«Ամեն ազգ իր տականքն ունի,
բայց հայի տականքը ոչ մի ազգ չունի»
Գարեգին Նժդեհ
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը վերջերս անուանափոխուած է ինչ, որ անհասկնալի ու մոտայիկ անունով: Մեր բանակին պաշտօնական էջին բովանդակութիւնը կամ արխիւը ամբողջութեամբ ջնջուած է: Էջին նոր անուանումն է «Our Times/Մեր Ժամանակները»:
19 Մարտ 2012-էն ի վեր գործող եւ մեր ազգին հայրենասէր հատուածին հպարտութիւնը հանդիսացող սոյն էջը, որ ունի 159 հազար հաւանող եւ 179 հազար հետեւող, ո՛չ եւս է իր Արցախեան հերոսամարտի բովանդակութեամբ անգին արխիւով: Անոր տեղ, 21 Մարտ 2025-էն ի վեր այս էջը կը թարմանար թեթեւաբարոյ նորութիւններով:
Մտահոգ ու նախանձախնդիր հայորդիներ վերջին օրերուն այս նիւթով դիմած են Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապակցուած կողմերուն, տեղեակ պահելով եղելութեան մասին, քանի ի վերջոյ, անոնք տեղեակ պէտք է եղած ըլլային այդ էջը տնօրինող օգտատէրին ինքնութեան մասին: Ըստ երեւոյթին նշեալ կողմին ազդու միջամտութեամբ, տուեալ էջին նոր ու թեթեւ բովանդակութիւնը, վերցուած է այսօր: Փոխարէնը տեղադրուած է Արցախեան պայքարին վերաբերող քանի մը նկար ու նիւթեր, սակայն, ափսոս որ տուեալ էջին անցեալի պանծալի բովանդակութիւնը ենթադրաբար ընդմիշտ ջնջուած է: Անշուշտ այս մասին, ո՛չ մէկ մտահոգութիւն կամ միջամտութիւն Հայաստանի իշխանութիւններուն պատկան մարմիններուն կողմէ, որոնք իրենց կապերով ու համապատասխան գործիքակազմով, աւելի զբաղած են ֆէյսպուքի սովորական օգտատէրերու, իրենց դէմ արտայայտած կարծիքները ջնջել տալու կամ անոնց էջերը արգելափակել տալու «հերոսական» աշխատանքով:
Առաջին հայեացքով, ոմանք կրնան խորհիլ, որ էջը թշնամիին կողմէ կտրուած էր, սակայն փաստը այն է, որ փոխուած էջին քուլիսներուն մէջ յստակ էր, որ ան տակաւին կը տնօրինուի Հայաստանէն:
Մեր ենթադրութեամբ պատահածը հետեւեալն էր. Էջին անհայրենիք օգտատէրը փորձելով օգտուիլ էջին բազմահազար հետեւողներու գոյութենէն, ուզած է սեփականացնել զայն, Արցախի հաշուոյն բանալով իր սեփական «խանութ»-ը, որ ի դէպ այնքան ալ նոր երեւոյթ չէ, այն իմաստով, որ մեր պապենական Արցախի անունը շատ մը անհայրենիք ու պատեհապաշտ հիմնարկներու թէ անձերու կողմէ տարիներէ ի վեր բազմիցս օգտագործուած է անձնական ու ֆինանսական շահ ապահովելու նկատառումներով: Մեր սուրբ հողին ու նահատակներուն արիւնը բազմիցս շահագործուած է հայանուն էակներու կողմէ ու սա տակաւին անպատիժ: Այս մէկը սակայն Հայրենիքն ու ազգային արժէքները շահագործելու կամ մեր հաւաքական յիշողութիւնը ջնջել փորձելու շարքին նորութիւններէն է, որ կը յուսանք, թէ ՎԵՐՋԻՆ-ը կ՛ըլլայ:
Մինչ այդ, որքա՜ն իրաւացի էր Նժդեհը վերը նշուած իր պատկերաւոր խօսքով: Իրապէս, որ պատեհապաշտ ու աժան հայու տականքը իր մրցակիցը չունի…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ