Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մեր Տոքթորը (Ընկ. Յարութ Եոզկաթեանի Յիշատակին)

Դիմանկար

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Ֆրանսերէն pittoresque (գեղապատկեր, դիտարժան) բառը առաջին անգամ իրմէ լսեցի։ Խօսքը կը վերաբերէր մարդու մը, որ հետաքրքրական էր իր արտայայտութիւններով, վարուեցողութեամբ, անսպասելի միտքերով, եւ ոչ թէ բնութեան տեսարանի մը)։ Բայց կը կարծեմ, որ այդ բառը բոլորէն աւելի զի՛նք կը բնորոշէր, մեր Տոքթորը. զարգացած, բուռն եւ անմիջական խառնուածքով, պոռթկուն, բարձրախօս, զգացմունքային եւ անբուժելի մարդասէր։ Մանկութենէն մինչեւ համալսարան թաթխուած էր ֆրանսական մշակոյթով, գրականութեամբ, լեզուով, երաժշտութեամբ ու մտածելակերպով։ Սակայն ուղնուծուծով հայ մնացեր էր, ազգասէր, հայրենասէր։

Մեր Տոքթորը, ինչպէս կը սիրէինք կոչել զինք, քանի որ ժամանակ կը գտնէր ատամնաբուժութիւն դասաւանդելու Պէյրութի ֆրանսական հիւանդանոցային համալսարանին մէջ եւ ունէր փրոֆեսորի կոչում, արուեստի վերածած իր արհեստը կը բանեցնէր Պէյրութի Արեւմտեան շրջանը գտնուող իր քլինիքին մէջ՝ սպասարկելով նաեւ լիբանանեան քաղաքական ու պետական վերնախաւին, արժանապատիւ, հաւասարէ հաւասար, ինքզինք պարտադրող անմիջականութեամբ։

Մեծահարուստ չէր մեր Տոքթորը, սակայն կ’ապրէր մեծահարուստի պէս՝ ճոխ ճաշկերոյթներ կազմակերպելով, բարեգործական ձեռնարկներու նիւթական մասնակցութիւն բերելով եւ, ամենակարեւորը՝ Դպրոցին կամ Միութեան համար գումար հանգանակելով։ «Գիտե՞ս,- ըսաւ ինծի օր մը,- ապրուստս ես այս մատներովս կը շահիմ»։ Այդ մատներուն հունարը ես անձամբ տեսայ յետագային, Երեւանի մէջ, երբ ակռաներուս բուժման համար գացեր էի համալսարանական դարմանատուն, ուր աւագ բժիշկը տեսնելով ակռաներուս լեցուածքը՝ հիացած կանչեց օգնականներն ու ուսանողները եւ ըսաւ՝ «Տեսէք, թէ ինչպէս են լեցնում ատամները արտասահմանում»։

Բարձրագոյն մասնագէտի համբաւ ունեցող մարդիկ սովորաբար կը խուսափին կողմնակի գործեր ստանձնելէ, կ’աշխատին միայն դրամի ու փառքի համար։ Մեր Տոքթորը երկար տարիներ եղաւ հոգաբարձութեան ատենապետը Վահան Թէքէեան վարժարանին՝ հայկական Լիբանանի թերեւս ամենահամեստ, աղքատ թաղամասի դպրոցը, որ տասնամեակներու ընթացքին, յատկապէս ընկեր Երուանդ Պապայեանի տնօրէնութեան երկար շրջանին, օրհնութիւն մը եղաւ հայ համայնքին համար, տուաւ Սէմ Սիմոնեանի նման շրջանաւարտներ։ Մեր Տոքթորին հոգատարութեան տակ կը գործէր Վ. Թէքէեան վարժարանը նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ ՀԲԸՄիութեան ղեկավարութեան որոշումով ստանձնեց Բարեգործականի Կրթական յանձնախումբին ատենապետութիւնը։ Բնաւ դիւրին չէր այդ բոլորին հասնիլ, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անապահովութեան, խոչընդոտներուն, արտագաղթի հետզհետէ սաստկացող պայմաններուն տակ։ Եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ կար ամէն օր մայրաքաղաքի արեւելեան շրջանէն արեւմտեան եւ հակառակ ուղղութեամբ անցնելու վտանգաւոր տաղտուկը, զինեալ խմբակներու սպառնալից ներկայութիւնը։

Երախտագիտութեամբ կը խօսէր մեր Տոքթորը Թէքէեան վարժարանի կենսագործունէութեան համար եղած զոհողութիւններուն, ջանադրութիւններուն մասին եւ շարունակ շա՜տ պատկերաւոր կը կրկնէր. «Մենք այս դպրոցը կը պահենք մեր Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն մատներով շինուած սարմաներու եւ քէօֆթէներու շնորհիւ»։

Տոքթորին այդ նուիրումին մէջ, վստահաբար, իր դերն ունէր իր հայրիկին՝ նոյնպէս յարգուած ատամնաբոյժ Յովսէփ Եոզկաթեանի ժառանգական պատգամը, որպէս հիմնադիրներէն մէկը 1947-ին ստեղծուած մեր Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

Այսուամենայնիւ, մեր Տոքթորը, հակառակ հօրենական ժառանգութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անդամ ըլլալուն, կուսակցական մարդ չէր։ Սակայն պայմաններու բերումով, լիբանանեան քաղաքացիական կոչուող պատերազմի դժնդակ տարիներուն, շուրջ հինգ տարի որպէս ատենապետ գլխաւորեց կուսակցութիւնը, որ կը տառապէր ներքին վէճերէ, աթոռակռիւներէ։ Կուսակցութեան գլխաւոր ղեկավար Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի անառարկելի խնդրանք-առաջարկով էր, որ ան ընդուներ էր դառնալ ՌԱԿ Լիբանանի վարչութեան ատենապետ, որուն համար ո՛չ ժամանակ ունէր,  ո՛չ ալ փափաք ու փառասիրութիւն։ 90-ականներու սկիզբն էր, երբ Թաէֆի համաձայնութեամբ եւ Սէուտական Արաբիոյ կնքահայրութեամբ ներլիբանանեան հակամարտութիւնները մեղմանալու, իսկ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յայտնուելով՝ երկիրը վերաշինուելու միտում ունէին, եւ անհրաժեշտ էր քաղաքական այդ հանգրուանը դիմագրաւել, աւելի ճիշդ՝ ընդառաջել, քիչ թէ շատ ներդաշնակ ու պատրաստ։ Մանաւանդ որ ռամկավար աւանդական լիտըրները՝ Փրոֆ. Բ. Թովմասեան, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան եւ ուրիշներ, արդէն, մինչ այդ հեռացեր էին երկրէն՝ Մ. Նահանգներ ու Քանատա, եւ մնացեր էին այն մարդիկ, որոնցմէ ոմանց ախորժակը բացուեր էր մեծերու հեռացումով եւ կ’ուզէին առնուազն ատենապետ դառնալ Շրջանային վարչութեան։ Եւ Տոքթորը, ընդառաջելով Մ. Նահանգներ մեկնելու պատրաստուող Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի առաջարկին, յանուն ներկուսակցական անդորրութեան՝ ստանձնեց ծանր, իր բազմազբաղուածութեան բոլորովին չհամապատասխանող այդ՝ անշնորհակալ առաքելութիւնը, աւելի ճիշդ՝ չարչարանքը, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք իր գլխաւորած վարչութեան անդամներէն ոմանց փոքրիկ փառասիրական նկրտումները։ Փաստօրէն անոր ձեռքին տրուեր էր որեւէ պահու պայթելիք ռումբ, որ օգտագործուեցաւ փառամոլ գործակիցներուն կողմէ, եւ երբ առիթը ներկայացաւ, Տոքթորը սիրայօժար զիջեցաւ ատենապետութիւնը։

Կը յիշեմ, 1990 մայիսին, երբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան հրահանգով՝ ընդամէնը 3 ամսուան համար Երեւան կը ղրկուէի Սփիւռքի մեր թերթերուն համար Հայաստանի մէջ եւ շուրջը պատահող ցնցիչ իրադարձութիւններուն մասին հրատապ թղթակցութիւններ ուղարկելու, իսկ աւելի ուշ ընկեր Երուանդ Ազատեանի կարգադրութեամբ առաջադրանք կը տրուէր ինծի կուսակցութեան պաշտօնաթերթ ստեղծելու, փաստօրէն կ’երկարաձգուէր իմ կեցութիւնը Երեւան, որ առիթ կու տար որոշ մարդոց, որոնց կարգին՝ իմ մտերիմ ընկերներէն ոմանց, Տոքթորին մօտ մեղադրելու զիս, օրինակ, իմ համալսարանական ընկերոջ՝ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին հակադրուող յօդուած գրելու յանդգնութիւնը ունենալուս համար։ Անոնց դրդումով իմ սիրելի Տոքթորը արտահերթ ժողով կը հրաւիրէր «հարցս» քննելու համար։ Տոքթորը, յետագային Յովիկ Էօրտէքեանի վկայութեամբ, ժողովականներուն առջեւ ընթերցել կու տայ իմ քննադատական յօդուածս՝ գրուած Հանրապետութեան Նախագահի այն յայտարարութեան առթիւ, թէ մեր երկիրին սահմանադրութիւն պէտք չէ։ Տոքթորը, հետեւելով ընթերցանութեան, ինչպէս կը վկայէր նոյն Էօրտէքեանը, ի զարմանս եւ ի լուր ներկայ դաւադիր ժողովականներուն՝ իմ գրութեանս ի նպաստ արտայայտութիւններ կ’ունենայ եւ, վերջաւորութեան, որպէս իսկապէս ռամկավար եւ իսկապէս ժողովրդավար մարդ, համաձայնութիւն կը յայտնէ առարկութիւններուս եւ կը գոցէ իմ դէմ յարուցուած հարցը։

Տոքթորը, ունենալով բազմաթիւ հոգեր ու մտահոգութիւններ՝ յաճախ կ’ունենար հակասական դիրքորոշումներ, հակազդեցութիւններ։ Զինք երբեմն կը նմանցնէի յայտնի՝ The Absentminded Proffessor ֆիլմի հերոսին։ Անգամ մը, իրենց տան մէջ յաճախ կազմակերպուած ընդունելութիւններէն մէկուն ընթացքին, երբ ներկաներէն մէկը շատ համով անեկթոտ մը պատմեց եւ բոլորէս շատ եւ ամենաբարձր ծիծաղողը եղաւ ինք, քիչ անց յայտարարեց, որ ինք ալ կ’ուզէ անեկթոտ մը պատմել։ Եւ ներկաներուս լուռ սպասումին մէջ պատմեց միեւնոյն անեկթոտը, որ քիչ առաջ պատմուեր էր։ Ստիպուած եղանք, առ ի քաղաքավարութիւն, նոյն յաջողութեամբ ծիծաղիլ իր պատմածին, ինչպէս նախորդ անգամ։

Ծխող չէր Տոքթորը, սակայն երբեմն, ուղեղի գերլարուածութեան օրերուն հաւանաբար, վարչութեան նիստերուն քիչ մը կանուխ հասնելով՝ գրպանէն կը հանէր սիկարէթի տուփը, որ միշտ կը փոխուէր։ Գլանակը կը մօտեցնէր շրթունքին, սակայն կը պարզուէր, որ հրահան չունէր։ Ամէն կողմէ տղաքը հրահան կ’առաջարկէին։ Կը վերցներ անոնցմէ մէկը, կը վառէր սիկարէթը եւ հրահանը անզգալաբար կը կոխէր գրպանը։ Տեսարանը ժողովի ընթացքին կը կրկնուէր քանի մը անգամ։ Եւ միայն յաջորդ ժողովին էր, որ Տոքթորը գրպանէն կը հանէր 6-7 հրահան ու ժողովականներէն կը խնդրէր վերցնել իրենց հրահանը։

Լսեր էինք, որ որդին՝ Յոփսէփիկը, որ կ’ուսանէր Չեխիայի համալսարաններէն մէկուն մէջ, Փրակէն Պէյրութ վերադարձին սկովտիական քոլի տեսակի շուն մը բերեր էր։ Տոքթորը կտրուկ կերպով պահանջեր էր շունը դուրս հանել տունէն, «կա՛մ ես, կա՛մ ինքը» ըսեր էր տնեցիներուն։ Վարչութեան հերթական նիստէն առաջ, լսած ըլլալով այդ մասին, շա՜տ անմեղ թոնով սադրիչ հարց մը ուղղեցինք իրեն՝ «Տոքթոր, շունը ի՞նչ եղաւ»։ Պատասխանեց ճակատամարտը կորսնցուցած մարդու ափսոսանքով՝ «ինքն ալ մնաց, ես ալ»։ Բայց իսկապէս գեղեցիկ շուն էր Ճինօն, փողոցին մէջ որեւէ մէկը անտարբեր չէր կրնար անցնիլ, «ըսմալլահ-ըսմալլահ» կ’ըսէին արաբ կիները Ճինոյի փարթամ մօրուքին նայելով…

Շատ յաճախ Տոքթորը ճաշկերոյթային հաւաքներ կը կազմակերպէր իր տան մէջ, երբեմն՝ 15, 20 կամ աւելի հրաւիրեալներով։ Բայց եկուր տես, որ շատ յաճախ իր հրեշտակին՝ տիկին Միմիին նախապէս զգուշացուցած չէր ըլլար այդ մասին։ Ուստի, հիւրերը նշեալ ժամուն կը ներկայանային հիւրընկալի տուն, իսկ Միմին, աննման Միմին, վերջին պահուն, շտապ կանչով եկած աղախիններուն հետ, խոհանոցը, հաւերը մաքրելու ու եփելու գործով զբաղած կ’ըլլար եւ միայն վերջին պահուն կը ներկայանար հիւրերուն։ Ու քանի որ միշտ շատ համով կ’ըլլար հրամցուած ճաշը, եւ բոլորս կը գովէինք տանտիկնոջ «համով ձեռքը», մեր Տոքթորը, շա՜տ համարելով տիկնոջը ուղղուած գովեստը, բարձրաձայն, այո՛, բարձրաձայն կը յայտարարէր, որ իր գնած-տուն բերած հաւե՛րն էին համով եւ ոչ թէ…

Այսուհանդերձ, Տիկին Միմին յաճախ ինք կը քշէր Պէյրութի միւս կողմ՝ դարմանատուն տանող ինքնաշարժը, քանի որ ամուսինը կրնար սխալ մը գործել քշելու պահուն եւ կամ սխալ արտայայտուիլ Թանգարանի ճամբով ու դիմացի կողմը հսկող զինեալներուն առջեւ։ Եւ արդէն, անգամ մը, զինեալներու կողմէ Տոքթորին սպառնալից շեշտով մեքենայէն դուրս ելլելու հրահանգին վրայ, Միմին է որ ինքնաշարժէն աւելի շուտ ցատկելով մահմետական զինեալներուն բացատրեր էր, որ իր ամուսինը անձնական բժիշկն էր Սէյիտին, այսինքն շիա համայնքի կրօնապետ Սէյիտ Մուսա Սատրին, որ, ինչպէս յայտնի է, յետագային Լիպիա գնաց եւ այլեւս չվերադարձաւ։ Զինեալները յարգանքով բարեւի կեցած՝ անցք տուած են Տոքթորին եւ տիկնոջը։

Այստեղ կ’ուզեմ արձանագրել կարեւոր, նոյնիսկ պատմական կոչուելու արժանի աշխարհաքաղաքական իրողութիւն մը, որ պատահած է 1980 թուականին եւ որուն ակամայ հերոսը եղած է մեր Տոքթորը։ Բանն այն է, որ նախորդ տարի, 1979-ին, Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած իսլամական յեղափոխութենէն ետք պարզուեր էր, որ Սովետ Միութիւնը չէ կրցած կապ եւ յարաբերութիւն հաստատել Թեհրանի նոր իշխանութիւններուն հետ, եւ Մոսկուան հրահանգեր է ամէն գինով նոր իշխանութեանց հետ կապ հաստատել Պէյրութի խողովակով։ Հրահանգը, բնականաբար, անմիջական առնչութիւն ունէր սովետական դեսպանատան մէջ այդ օրերուն շատ աշխոյժ գործունէութիւն ունեցող հայկական խումբին՝ Թելման Յարութիւնեանի, Ռոմէն Կոզմոյեանի, Էդուարտ Նալբանդեանի (յետագային՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար) եւ միւս աշխատակիցներուն հետ, որոնք կը պատրաստեն դիւանագիտական գործողութեան ծրագիրը։ Երեւանէն, որպէսզի յատուկ ծառայութեան մասնակցութիւնը չերեւայ, կը հրաւիրեն Հայաստանի Ազգային  Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Փրոֆեսոր Նիքոլայ Յովհաննիսեանը, կը ծանօթացնեն Տոքթորին, որմէ կը խնդրէ հանդիպում կազմակերպել Լիբանանի շիա համայնքի ղեկավար եւ խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիին հետ։ Հանդիպումը տեղի կ’ունենայ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եւ կ’աւարտի Հիւսէյնիի դրական խոստումով։ Կարճ ժամանակ անց խոստումը կը կատարուի, եւ յարաբերութիւնները կը վերահաստատուին երկու երկիրներուն միջեւ։

Այս մասին ինծի պատմած է նոյնինքն Փրոֆ. Յովհաննիսեանը (այժմ՝ հանգուցեալ)։ Նոյնը, իմ հարցումին պատասխանելով հաստատած է իմ լաւ բարեկամ, այժմ նոյնպէս հանգուցեալ, Ռոմէն Կոզմոյեանը, որ եղած է դիւանագիտական այդ յաջողութեան ճարտարապետներէն մէկը։ Հարցիս՝ թէ Տոքթորը կը գիտակցէ՞ր, թէ Լիբանանի պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ իր ունեցած կապերուն շնորհիւ է որ միջպետական յարաբերութիւններ վերստեղծուած են Խ. Միութեան եւ մեր դրացի ու բարեկամ երկրին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ, Ռ. Կոզմոյեանը դիւանագիտօրէն պատասխանեց. «Կարծում եմ՝ աւելի ուշ հասկացաւ, բայց բնաւ չխորացաւ հարցի մէջ։ Պարզապէս գոհ էր, որ օգտակար գործի մասնակից էր դարձել եւ, միաժամանակ, բարձրացրել էր մեր խմբի հեղինակութիւնը»։

Վերջին անգամ Տոքթորին հանդիպեցայ Երեւանի մէջ։ Յոգնած էր շատ, անտրամադիր։ «Մարդ հարիւր սիրտ պիտի ունենայ դիմանալու համար այս բոլորին», ըսաւ։ Չհասկցայ, ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր։ Նորանկախ Հայաստանի անորոշ ապագա՞ն, կուսակցական ներքին «քոմպիննե՞րը», թէ՞ այլ։ Մնաց մի քանի օր եւ վերադարձաւ Պէյրութ։ Կարճ ժամանակ անց ստացայ իր մահուան գոյժը։ Մէկ հատիկ իր սիրտը չէր դիմացեր։ Մինչեւ օրս կը զղջամ, որ ներկայ չեղայ յուղարկաւորութեան։

Բարի, մեծահոգի, ազգասէր մարդ էր մեր Տոքթորը. կենցաղին մէջ՝ pittoresque, միութենական, կուսակցական, կրթական գործերու մէջ՝ ըստ ամենայնի հոգատար, օգտակար, մաքուր եւ արդիւնաւէտ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին