Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահի Օգնական Արթուն Համալեանի Ելոյթը Յովիկ Էօրտեքեանի «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքի Շնորհանդէսին

Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2025-ին Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքին Շնորհանդէսը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահի Օգնական Արթուն Համալեանի ելոյթը արտասանուած այս առիթով:

Յարգելի ներկաներ,

Ինծի համար խորապէս հաճելի է մասնակցութիւնս բերել Յովիկ Էօրտէքեանի հեղինակած հատորի այս շնորհանդէսին: Ոչ միայն անոր համար որ Յովիկը ինծի սիրելի եւ մտերիմ բարեկամ մըն է, այլ որովհետեւ իր երկար տարիներու ազգանուէր գործունէութիւնը որպէս միութենական, նաեւ իբր խմբագիր, լրագրող եւ ժրաջան ուսումնասիրող, արժանի է գնահատանքի եւ երախտագիտութեան:

Անդրարառնալով հատորի բովանդակութեան, կարեւոր է հաստատել, որ վերջին 30 տարիներու Միութեան Հայրենի գործունէութեան ժամանակագրական արձանագրումի կարեւոր հանգամանքէն անդին, անիկա կը յատկանշուի պատմական դէպքերու զուգահեռներով, որոնք հեղինակը շարունակաբար կը նշէ իր արձանագրումներու ընթացքին: Իսկ գործունէութիւններու, ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու համապատկերը, կը դրսեւորէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան առաքելութիւնը բնորոշող հիմնական մտասեեւռումը, որ է ապահովել Հայաստանի մէջ ապրող հայերու մտաւոր եւ տնտեսական բարելաւումը:

359 էջերու մէջ ամփոփուած այս համապարփակ ժամանակագրութիւնը կարելի է խորագրել «Ամփոփ Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան»: Որովհետեւ ժամանակագրական յաջորդականութեամբ ներկայացուած Միութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ 1991-2021 տարիներուն, ունի նաեւ Միութեան մինչեւ այդ ժամանակաշրջանը երկարող պատմութեան ամփոփ նկարագրութիւնը, անոր հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ:

Դիւրին ընթեռնելի, արագ թերթատելի եւ համապատկերային իր բնոյթով, հատորը արձեռն ուղեցոյց մը եւ սկզբնաղբիւր մը կրնայ ըլլալ պատմութիւնը ուսումնասիրողներու համար, միաժամանակ նոյնքան եւ հաճելի ու օգտակար աղբիւր մը անոնց համար, որոնք կ’ուզեն ըմբռնել Միութեան այլապէս լայնածիր գործունէութիւնը, անոր առաքելութեան պարզ, յստակ եւ անխախտ ուղղութեան դրսեւորումներով, քաղաքական եւ տարածաշրջանային բարդ վերիվայրումներով, տագնապներով, աղէտներով եւ յաճախ աննախատեսելի զարգացումներով յատկանշուող մեր ժողովուրդի վերջին 120 տարիներու պատմութեան ընթացքին:

Հատորին մէջ կուռ գիծերով ներկայացուած է Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Խորհրդային Հայաստանի եւ ապա Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին Միութեան ծաւալած ազգային հսկայածաւալ գործունէութիւնը, համապատասխան աղբիւրներու նշումով:

Արագ ակնարկով մը երբ կը կարդանք գիրքի բովանդակութիւնը, մեր երեւակայութեան մէջ շարժապատկերային դրուագներու արագ յաջորդականութեամբ կը ներկայանան հիմնադիրներու տեսլականով՝ հայ ժողովուրդին տագնապները եւ կարիքները դիմագրաւելու պատրաստ եւ անոր հոգեմտաւոր զարգացման սատարելու կարողութիւնը ունեցող համազգային կազմակերպութեան մը ստեղծումը: Անոր արագ ճիւղաւորումը, անմիջապէս յաջորդող Ցեղասպանութիւնը, վերապրողներու, որբերու, տարագիրներու, հաւաքումի, օգնութեան, վերաբնակեցման, հայրենադարձութեան, կրթութեան աշխատանքներու կազմակերպումը:

Խորհրդային Հայաստան, Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմ, քաղաքական բարդ եւ վտանգաւոր յարաբերութիւններու խուսանաւում, զանգուածային հայրենադրձութեան կազմակերպում եւ ֆինանսաւորում, առողջապահական, կրթական, մշակութային, կենցաղային կառոյցներու ապահովում, Խորհրդային Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապեր, Մայր Աթոռ Ս. էջմիածնի հետ խոր եւ անխախտելի կապերու մշակում:

Երկրաշարժ, Սփիւռքի զարթնում եւ Հայաստանի օգնութեան աշխատանքներու համակարգում, անկախութիւն, ղարաբաղեան շարժում, պատերազմ, շրջափակում, ցուրտ եւ մութ տարիներ, Հ.Բ.Ը.Միութեան առաջնորդող դերակատարութիւն Հայաստանի մէջ, արդիական, հեռանակարային եւ կայուն զարգացման կառոյցներու ստեղծում, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կառուցում: Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, Ղարաբաղի մէջ կրթահամալիր եւ զարգացման ծրագիրներ, Միութեան հիմնասիւներու՝ մշակութային, կրթական, երիտասարդական, մարդասիրական եւ զարգացման յստակ ուղեծիրի հետեւողական գործադրում: Սուրիահայութեան տագնապ եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու օգնութեան եւ կազմակերպչական աշխատանք, Երեւանի մէջ Միութեան Կեդրոնի կառուցում, ուսումնական այլընտրանքային նախաձեռնութիւն, Վահէ Կարապետեան Կեդրոն:

Հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութիւն, Ցեղասպանութեան 100-ամեակ եւ նահատակներու սրբադասում, Ֆրանքոֆոնի գագաթնաժողով, համահայկական համագումարներ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ընդհանուր ժողովներ յարակից ձեռնարներով, համահայկական մարզախաղեր:

Անկախութեան երեսուն տարիներ՝ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումի եւ կառոյցներու ստեղծման եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու խարխափումներ, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի եւ Պերճ Սեդրակեանի նախագահութեան յատկանշական տարիներ:

Քառօրեայ պատերազմ, Արցախեան երկրորդ պատերազմ եւ Ազերի ցեղասպանական արարք՝ Ղարաբաղի հայաթափում: Միութիւնը կրկին աղէտներու եւ պատերազմի դէմ յանդիման, օգնութեան ծրագիրներ:

Այլ խօսքով, այս հատորը յստակ պատկերացում մը կու տայ Հայաստանի մէջ եւ առնչաբար սփիւռքի տարածքին, Միութեան յուսատու եւ լուսատու կնսունակ ներկայութեան մասին: Հատորի աւարտին կը գտնենք ծրագիրներու, փոխանցումներու եւ գործընկերութիւններու ցանկեր, նաեւ անուանացանկ եւ օգտագործուած աղբիւրներ: 

*   *  *

Հակառակ Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատմութեան եւ գործունէութեան վերաբերեալ արխիւային հարուստ նիւթերու առկայութեան, անոր մասին պատմական վերլուծական բնոյթով ուսումնասիրութիւնները թիւով շատ չեն: Այդ առումով յատկանշական է անշուշտ Էդուարդ Մելգոնեանի «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատմութիւն» հատորը: Յովիկ Էօրտէքեան կը նշէ նաեւ թէ յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներու Միութեան գործունէութիւնը պատշաճօրէն ներկայացուած է Վարդգէս Համազասպեանի եւ Էդուարդ Մելգոնեանի աշխատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Ռէյմոնտ Գէորգեան-Վահէ Թաշճեան համատեղ խմբագրուած պատմագիրքին մէջ, մատնանշելով նաեւ որ անոնց լոյս ընծայումէն անցած է գրեթէ երկու տասնամեակ:

Այս իրականութիւններու լոյսին տակ Յովիկ Էօրտէքեանի «Ակնարկ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երեսնամեայ Պատմութեան 1991-2021» հատորը իւրայատուկ է եւ կարեւոր ներդրում մը կը հանդիսանայ:

Հեղինակը՝ Յովիկ Էօրտէքեան, իր կենսագրութեամբ, բազմակողմանի ծանօթութեամբ օժտուած է եւ լայն աշխարհայեացքով կը մօտենայ գործին: Ան մօտէն եւ խոր կապերով առնչուած է Հ.Բ.Ը.Մ.ին եւ երկար տարիներ մասնակից եղած է անոր հոլովիյթին, Միջին Արեւելք, Հարաւային Ամերիկա եւ Հայաստան: Հետեւաբար, թէ որպէս սփիւռքահայ, թէ որպէս Հայաստանի քաղաքացի եւ մատենագիտական հարուստ ծանօթութիւն ունեցող անձ, յաւելելով նաեւ դէպքերու եւ անձերու հետ իր ունեցած անձնական ծանօթութիւնները եւ մտերմութիւնները, իր գործը դէպքերու, ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու ժամանակագրական արձանագրութենէն շատ աւելի խորքային բնոյթ ունի անկասկած:

Հեղինակը ներկայացուած համապատկերը յստակօրէն կը ձեւակերպէ իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ըսելով՝

Աւանդական եւ ժամանակակից նորարարական յայտագիրներու միջոցաւ, ինչպէս դպրոցական, սկաուտական խումբեր, ճամբարներ, արուեստներէն մինչեւ ասպարէզային փորձառութիւն, հեռավար ուսում եւ մասնագիտական ցանցեր, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը հոգայ Մայր հայրենիքի եւ համայն սփիւռքի մէջ սփռուած հայութեան կարիքները:

Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը ձգտի ազգային պատկանելութեան եւ հպարտութեան խորունկ զգացում յառաջացնել երիտասարդութեան մօտ, իրենց մէջ սերմանելով ազգային աւանդութիւններու նկատմամբ խոր հետաքրքրութիւն ու մղելով զիրենք որ յանձնառու ըլլան մեր ազգային հարուստ ժառանգութեան պահպանումին:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը մարդասիրական, կրթական, առողջապահական, մշակութային, ընկերային եւ եկեղեցաշինական բազմաբնոյթ յայտագիրներ գործադրած է հայրենիքի մէջ: Միութեան բարերարներու հովանաւորած յատուկ յատկացումներով գործադրուող յայտագիրները, որոնք ընդգրկած են տարիքային եւ ընկերային բոլոր հատուածները, նպաստած են հարիւր հազարաւորներու կեանքի պայմաններու բարելաւումին եւ գործի առիթներ ստեղծած անոնց համար:

Իմ մաղթանքս է որ այս հատորը նախաքայլ հանդիսանայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած մասնաճիւղերու պատմագիտական վերլուծական ուսումնասիրութեան: Որովհետեւ համոզուած եմ որ Միութեան բազմակողմանի դարաւոր փորձառութիւնը ուսանելի դասեր ունի որոնք իւրաքանչիւր մասնաճիւղի տեղական իւրայատուկ փորձին, ներհամայնքային փոխադարձ ազդեցութիւններուն եւ միջ-մասնաճիւղային եւ ներ-մասնաճիւղային, կեդրոնացեալ թէ ապակեդրոնացեալ ժողովրդավար աշխատաձեւերով, յաջողութիւններով թէ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու փորձառութեամբ, կրնան կողմնորոշիչ ըլլալ սփիւռքահայ իրականութեան եւ սփիւռք-հայրենիք արդիւնաւոր համագործակցութեան համար:

Վարձքդ կատար սիրելի Յովիկ, յարաճուն եռանդ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ քեզի:

Շնորհակալութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին