Հիւսթընեան Պրիսմակ
ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
«L’État c’est moi» (Պետութիւնը ե՛ս եմ)
Կ՛ըսուի թէ Ֆրանսայի վեհապետ Լութովիկոս ԺԴ ( Louis XIV, 1638-1715) երկրի Ազգային Ժողովին առջեւ 13 Ապրիլ 1655 թուականին արտասանած մէկ խօսքի մը ընթացքին, ընդդիմախօսի մը արտայայտութեան իբրեւ պատասխան ըսած է։ «L’État c’est moi» , որ թարգմանի «Պետութիւնը ե՛ս եմ»։
Թէեւ պատմագէտներ հարցականի տակ դրած են այդ արտայայտութեան Լութովիկոս ԺԴ-ին պատկանելու պատմական իրողութիւնը, այսուհանդերձ այդ արտայայտութեան միտք բանին կը համընկնէր այդ շրջանին տիրող վեհապետական բացարձակ իշխանութեան մտայնութեան եւ տրամադրութիւններուն հետ։
Անշուշտ այդ օրերուն տիրող այդ մտայնութիւնը յատուկ չէր Ֆրանսայի պարագային միայն, այլեւ տիրական էր աշխարհի միւս երկիրներու եւ պետութիւններու մօտ նաեւ, այդ ժամանակներու ընդունուած դրոյթին եւ սովորութեան համաձայն։
Ինչո՞վ կը յատկանշուէին այդ վեհապետական կարգուսարքի տիրական եւ հիմնական ստորոգելիները։
17-րդ դարու վեհապետական բացարձակապետութիւնը կը նշանակէր որ իշխող անձէն դուրս ոեւէ այլ վաւերական կամ իրաւական ուժ գոյութիւն չունէր ։ Վեհապետը Աստուծոյ «ներկայացուցիչ»ը կը համարուէր երկրի վրայ, հետեւաբար իր արարքներուն համար պատասխանատու չէր հասարակ մահկանացուներուն առջեւ։ Միաժամանակ այդ «երկնային» կարգադրութիւնը զինք միակ իրաւասու իշխանութիւնը կը կարգէր երկրի օրէնսդրական, արդարադատական, զինուորական, հարկային եւ կրօնական հարցերու պարագային։ Այդ թագաւորական իշխանութեան ծիրին մէջ ընդդիմախօսութեան տեղ չի կար, հետեւաբար կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը բացակայ էր հանրային կեանքի ասպարէզէն ներս ։ Մէկ խօսքով պետութիւնը կը նոյնանար վեհապետի անձին հետ, այնպէս ինչպէս որ բնութագրուած է Լութովիկոս ԺԴ-ի վերագրուած այդ նշանաւոր արտայայտութեան մէջ։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ այդ պայմաններուն տակ տիրող պետական վարքագիծը աւելի գործառնական (Transactional) բնոյթ ունէր, եւ առնուած որոշումները կ՛արտայայտէին վեհապետի քմայական եւ անձնական նախասիրութիւնները, տրամադրութիւնները եւ վճիռները։
Այդ կացութեան դէմ բողոքի եւ խուլ դիմադրութեան շարժումներ տակաւ կը ձեւաւորուէին Եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ 17-րդ դարէն սկսեալ։ Արդարեւ, շնորհիւ լուսամիտ մտածողներու ընկերային եւ փիլիսոփայական խորք ունեցող գրութիւններուն, որոնք կը միտէին սանձելու վեհապետական իրաւասութիւնները, ջանք կը տարուէր այդ բացարձակապետական դրոյթի փոխարէն զարգացնելու ներկայացուցչական եւ խորհրդարանական դրութիւն մը՝ վեհապետի կողքին, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու կարգաւորման եւ տնօրինումին տեսակէտէն ձայն տալու համար նաեւ երկրի այլ հեղինակաւոր ոյժերուն։ Վեհապետական-Խորհրդարանական այդ բուռն պայքարը որ ծաւալեցաւ այս երկու հակառակորդ ոյժերուն միջեւ աւարտեցաւ, օրինակի համար, Անգլիոյ պարագային Գարոլոս Ա (Charles I , 1600-1649) , եւ Ֆրանսայի պարագային Լութովիկոս ԺԵ (Louis XVI, 1754-1793) թագաւորներու գլխատումով, Ֆրանսական յեղափոխութեան բերած յեղաշրջումներով։ Իսկ Ամերիկեան Յեղափոխութեան յաղթանակը 1765-ին վերջ դրաւ Նոր Աշխարհի նահանգներուն մէջ անգլիական վեհապետութեան ներկայութեան, զայն փոխարինելով սահմանադրական հանրապետական կարգուսարքով մը ուր Օրէնսդիր, Գործադիր եւ Արդարադատական իշխանութիւնները սահմանուած էին գործելու իրարմէ անկախ, համահաւասար եւ հաւասարակշռուած իրաւասութիւններով պահպանելու համար ժողովրդավարական գործելակերպը։
Հակա-սահմանադրական քայլեր
Դիւրին չէ եղած սահմանադրական այս կարգուսարքի գործնականացումը եւ գործադրութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային կեանքին մէջ անցնող 238 տարիներու ընթացքին, մանաւանդ երբ զանազան ներքին տագնապներ փորձութեան մատնած են սահմանադրական տրամադրութիւնները եւ հրամայական դարձուցած են անոր կարգ մը յօդուածներու բարեփոխումը՝ ժամանակներու ոգիին համաձայն ազգային նորանոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու յարմարելու համար։ Սակայն այդ բոլոր դժուարութիւններու եւ տագնապներու ընթացքին միշտ յարգուած են սահմանադրական ոգին եւ երկրի իշխող կառոյցի բաղկացուցիչ երեք ոյժերուն իրաւասութիւններու սահմանները։ Այս տրամաբանական յառաջդիմութիւնը ո՛չ միայն զօրացուցած է Ամերիկայի ազգային միասնականութեան հիմնական նախապայմանները, այլ նաեւ ներշնչած է ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական այնպիսի քայլերու զարգացումը որ առիթ տուած է նախապէս իրաւասութիւններէ եւ իրաւունքներէ զրկուած զանգուածներուն իրենց արժանի տեղը գրաւելու ազգային կեանքէն ներս։
Սահմանադրական այս հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ։ Նախագահ Թրամփ 2024 թուականի ընտրապայքարի ընթացքին քանիցս կէս լուրջ, կէս կատակ կերպով յայտարարած էր որ կը միտէր «միօրեայ բռնապետ» մը ըլլալու իշխանութեան տիրացած առաջին օրը։ Ու իբրեւ գործնական արտայայտութիւն այդ փափաքին ան ձեռնամուխ եղաւ պաշտօնավարութեան առաջին օրն իսկ ստորագրելու «Գործադիր Հրամանագիր»եր որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ սահմանադրութեան նախատեսած տրամադրութիւններէն դուրս քայլեր կը նպատակադրէին։ Թէեւ Ամերիկայի Սահմանադրութեան Երկրորդ Յօդուածը երկրի նախագահին իրաւասութիւն կու տայ «Գործադիր Հրամանագիրով կառավարական մարմիններուն հրահանգելու կամ պատգամելու թէ ինչ ձեւով օրէնք մը կրնայ գործադրուիլ» այդ նոյն յօդուածը սակայն նախագահին լիազօրութիւն չ՛ընծայէր որ նոր օրէնքներ հաստատէ նկատի առնելով որ այդ իրաւասութիւնը վերապահուaծ է երկրի Ներկայացուցիչներու Տան , ըստ սահմանադրութեան։
Նախագահ Թրամփի ստորագրած քառասունէն աւելի «Գործադիր Հրամանագիր»երը այժմ Արդարադատական իշխանութեանց կողմէ հարցադրումի կ՛ենթարկուին, անոնց սահմանադրական խնդրայարոյց բնոյթին եւ բովանդակութեան համար։ Այս «գործառնական» որոշումները, որոնց մեծամասնութիւնը խակ, քմահաճ եւ քաղաքական ծրագիրներու բնոյթ կը կրեն, այժմ կը բախին արգելքներու որոնք Ամերիկեան Սահմանադրութեան կերտիչները իմաստօրէն տեղադրած էին 1789-ի Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ ապահովելու համար ժողովրդավարական կառոյցներու անխափան գործունէութիւնը։
Մտահոգիչ յանկերգներ
Արդարեւ, նոյնքան մտահոգիչ դարձած է նախագահ Թրամփի կրկնած յանկերգը պետական վարչամեքենան մաքրագործելու «ձախակողմեան եւ համայնավար տարրերէ»։ Շատեր չեն հասկնար թէ ուրկէ՞ կու գան այս բնորոշումները ամերիկեան ներկայ քաղաքական բառացուցակին մէջ։ Անցեալին, «Պաղ Պատերազմ»ի տարիներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսպիսի պիտակաւորումներ եւ սահմանումներ երեւան եկան եւ վտանգաւոր հետեւանքներով յղի փորձութիւն մը հանդիսացան երկրին համար, երբ Հանրապետական ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի (Joseph McCarthy 1908-1957) կատաղի պայքար մը շղթայազերծեց 1950-1954 թուականներուն, արուեստի, գիտութեան եւ զանազան ասպարէզներու մէջ իբրեւ «համայնավար» ճանչցուած կամ պիտակաւորուած անձնաւորութիւններու դէմ։ Այդ թունալից հալածանքը խիստ հարուած մը հասցուց Ամերիկայի ազգային եւ քաղաքական կեանքին եւ պատճառ դարձաւ շատ մը անմեղներու եղերական վախճանին։ Ի վերջոյ ժողովրդային զայրոյթը պատճառ եղաւ որ ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի իր պաշտօնակիցներու կողմէ խայտառակուի ու շնորհազրկուի։ Այնպէս կը թուի թէ նախագահ Թրամփ այդպիսի անգոյ ուրուականներ կը փնտռէ նորօրեայ ամերիկեան հորիզոնին վրայ ընդդիմադիրները չէզոքացնելու համար։ Այդ ընդդիմադիրներու կարգին ան դրած է նաեւ անհատական կարգով գործող եւ իրենց պատմութեամբ քաջածանօթ համալսարաններ արգելք հանդիսանալու համար այդ հաստատութիւններէն ներս ազատ մտածողութենէ բխող քննարկումներու։
Այս ամէնը կու գան փաստելու որ նախագահ Թրամփ կը նախընտրէ երկիրը ղեկավարել առաջնորդուած իր գործառնական նախապատուութիւններէն, բնազդներէն եւ նախասիրութիւններէն անտեսելով երկրի սահմանադրական տրամադրութիւնները որոնք ժողովրդավարական կառոյցին մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատեն։
Անցնող երեք-չորս ամիսներու նախագահ Թրամփի ստեղծած տակնուվրայութենէն մարդ կը տարուի մտածելու թէ կէս լուրջ, կէս կատակ «մէկ օրուայ բռնապետ» ըլլալու մտադրութիւնը այդքան ալ կատակ չէ եւ թէ այժմու գործադիրը վեհապետական բացարձակ իշխանութեան նմանող վարչակարգ մը կ՛ուզէ հաստատել նախագահական ամպհովանիին տակ անտեսելով սահմանադրական կառոյցները եւ անոնց իրաւասութիւնները եւ անգիտանալով անցնող 400 տարիներու պայքարը որ զօրացուցած է ժողովրդավարութեան հիմունքները մեր արդի ընկերութեան կեանքին մէջ ։
Բարեբախտաբար Լութովիկոս ԺԴի «L’État c’est moi» ասոյթը հեռաւոր անցեալին կը պատկանի ու մենք կ՛ապրինք 21-րդ դարու մէջ, ազատութեան, իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական կառոյցներու հովանիին տակ։