզի փա՜ռք յաւիտեանս. ամէն»:
Վերոգրեալը, ինչպէս արդէն նշուեցաւ, Հայ եկեղեցւոյ խաղաղական ժամերգութեան անբաժան մէկ մասը կը կազմէ ու կը դրսեւորէ միջնադարեան խորհրդապաշտութեան առինքնող գեղեցկութիւնը։ Անոր մէջ կը խտանայ քրիստոնէական հոգեւորութեան հիմնական ատաղձը՝ ներկայացնելով կուռ, անձնական եւ միաժամանակ տիեզերական դիմում մը առ Աստուած։ Արդարեւ, ան բարեպաշտութեան եզակի արգասիք մըն է, որ ցերեկէն գիշեր, առօրեայ արտաքին գործունէութենէ դէպի ներքին ինքնամփոփում, ժամանակաւորէն դէպի յաւիտենութիւն կը հրաւիրէ կրօնազգած մարդը՝ տալով ճշմարիտ աստուածպաշտութեան կենդանի վկայութիւն մը։
Աստուծոյ ուղղուած փառաբանական նախաբանն իսկ արդէն կ’ուրուագծէ կրօնական հիմնարար սկզբունք մը. անցնող օրը կ’ընկալուի ոչ իբրեւ ինքնին տրուած բնական երեւոյթ մը, այլ գերազանցապէս աստուածային պարգեւ։ Այստեղ ժամանակի ընկալումը ժամերու եւ վայրկեաններու յաջորդական շարունակականութիւն չէ, այլ շնորհքի տարածք։ Աստուծոյ փառք տալով՝ օրը «բարեաւ եւ խաղաղութեամբ» անցընելուն համար, աղօթասաց վանականը ինքնաբերաբար կ’ընդունի իր սեփական ուժերուն սահմանափակ ըլլալու փաստը, նաեւ իրեն հանդէպ Տիրոջ ցուցաբերած աստուածային հոգատարութիւնը։ Այսպիսով երեկոն կը դառնայ ոչ միայն լուռ ներամփոփումի պահ մը, այլեւ հոգեւոր ինքնահայեցողութեան եւ հաշուետւութեան ժամադրավայր։
Վրայ հասնող գիշերուան հետ ի յայտ կու գայ ուրիշ հիմնական նիւթ մը. գիշերը ոչ միայն օրուան բնական մէկ մասն է, այլ բազմակողմանի խորհրդանիշ։ Ան կը խորհրդանշէ անդորրութիւն եւ հանգիստ, բայց նաեւ անորոշութիւն, անապահովութիւն, փորձութիւն եւ մերձաւորութիւն հանդէպ անծանօթին ու անյայտին։ Հոս պէտք չէ մոռնալ սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Նայեաց սիրով» շարականի «Փրկեա՛ զանձինս ի փորձանաց ի խաւարի շրջող դիւաց» արտայայտութիւնը։ Ուստի այս եկդիմի իրավիճակին մէջ, ուր մէկ կողմէ հանգիստ ու խաղաղութիւն կ’ընձեռէ, սակայն միւս կողմէ՝ չարէն փորձուելու գայթակղութիւն, իր անձը Տիրոջ ողորմածութեան յանձնած վանականը իր մեղքերու քաւութեան համար թողութիւն եւ չարի փորձութենէն պահպանութիւն կը հայցէ։ Այսպիսով մարդ արարածը այստեղ կ’ընկալուի իբրեւ էակ մը, որ միանշանակ Աստուծոյ օգնութեան կը կարօտի՝ ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ ներքնապէս վերանորոգուելու համար։ Յատկանշական է, որ այս բացառիկ աղերսը չարի փորձութեան դէմ ընդամէնը պաշտպանութիւն խնդրելով չի սահմանափակուիր, այլ հոգեւին հանդէս կու գայ դրական կոչով՝ «բարի գործեր» իրականացնելու յանձնառութեամբ։ Քրիստոնէական կեանքը այստեղ կը հասկցուի իբրեւ կենսայորդ ընթացք՝ հրաւէր մը վճռականապէս հրաժարելու մեղքերէ եւ ուղղելու թէ՛ անձնական եւ թէ՛ համայնքային գործունէութիւնը՝ բարեգործութեանց իրականացումով։
Արդարեւ, ինքնաբաւ հաւատքը եւ անձնակեդրոն ապաշխարութիւնը չեն կրնար փրկութեան երաշխիք դառնալ, եթէ անոնք չեն արգասաւորուիր պատուաստուելով եղբայրասիրութեան եւ բարեգործութեան պտուղներով։ Հետեւեալը կեդրոնական նիւթ մըն է քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, որուն գերազանց դրսեւորումներէն մին կը հանդիսանայ, ահաւասիկ, նաեւ միջնադարու հայ վանականին առկայ աղերսը։
Սոյնը ստէպ կը գերազանցէ անհատականին սահմանները։ Ան կ’ընդարձակուի՝ դառնալով բարեխօսութիւն, որ իր մէջ կը ներառէ բոլոր հաւատացեալները եւ անոնցմէ անդին՝ ամբողջ արարչութիւնը։ Այս ընդլայնումը կը բացայայտէ եկեղեցաբանական բացառիկ ընկալում մը, թէ անհատը երբեք մեկուսացած կանգնած չէ Աստուծոյ առջեւ, այլ միշտ իբրեւ նոյնարժէք անդամը աւելի մեծ համայնքին, որ համախմբուած է Տիրոջ Խորհուրդին եւ Անոր փրկարար ներկայութեան առջեւ։
Արդարեւ, քրիստոնէական ըմբռնումով հաւատքը երբեք զուտ անձնական ձեռնարկ չէ։ Մարդը Աստուծոյ առջեւ չի ներկայանար որպէս մեկուսացած անհատ, այլ միշտ իբրեւ աւելի մեծ համայնքի կամ հաւաքականութեան մէկ մասը՝ Եկեղեցւոյ, իր մերձաւորներուն եւ նոյնիսկ ամբողջ արարչութեան առնչութեամբ։ Անոր աղօթքը, կեանքն ու փրկութիւնը կապուած են ուրիշներու հետ, այնպէս որ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ «ես»-ը միշտ կը ներառէ նաեւ «մենք» հասկացութիւնը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ ճշմարիտ հաւատքը չի կրնար սահմանափակուիլ լոկ ներքին ապրումով, այլ պայմանականօրէն կը դրսեւորուի համայնքային կեանքով, բարեխօսութեամբ եւ մերձաւորներուն հանդէպ գործնական սիրով։
Միջնադարեան հայ վանականի առկայ աղերսին մէջ առանձնապէս տպաւորիչ է նաեւ ներգրաւուածութիւնը ողջերուն եւ հանգուցեալներուն, որոնք միասնաբար կը յանձնուին Աստուծոյ ողորմածութեան։ Այստեղ զգալի կը դառնայ մահէն այն կողմ գոյութիւն ունեցող քրիստոնէական համայնքը, որ ներկայութեան կը վերածուի այս աղերսին մէջ։
Ի դէպ, այս առնչութեամբ հարկ է նկատի ունենալ Եկեղեցւոյ այն վարդապետութիւնը, որ ան յաղթական եւ զինուորեալ եկեղեցիներու միասնութենէ կազմուած է՝ անդենական սուրբերու եւ ասդենական հաւատացեալներու ողջ բազմութեամբ։ Դարեր շարունակ Քրիստոսով յաղթանակած սուրբերը՝ յաղթական Եկեղեցին, սիրոյ անընդհատ հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի զինուորեալ Եկեղեցիին հետ, իսկ այդ հաղորդակցութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը աղօթքն է, որուն նաեւ կ’անդրադառնայ հանգստեան ժամերգութեան մէջ հնչող այս աղերսը։
Ամբողջ աշխարհի համար խաղաղութեան հայցը կը կազմէ առկայ աղերսին մէկ այլ գագաթնակէտը։ Որքա՜ն ժամանակահունչ կը հնչէ ան այս օրերուն, երբ այսօրուան աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ բռնկած պատերազմները զանգուածային կործանումներու եւ բիւրաւոր անմեղներու մահուան ու ամբողջ ընտանիքներու, նոյնիսկ ժողովուրդներու ոչնչացման պատճառ կը դառնան։ Սակայն խաղաղութիւնը այստեղ չի հասկցուիր իբրեւ լոկ հակամարտութեան բացակայութիւն, այլ իբրեւ կարգ ու կանոնի եւ հաշտութեան համապարփակ իրավիճակ։ Ան կը ներառէ թէ՛ մարդը եւ թէ՛ ամբողջ արարչութիւնը՝ արտայայտելով փրկութեան խոր տենչ մը, որ կը գերազանցէ զուտ քաղաքականութեան սահմանները։ Այս համաթեքսթին մէջ կը յայտնուի նաեւ իշխողներու, քաղաքական գործիչներու, նաեւ պատասխանատու անձանց համար բարեխօսութիւնը։ Ան կը վկայէ այն գիտակցութիւնը, որ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը ոչ միայն անհատական, այլեւ հասարակական տարողութիւն ունին, որոնք միանշանակ կարիքն ունին աստուածային առաջնորդութեան։ Խաղաղութիւնը կ’իրագործուի միայն արդարութեան հիմքին վրայ։ Իսկ անոր վերջին երաշխաւորը մարդը չի կրնար ըլլալ, այլ բացառապէս Աստուած։
Աղերսին առանձնայատուկ տարրերէն մէկն ալ հոգեւոր պայքարի նիւթն է։ «Երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամին» հեռացնելու հայցը կը մատնանշէ աշխարհընկալում մը, ուր չարը իր կործանարար դրսեւորումը կը գտնէ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին կերպարանքներով։ Մարդը կը գտնուի մշտական պայքարի մէջ, զոր չի կրնար յաղթահարել միայն իր սեփական ուժերով։ Այս խորապատկերին վրայ խաչը կը յայտնուի իբրեւ Քրիստոսի մեղսաքաւիչ արեամբ սրբագործուած փրկարար նշան։ Ան միայն տառապանքի խորհրդանիշ չէ, այլ նաեւ չարի ուժերուն դէմ եւ մահու զօրութեան վրայ Քրիստոսի հարաշափառ յարութեան խորհուրդով իրականացած յաղթանակ։ Քրիստոնեան կը հաւատայ, որ խաչին միջոցով կործանած են դժոխքն ու խաւարի իշխանութիւնը, սակայն ոչ բռնութեամբ, այլ Փրկիչին անձնուիրութեամբ ու սիրով։
Հանգստեան ժամերգութենէն քաղուած աղերսին եզրափակիչ մասը մեր հայեացքը կ’ուղղէ դէպի վերջնական իրականութիւն։ «Յաւիտենական հուրէն» փրկուելու պաղատանքը կը գերազանցէ մեր ներկայ գոյութեան սահմանները եւ զայն կը դիտարկէ վախճանաբանական հոգեւոր ընկալումով։ Մարդկային կեանքը այստեղ կը ներկայացուի իբրեւ ուղեւորութիւն մը դէպի վերջնական նպատակակէտ, որ գերազանցապէս գերիվեր է մարդկային նիւթական յարաբարութիւններու ոլորտէն՝ անցնելով աստուածային մերձաւորութեան եւ շնորհքի իրականութեան մէջ։ Ահաւասիկ, այսպիսով, աղերսը իր գագաթնակէտին կը հասնի փառաբանութեամբ՝ «Եւ Քեզ փա՜ռք յաւիտեանս. ամէն»։
Մարդկային բոլոր աղօթքներն ու յոյսերը, ի վերջոյ, իրենց գագաթնակէտին կը հասնին Աստուծոյ փառաբանութեամբ, քանի որ հոն տեսանելի կը դառնան հաւատքի իսկական իմաստն ու նպատակը։ Հարցը միայն այն չէ, որ Աստուած կը կատարէ մեր ցանկութիւնները։ Այո՛, խնդրանքն ու յոյսը աղօթքի անբաժանելի տարրերն են, բայց անոնք չեն կազմեր անոր էական հիմքը։ Վերջապէս ամէն ինչ կ’առաջնորդէ մարդը զԱստուած փնտռելու եւ զԱյն ճանչնալու նպատակին։
Ճշմարիտ աղօթքին ու փառաբանութեան մէջ մարդը այնուհետեւ չի կեդրոնանար այն ցանկութեան վրայ, թէ ինք ինչ կը խնդրէ եւ կամ ինչ կ’ուզէ ստանալ, այլ բովանդակ ինքնանուիրումով կ’ուղղուի դէպի Աստուած՝ միայն ու միայն անձկայրեաց բաղձալով համակ միանալ Անոր հետ, սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անզուգական բառերով՝ «Կապեալ ընդ շնորհիդ ի քեզ միանալ անբաժանելի»[2]։
Մարդը իր գոյութեան վերեւ կը ճանչնայ Աստուծոյ մեծութիւնը, իրեն հանդէպ ունեցած Անոր անսպառ սէրը, բարութիւնն ու իր կեանքին մէջ անընդմիջելի ներկայութիւնը։ Այսպիսով ակնյայտ կը դառնայ հաւատքի խորագոյն իմաստը Աստուծոյ հետ այն յարաբերութեան, որ կը բնորոշուի ոչ թէ պարզապէս Իրմէ ինչ-որ բան խնդրողի, ընդունողի կամ ստացողի կարգավիճակով, այլ Իր ներկայութեան միացողի եւ Իր շնորհին մէջ յաւիտենապէս փրկուողի գոյավիճակով:
Իր ամբողջութեան մէջ այս աղերսը կ’արտացոլացնէ հոգեւոր զգայուն ներաշխարհ մը, ուր կը համատեղուին երախտագիտութիւնն ու աղաչանքը, անձնական բարեպաշտութիւնն ու տիեզերական հեռանկարը, ներկան ու յաւերժութիւնը։ Յատկապես Մեծ պահքի շրջանին, ինչու չէ նաեւ այլ առիթներով, ան կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ դառնալով իսկական ապաշխարութեան, զգօնութեան եւ վստահութեան դպրոց։ Աղօթող մարդը կը սորվի ինքզինք ազատել առօրեայ կեանքի նիւթական ու բարոյական բոլոր տեսակի բեռներէ, տարաբնոյթ հոգերէ ու պայմանաւորուածութիւններէ, եւ իր ամբողջ էութեամբ կը յանձնուի Աստուծոյ՝ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր երեկոյ վերջնական անցումի նախապատկեր մըն է, իսկ իւրաքանչիւր առաւօտ՝ աստուածային շնորհքի նոր պարգեւ մը։
Արդարեւ, միջնադարեան հայ վանականին այս սրտեռանդ աղերսը հանդէս կու գայ ժամանակի բոլոր սահմանները գերազանցող մնայուն պատգամով մը․ ան կ’առաջնորդէ հաւատաւոր մարդը դէպի խոնարհութեան, յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան կենսաձեւի՝ կեցուածք, որ կը ներթափանցէ առօրեային մէջ եւ միաժամանակ զայն կը բարձրացնէ երկրաւորէն դէպի երկնաւոր, ժամանակաւորէն դէպի յաւիտենական, նիւթականէն դէպի վերազանցական իրականութիւն։
Մարդ արարածը ներքուստ մշտապէս անհանգիստ է՝ լեցուն որոնումով եւ իր գոյութեան իմաստը բացայայտելու տենչով։ Այս անհանգստութիւնը կը խաղաղի միայն այն ժամանակ, երբ ան կը գտնէ իր միութիւնը գերագոյն ճշմարտութեան հետ՝ այն սկզբնաղբիւրին, որ բուն իմաստն է կեանքին եւ հիմքը բոլոր գոյերուն։ Արդարեւ, միայն Աստուծոյ մշտական մերձաւորութեան եւ անմիջական յարաբերութեան մէջ է, որ մարդը կը գտնէ իր իսկական «ես»-ը, բովանդակ ինքնութիւնը եւ լիարժէք ամբողջականութիւնը։
Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Պաթոն Ռուժ, 12 ապրիլ 2026
Նոր կիրակի կամ Կրկնազատիկ
[1] Տե՛ս «Ժամագիրք», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 1980, էջ 266։
[2] Գրիգոր Նարեկացի, «Մատեան ողբերգութեան», Բան ԻԴ.






