Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքին Շնորհանդէսը: Օրը առիթ էր նաեւ յիշատակելու եւ միասնաբար տօնելու Մեծ Միութեան 119-ամեակը:
Ընդհանրապէս գիրքի մը Շնորհանդէսին համար ակնկալուած ներկաներուն թիւը շատ աւելիով գերազանցող հիւրերու ներկայութեամբ ընթացք առած սոյն ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ Հայաստանի գործադիր տնօրէն Մարինա Մխիթարեանը: Յաւուր պատշաճի բարի գալուստի խօսքէն ետք տիկին Մխիթարեանը խօսքը փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի նախագահի օգնական Արթուն Համալեանին, որ հեռակայ սփռումով ողջունեց ներկաները եւ իմաստալից բովանդակութեամբ ելոյթ ունեցաւ գիրքին ու անոր հեղինակին մասին: (Սեղմել այստեղ կարդալու համար Արթուն Համալեանի ելոյթին բովանդակութիւնը):

Մարինա Մխիթարեանի բովանդակալից եւ հեզասահ հանդիսավարութեամբ ձեռնարկը շարունակուեցաւ: Յաջորդ խօսքը բանասէր, Հ.Բ.Ը.Մ. Համացանցային Համալսարանի Հայոց Լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Զեփիւռ Թամէրեանը, որ համապարփակ ձեւով ներկայացուց գիրքը: (Սեղմել այստեղ կարդալու համար Զեփիւռ Թամէրեանի ելոյթին բովանդակութիւնը):
Հերթը հեղինակինն էր: Յովիկ Էօրտեքեան բեմ բարձրանալով յուզումնախառն ապրումներով իր սրտի խօսքը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ գիրքի լոյս ընծայման համար ջանք չխնայած անձերուն: (Սեղմել այստեղ կարդալու համար Յովիկ Էօրտեքեանին սրտի խօսքը):
Գեղարուեստական յայտագիրը իւրայատուկ էր: Բեմը իր հսկայ դաշնամուրով տրամադրութեան տակը դրուեցաւ Երիտասարդ Տաղանդներ՝ Սվետլանա Յակոբեանին եւ Մենուա Մելիք-Հայկազեանին, որոնք իրենց արտակարգ նուագով հմայեցին ներկաները:


ՀԲԸՄ Հայաստանի Նախագահ՝ Վազգէն Եագուպեանի նախաձեռնութեամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Էօրտեքեանին: Պարոն Եագուպեան հակիրճ խօսքով մը վեր առաւ հեղինակին վաստակն ու աւելի քան 30-ամեայ բարոյական ներդրումը ՀԲԸՄ Հայաստանի մէջ:

Պահը հասած էր Գինեձօնին: Հեղինակին կողքին բեմ հրաւիրուեցան Պարոն Վազգէն Եագուպեանն ու Ձեռնարկին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայացնող Հոգեշնորհ Տ. Ասողիկ Վրդ. Կարապետեանը աւանդական Գինեձօնը կատարելու:

Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսքը փոխանցելով, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ձեռնարկը աւարտեց Պահպանիչով:
Շնորհաւորանքներու եւ հիւրասիրութեան ընթացքին հեղինակը իր գիրքը մակագրեց ներկաներուն:
