Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Գործե՛նք Հիմա

Սիրելի Հայրենակից,  

Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, մինչեւ օրս կը շարունակուի այսպէս կոչուած «հայ ռազմագերիներու» Պաքուի կողմէ ապօրինի բանտարկուած վիճակը եւ անոնց հրապարակային դատավարութիւնը, ուր չարաչար կերպով ոտնակոխ կ’ըլլան միջազգային օրէնքի եւ կանոններու հիմնական պահանջները: Այս բոլորը կը հանդիսանան նաեւ համամարդկային ողբերգութիւն մը եւ նախատինք մը ուղղուած ամբողջ հայութեան:

Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք բանտարկեալներուն պաշտպանութեան համար՝ անկախ եւ անկուսակցական՝ միջազգային ճանաչում ունեցող մասնագէտներէ կազմուած այն մարմնին որ բարձրագոյն մակարդակի օրինական միջոցներով ներկայիս պաշտպանութիւնը ստանձնած է բանտարկեալ մեր եղբայրներուն:

Այս մարմինը այժմ լուրջ աշխատանք կը տանի ապահովելու համար բազմաթիւ երկիրներու դիւանագիտական միջազգային զօրակցութիւնը իր այս աշխատանքին:

Մենք մեր միջոցները տրամադրած ենք առաւելագոյն չափով օժանդակելու համար օրէնսգէտներու վերոյիշեալ պաշտպան մարմնին:

Նկատի ունենալով թէ ստորեւ՝ ANC-ի կողմէ նախաձեռնուած ստորահաւաքը կրնայ յաւելուածական տարողութիւն տալ կատարուող օրէնսգէտներու այս կարեւոր աշխատանքին, կոչ կ’ընենք ձեզ որ անվարան դուք, եւ ձեր շրջանակը եւս ստորագրեն զայն:

          Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

                                        եւ  Թէքէեան Մշակութային Միութեան

                 Աշխարհատարած Համադրուած Մամուլ


Ստորագրեցէ՛ք Խնդրագիրը. Դուք Կրնաք Օգնել Ազատելու

Պաքուի Հայ Պատանդները

Մենք կը պահանջենք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայ գերիներու ազատ արձակումը, եւ այդ նպատակով՝ ձեր աջակցութեան կարիքը ունինք։

Մենք նախաձեռնած ենք այս խնդրագիրը (ուղղուած ԵԱՀԿ-ի -Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն- բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն), որպէսզի օգտագործուին ԵԱՀԿ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող գործիքակազմերը (mechanisms)՝ գնահատելու Ատրպէյճանի օրէնսդրական եւ վարչական ընթացակարգերը՝ ԵԱՀԿ-ի հանդէպ իր յանձնառութիւններուն լոյսին տակ, փաստերուն արձանագրելու, ինչպէս նաեւ համապատասխան առաջարկներ եւ խորհրդատուութիւն կատարելու համար։

Իւրաքանչիւր օրը ճակատագրական է այս գերիներուն բարօրութեան ու կեանքին համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւին վրայ, որպէսզի դադրեցնէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ ազատ արձակէ անօրինական կերպով ձերբակալուած բոլոր գերիները։

Կը խնդրենք, որ ստորագրէք այս խնդրագիրը եւ օգնէք ազատելու Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները։

Ահա խնդրագրին կայքէջը https://armeniancause.net/?page_id=1191 :

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին