Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան հայ աւագ հոգեւորականներէն է, որոնցմէ չորսը բանտարկուած են Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ։ Բանտէն ան կը շարունակէ հորդորել Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ անսասան մնայ։
Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան, Հայաստանի ամենաշատ յարգուած հոգեւորականներէն մէկը, որ ինչքանով, որ յայտնի է իր նուիրումովը Շիրակի թեմի իր հօտին, նոյնքան ալ իր կտրուկ քննադատութիւններովը հասարակութեան եւ վերնախաւին հանդէպ։
Ծնած 1963-ին Հայաստանի երկրորդ քաղաքը հանդիսացող՝ Գիւմրիի մէջ, ան աւարտած է Գէորգեան Ճեմարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 1987-ին, որմէ ետք ան մասնակիցըդարձած է Եկեղեցւոյ արձագանգին 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին։ Աջապահեան շարունակած է ստանալ Արեւելեան Եկեղեցական Գիտութիւններու իր վարպետութեան աստիճանը 1997-ին, Հռոմի Պապական Ուղղափառ Ինստիտուտէն։
Աջապահեանի ծառայութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տարաւ զինք Արցախէն մինչեւ Հնդկաստան, եւ վերջապէս ետ դարձաւ իր տան հօտին՝ Գիւմրի, ուր ան կը ծառայէ որպէս Շիրակի Թեմի Առաջնորդ 2001-էն ի վեր։
Այսօր ան նստած է բանտի ճաղերուն ետին։
62-ամեայ Սրբազանը կը կրէ երկու տարուան պատիժ մը, որ տրուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հաւատարիմ դատաւորի մը կողմէ 3 Հոկտեմբեր 2025-ին։
Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, ան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ։ Այնուամենայնիւ, դատախազները կը ձգտին աւելցնել իր բանտարկութեան ժամանակը եւս վեց ամսով։
Դատախազի «շրջադարձ»-ը
2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) պատերազմի ահաւոր աւարտի պահէն ի վեր, Աջապահեան բացայայտօրէն յայտարարած է, որ Հայաստանի զօրավարները պէտք է զինուորական յեղաշրջում մը իրականացնեն, որպէսզի փրկեն ազգը։
«Այն ժամանակ, երբ այդ հիւանդագինը՝ խմած վիճակի մէջ, կը յայտարարէր, որ ոչ ոք պէտք է կասկածի իր կարողութեան վրայ՝ գերագոյն հրամանատար ըլլալու, ես ըսի, որ զինուորական յեղաշրջում մը հարկաւոր էր։ Եւ ես կ’ըսեմ այդ օրէն ի վեր. զինուորական յեղաշրջում մը հարկաւոր է», ըսաւ ան «Օրագիր» լրատուամիջոցին 26 Սեպտեմբեր 2023-ին։
Աջապահեան ցաւով արտայայտուած է. «Բայց մենք պատշաճ բանակ մը չունէինք, մենք չունէինք գլխաւոր շտապը, որպէսզի ձեռնարկենք պետութիւնը եւ Արցախը փրկելու համար հարկաւոր քայլերը։ Անոնք չգործեցին, եւ մեղքը իրենց վրայ է։ Աւելի մեղք իրենց վրայ է, քան այս մտային հիւանդ անձին վրայ»։
Այդ հարցազրոյցը աւելի ուշ նշուեցաւ իշխող կուսակցութեան մօտ գտնուող դէմքերու կողմէ։
Դանիէլ Իոնիսեան, հասարակական գործիչ մը, որ ներգրաւուած է Հայաստանի սահմանադրութեան վերաձեւակերպման մէջ, 25 Ապրիլ 2024-ի նամակով մը դիմեց Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազին, որպէսզի Արքեպիսկոպոսը հարցաքննութեան ենթարկուի, նշելով, որ իր խօսքերը կը կազմեն իշխանութեան ապօրինի զաւթման կոչ Հայաստանի Քրէական Օրէնսգիրքի 422-րդ յօդուածին հիման վրայ:
Դատախազութեան Գրասենեակը արձականքեց այդ առաջարկին օրեր ետք, ըսելով, որ առաջնորդը ոճիր մը չէ գործած իր յայտարարութեան մէջ։
Բայց այդ գնահատականը փոխուեցաւ, երբ Փաշինեան սկսաւ իր արշաւը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ յաջորդ տարին, նախ թիրախաւորելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ֆէյսպուքեան գրառումներով, ապա անցնելով աւագ հոգեւորականներու ֆիզիքական կալանքին։
Հետապնդում քաղաքական դրդապատճառներով
27 Յունիս 2025-ին հարիւրաւոր դիմակաւորուած եւ զինուած ներքին անվտանգութեան աշխատակիցներ ժամանեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Աջապահեանին ձերբակալելու համար։ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամները հաւաքուեցան Մայր Աթոռին մէջ, արգելափակելով ոստիկանութիւնը եւ ստիպելով անոնց նահանջել։
Բայց Աջապահեան դուրս ելաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ, ըսելով բազմութեան, որ ան ոչ մէկ բանէ կը վախնար եւ որ ան ինքնակամ պիտի երթայ Քննչական Կոմիտէ։
Ան ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ շտապկազմակերպուած դատավարութեան միջոցով, որուն արդիւնքը կանխորոշուած էր։
Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան խմբակները դատապարտեցին սոյն վճիռը զայն սեպելով քաղաքական դրդապատճառներով արձակուած դատապարտում։ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու տասը ՀԿ-ներու կողմէ համատեղ յայտարարութիւն մը նշեց, որ «Այլ վարոյթներու մէջ, որոնք նման հիմքերով սկսած են քննել յանձանքներ, որոնց մէջ մեղադրուած էր Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, դատը տեւած է աւելի երկար ժամանակաշրջան, եւ որեւէ անձ, որ թեկուզ մեղաւոր ճանչուած էր նման արարքի մը համար, իրականութեան մէջ բանտարկութեան չէր ենթարկուած»:
Հայ մարդու իրաւունքներու փորձագէտ Զարուհի Յովհաննիսեան կը պնդէ, որ Աջապահեանի կարգավիճակը այսօր կը համապատասխանէ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (PACE) քաղաքական բանտարկեալի սահմանումին։
Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի նախագահէն բացատրութիւն պահանջուած է, թէ ինչպէ՞ս արքեպիսկոպոսը կրնայ դատապարտուիլ յայտարարութեան մը համար, որ դատախազները նախապէս որոշած էին, որ ոճիր մը չէր: Անոր պատասխանը եղած է այն, որ իբր ժամանակը փոխած էր Արքեպիսկոպոսին խօսքերուն ենթադրութիւնները, եւ, որ անոնք այժմ կը վտանգեն «ձեւաւորել հանրային կամքը եւ գիտակցութիւնը՝ ստեղծելով փափաք մը, որպէսզի այն մղէ հասարակութեանը իշխանութիւնը զաւթելուն միտուած գործողութիւններու մէջ յայտնուին»։
Երեւանի մէջ հաստատուած Քաղաքական Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնը հակադարձեց Քննչական Կոմիտէի փոփոխութեան դէմ իր 2025-ի Դեկտեմբերին տուած զեկոյցին մէջ։
«Տրամաբանական հակասութիւն մը կը ծագի այստեղ. եթէ «զինուորական յեղաշրջման կոչը» ուղղուած էր անվտանգութեան ուժերու ղեկավարներուն, ապա ի՞նչ առնչութիւն ունի ենթադրեալ ներուժը՝ խթանելու ընդհանուր հասարակութիւնը:
«Մեղադրող կողմը ինքը կը շեշտէ, որ «կոչին թիրախային լսարանը» բարձրաստիճան զինուորական սպաներն ու անվտանգութեան ուժերու ղեկավարներն էին, ոչ թէ մարդոց անորոշ զանգուածը»։
Քաղաքական Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնը -ը կը նշէ թէ Փաշինեանի ենթակայ Հայկական զինուած ուժերու կամ Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան անդամներէն ոչ մէկը կասկածուած է հնարուած յեղաշրջման մը մէջ։
Աճապահեան Արքեպիսկոպոս կը մերժէ իր դէմ բոլոր մեղադրանքները, եւ իր փաստաբանները կը շարունակեն բողոքարկել դատարանի վճիռին դէմ։
Դատավճիռէն առաջ իր ունեցած ելոյթին մէջ, Աճապահեան դատարանին ըսաւ. «Հայր, մի՛ ներեր իրենց, քանի որ գիտեն թէ ինչ կ’ընեն։»
Բանտէն ան շարունակած է պաշտպանել Եկեղեցին Փաշինեանի արշաւանքին դէմ, եւ խրատել անհաւատարիմ հոգեւորականները, հատու գրիչովը գրուած իր կոչերուն միջոցով։
Բնագիրը՝ Անգլերէն
Արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը՝ «Զարթօնք»-ին
Աղբիւր՝ www.csi-int.org






