Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ենթադրեալ՝ Աջակողմեան – Ձախակողմեան Ռամկավարներու Մասին Անճիշտ Հաղորդումներ

Գաղտնազերծուած Փաստաթուղթեր – 1 –

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մէջ, այսօրուընէ կը սկսինք շարք մը, Ամերիկեան «Հետախուզութեան Կեդրոնական Պիւրոյ»-ի (CIA) պատկանող՝ մեր կազմակերպութեան, կամ ընդհանրապէս պատմական որոշ  շրջանի մը վերաբերող՝ մեզի հետ առնչուած նիւթերու եւ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հրապարակումով:

Այս շարքը պիտի ընդգրկէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու բացայայտում, եւ ի հարկին, մեր կողմէ, փորձի եւ դէպքերուն մօտէն ծանօթ ըլլալու հանգամանքով, որոշ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումներ:

Կը հաւատանք, որ դէպքերու վրայ որոշ ժամանակ մը   անցած ըլլալու փաստով,  տարիներու հեռաւորութեամբ զանոնք դատելը ունի պաղարիւնութեամբ եւ աւելի առարկայականութեամբ անոնց մօտենալու հնարաւորութիւն:

Կը մնայ շեշտել, որ այս շարքով, հին վէրքեր բանալու միտում չունինք բնաւ: Մեր նպատակը անցեալի սխալներն  ու ոմանց նեղմիտ պահուածքը բացայայտելով, դիմադրողականութիւն ստեղծելն է բոլոր կողմերուն մօտ, ներկայիս եւ ապագային խուսափելու համար նման այնպիսի գործողութիւններէ, որուն վնասը, ինչ որ տեղ բոլորս վճարեցինք ու կը շարունակենք վճարել:


Այսօրուայ փաստաթուղթին նիւթն է, ինչպէս որ այստեղ տեղադրուած փաստաթուղթը կը նշէ. «Նօթեր Պէյրութի Ռամկավար Կուսակցութեան Մասին»: Թուականը՝ 18 Ապրիլ 1949: Բաղկացած է 1 էջէ:

Գաղտնազերծուած փաստաթուղթը տակաւին ունի սեւով քօղարկուած գաղտնի մանրամասնութիւններ:

Ըստ փաստաթուղթին բովանդակութեան նշումներուն.

  1. Պէյրութի Ռամկավար կուսակցութիւնը (ՌԱԿ – խմբ.) բաժնուած է ձախ եւ աջ թեւերու:

Աջ թեւի ղեկավարները կը հաւաքուին Զարեհ Նուպար ակումբին մէջ , որ կը պատկանի բարեգործական հաւաքականութեան (ՀԲԸՄ – խմբ.) Պապ Իտրիսի շրջանին մէջ (Թաղամաս Պէյրութի մէջ – խմբ.): Այս ղեկավարներն են Կռանեան, Մկրտիչ Մսըրեան, Սիսակ Վարժապետեան եւ իր եղբայրը, որ բժիշկ է:

  • Ձախ թեւի ղեկավարները, որոնք կը հաւաքուին Թէքէեան Տան մէջ, կ՛ընդգրկեն հետեւեալները.

Հրաչ Սեդրակեան, փաստաբան,

Գերսոն (Գերսամ – խմբ.) Ահարոնեան, կուսակցական աշխոյժ անդամ մը,

Բարունակ Թովմասեան (Թոմասեան), դարձեալ կուսակցական աշխոյժ անդամ մը,

Սարգիս Ապտալեան, որ կը գործածէ «Վահէ Վահեան» գրչանունը իր «Անի» գրական ամսագրին մէջ, եւ

Հայկաշէն Ուզունեան:

  • Երկու այլ կարեւոր ղեկավարներ, Միքայէլ Նաթանեան, 60-ական տարիք ունեցող մարդ, Բիւզանդ Եղիայեան, չէզոք կերպարներ են: Երրորդի մը՝ Յարութիւն Գալիճեան, վերաբերմունքը անյստակ է, սակայն աղբիւրը կը նշէ, որ ան հաւանաբար Ձախ թեւի կը պատկանի:
  • Ըստ աղբիւրին, նախկին երեսփոխան, Հրաչ Շամլեան, նախապէս Ռամկավար չէր համարուեր, հիմա սակայն ան կը նկատուի Ռամկավար այն հիմքով, որ վերջինս, չորս հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը՝ Միքայէլ Նաթանեան, Գառնիկ  Մինասեան եւ չորրորդ Ռամկավար ղեկավարի մը հետ միասին շնորհաւորական այցելութեան մը գացած էին քարտինալ Աղաճանեանին Հայ Կաթողիկէ Ս. Ծնունդին առիթով:
  • Տոքթ. Երուանդ Մարգարեան, վերջերս Դամասկոսէն Պէյրութ փոխադրուած է, ուր ան Ռամկավար ամենակարեւոր  ղեկավարն էր Միհրան Տէր Ստեփանեանէն ետք: Աղոպ (Յակոբ – խմբ.) Դաւիթեան, ճարտարագէտ մը Ալեքսանտրէթի Սանճաքէն, նաեւ կարեւոր Ռամկավար նշանաւոր անձնաւորութիւն է: Յարութիւն Գազանճեան, այլ ճարտարագէտ մը, նոյնպէս ճարտարագէտ, կուսակցութեան անդամ է, սակայն ըստ աղբիւրին՝ ոչ շատ նշանաւոր:

Հիմնուելով վերոյիշեալ գաղտնի զեկոյցին վրայ, կը համարձակիմ ենթադրութիւններու ծիրէն ներս, փորձութիւնը ունենալ վերլուծելու անոր դրդապատճառները, միշտ նկատի ունենալով սխալականութեան վարկածը:

Սկսելու համար, կ՛արժէ ենթահող մը պատրաստել վերադառնալով այդ օրերու պատմութեան: Արդարեւ այդ օրերուն, ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ լուրջ ամբաստանութիւն էր, մէկուն մեղադրել, որպէս համայնավար, կամ ձախակողմեան հակումներ ունեցող անձ: Այս վիճակը, մեծապէս կը շահագործուէր, ոմանց կողմէ, հաշուեյարդար տեսնելու, կամ ինչպէս կ՛ըսեն՝ հախէն գալու, իրենց անձնական, թէ գաղափարական մրցակիցներուն ու հակառակորդներուն:

Երկրորդ, որպէս մեր կուսակցութեան պատմութեան լաւատեղեակ անձ, կրնամ հաստատել, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ, բնաւ ալ չէ եղած Աջի կամ Ձախի բախում կամ գաղափարական խորքային բաժանում, ինչպէս եղած է աւանդական այլ՝ Հայ կուսակցութեան մը պարագային: Հետեւաբար զեկոյցը կը սկսի այս իմաստով տարրական մեծ սխալով:

Որպէս իրազեկուած անձ  այնտեղ նշուած՝ խնդրոյ առարկայ անձերուն հասարակական կեանքի պատմութեան, կրնամ հաստատել, որ անոն «Աջ» կամ «Ձախ» հակումը, պարզապէս իրենց ստացած ուսումին, կենցաղին կամ Հայաստանամէտ կեցուածքին հետ շփոթուած առասպել մըն էր, եւ անպայմանօրէն չէր առնչուէր իրականութեան հետ: Մեծ մասամբ այնտեղ նշուած անձերը աւելի ազգային հակում ունէին քան ներմուծուած գաղափարախօսութիւններու: Իսկ իրենց տարբեր հաւաքավայրերու մէջ հանդիպիլը կրնայ զուտ պատահական կամ բնակավայրերու աշխարհագրական դիրքի բերումով ըլլայ, որովհետեւ ի վերջոյ հասարակական գործունէութիւնը սիրողական հանգամանք ունէր, եւ այդ կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցողները կրնային նախընտրել իրենց ազատ ժամուն հասնիլ իրեն բնակարանին կամ աշխատատեղիին ամենամօտիկ հաւաքավայրը

Աւելի եւս խորանալու համար, պէտք է այստեղ սահմանենք թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ համար գաղտնի զեկոյցներ կը պատրաստուին: Նման զեկոյցներ, խնդրոյ առարկայ հիմնարկի մը նման հիմնարկներու կողմէ, ընդհանրապէս ստացուած հաղորդումի մը հետեւանքով կ՛ըլլան: Հիմնուելով հաղորդումին վրայ, նշեալ հիմնարկը կը գործուղէ իր մօտ զինուորագրուած տեղեկատուն, կամ լրտեսը պատուիրելով, որ իրեն զեկուցէ հաղորդումով մը ստացուած հարցին մասին:

Հիմնուելով այս սահմանումին վրայ կ՛ուզեմ ենթադրել, որ Ամերիկեան «Հետախուզութեան Կեդրոնական Պիւրոն» հայկական ծանօթ կ՛ողմէ մը, այդ օրերուն իրեն ծանօթ վերաբերմունք հանդիսացող գործելաձեւի իբրեւ արդիւնք, հաղորդում մը կրնայ ստացած ըլլալ, որ կ՛ամբաստանէ Ռամկավարները, ձախակողմնութեամբ…:

Հաղորդումներն ու զեկոյցները, ոչ միշտ կը կատարուին արհեստավարժ մարդոց կողմէ: Անոնք  երբեմն նաեւ հիմնուած կ՛ըլլան փնթի տեղեկատուներու խօսքին վրայ: Անոնք յաճախ կը տրուին «ղազիթաճի»-ներու կողմէ պարզապէս մթնոլորտ պղտորելու համար, կամ ինչպէս աւելի վերեւը նշեցի, հաշուեյարդարը տեսնելու իրենց մրցակիցներուն:

Այս իմաստով վերոյիշեալ զեկոյցը կրնայ ենթադրաբար բնութագրուիլ որպէս նենգ հաղորդումի մը արդիւնք:

Նենգութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ բոլորովին անմեղ մարդոց հանդէպ կայ ամբաստանութիւն՝ պատկանած ըլլալու Ձախակողմեան թեւի:

Աւելին, այնտեղ միտում կայ տարանջատելու ՌԱԿ-ը ՀԲԸՄ-էն: Համախոհութիւն մը, որ այն ատենուայ մրցակիցներուն համար հաշտ աչքով չէր դիտուեր եւ պէտք էր սեպ մխել գործակից զոյգ կազմակերպութիւններուն միջեւ, նման բաներու մէջ միջամուխ ընելով վախցնելու կամ անվստահութիւն յառաջացնելու ՀԲԸՄ-ի մօտ:

Այնտեղ նշուած են այնպիսի մարդիկ, որոնք իրապէս ղեկավարներն էին Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ 1949-ի դրութեամբ երկու տարեկան սաղմային վիճակի մէջ էր: Միութիւն մը, որ բնականաբար մրցակիցը կրնար համարուիլ մեր կողմէ ենթադրութեան իբրեւ արդիւնք մատնանշուող կողմին, որ իր հերթին ունէր իրեն ուղեկից մշակութային միութիւնը, մինչ ԹՄՄ-ի յայտնուիլը լիբանանահայ կեանքի մէջ կրնար խանգարել մենատիրութեան հակումը ունեցող նշեալ կազմակերպութեան հաշիւները: Հետեւաբար պէտք էր ամէն գնով հարուածել անոր ղեկավարութիւնը, իր սաղմին մէջ խեղդելու համար նորաստեղծ «մրցակից» միութիւնը:

Չորրորդ կէտին մէջ կը նշմարենք, ոչ անպայման իրականութեան համապատասխանող վարկած մը, որուն միջոցով Ռամկավար ըլլալով նաեւ իբր թէ Ձախակողմեան անձնաւորութիւն ցոյց տալով «այրելու» անձնաւորութիւն մը, որ ունէր պաշտօն մը, որ նմանօրինակ հաղորդումներ տալու ռահվիրայ հայկական կողմը իւրայիններուն շնորհուած կ՛ուզէր տեսնել:

Հինգերորդ կէտին մէջ խորանալով, կարելի է եզրակացնել, որ մատնանշուած կողմին համար կրնայ ըլլալ նաեւ մտահոգութիւն էր Պէյրութի Ռամկավարներու ղեկավար դասին համալրումը Դամասկոսէն կամ այլ տեղերէն եկած այլ կարող ընկերներով, որոնք կրնային յաւելեալ արժէք հանդիսանալ Պէյրութի ՌԱԿ-ին ու գլխացաւանքը՝ ինքզինքը ՌԱԿ-ին հակադրող նշեալ ենթադրեալ հայկական կողմին:

Փորձելով ամփոփել, նշեմ, որ զեկոյցը հիմնուած է փնթի տեղեկատուի մը կողմէ տրուած մանրամասնութիւններու հիման վրայ, որովհետեւ այնտեղ նշուած ոչ բոլորը, կուսակցականներ են, ինչպէս օրինակ Սիսակ Վարժապետեանը:

Այս փաստաթուղթին մասին այստեղ՝ այսքանով պիտի բաւարարուիմ, նշելով որ սոյն զեկոյցին պատճառ հանդիսացող հաղորդումը կրնայ ըլլալ այդ օրերուն յաջորդող այլ՝ սեւ ծրագրի մը նախապատրաստութիւնն էր, որոնց մասին այս սիւնակին շարքով պիտի շարունակեմ  անդրադառնալ:

Յաջորդիւ պիտի քննարկենք գաղտնազերծուած այլ փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ատենի Կաթողիկոս՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Յովսեփեանցին, որ նմանօրինակ զեկոյցով մը մեղադրուած  է, որպէս Սովետ Միութեան կողմէ իբրեւ թէ գումարներ ստացած ըլլալու ամբաստանութեամբ, դարձեալ իբրեւ թէ, գործածուելու համար սովետամէտ քաղաքական նպատակներու մէջ:

Ս. Յ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին