Ակնարկ
Gallup International-ը իր գործընկեր հաստատութեան հետ գործակցաբար, այսօր հրապարակած է Գիւմրիի ընտրութիւններուն վերաբերող իր հարցախոյզին արդիւնքները:
Եթէ աղբիւրին հաւաստիութեան եւ հարցախոյզը ընելու մեթոտաբանութեան վրայ չկասկածինք, ապա կարելի է հետեւեալը վերլուծել.
- Նման հարցախոյզներու «Դժուարանում եմ պատասխանել» կամ «Հրաժարուում եմ պատասխանել» ըսողները անպայմանօրէն բոլորն ալ ընտրուած նմուշին անտարբեր դասակարգին պատկանողները չեն ըլլար: Անոնց մէջ հաւանականութիւնը մեծ է, որ կայ վախցող դասակարգը, որ չուզեր բացայայտուիլ: Իսկ նման պահուն մարդիկ տարբեր պատճառներով ընդհանրապէս իշխանութենէն է, որ կը վախնան: Հետեւաբար կարելի է ենթադրել որ համապատասխան 10.6 եւ 11.6 տոկոսային յարաբերութիւնները, որոնց ընդհանուր գումարը 22.2% ոչ արհամարհելի թիւէն պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք կամ ընդհանրապէս պիտի չմասնակցին նշեալ ընտրութիւններուն եւ կամ պիտի քուէարկեն իշխանութեան դէմ: Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ այս պահուն իշխանական ցուցակը իր լաւագոյն վիճակին մէջ չի գտնուիր, բացի եթէ միւս ցուցակներէն մէկը կամ միւսը հակառակորդի imitation-ով խումբ մըն է, որ ի վերջոյ պիտի ծառայէ իշխանութեան:
- Այսպէս կոչուած ընդդիմութիւնը այնպէս ալ տակաւին հասկցած չէ, որ նպատակին (ՔՊ-ի թեկնածուին տապալել) հասնելու համար պէտք է ամէն գնով եւ սեփական «ԵՍ»-ը մէկ կողմ դնելու ազգային գիտակցութեամբ միաւորուի փոխանակ տարբեր ցուցակներով ներկայանալու: Այս պէտք է ընել նախ սկզբունքայնօրէն ապա թուաբանական պարզ հաշուարկով մը, ըստ որուն, իրենց ձայները տարտղնուելով կրնան փոշիանալ մինչ նիկոլական խումբինը կեդրոնանալով կրնայ շահիլ: Իսկ ինչ կը վերաբերի հայավարի այն տխուր տրամաբանութեան, որ նախ մտնենք աւագանի ապա այնտեղ կը միաւորուինք, ապա արդիւնքին մասին այսօրուընէ ցաւով ըսեմ որ կրնայ նոյնութեամբ կրկնուիլ Երեւանի պարագան, ուր ընդդիմութեան նման անմիտ մօտեցումով աթոռը մնաց իշխանական Տիգրան Աւինեանին…
Աւարտին ըսեմ, որ Գիւմրիի ընտրութիւններէն վեր եւ անդին կայ այլ երեւոյթ մը, որուն հանդէպ այսպէս կոչուած ընդդիմութիւնը տակաւին կոյր է, խուլ է եւ յամր. Նիկոլը ամէն օր իր անհաւատալի ելոյթներով, միշտ աւելի յստակ տողատակով նաեւ շատ պարզ կերպով կը յուշէ, որ ժողովուրդը իր դէմ դուրս գայ եւ հրաժարականը պահանջէ: Լսողը կամ ուզողը չկայ…
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ