Լիբանանի Մշակոյթի նախարար դոկտոր Ղասսան Սալամէն Պէյրութի մէջ գտնուող Ազգային գրադարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Աթաբէկեանին: Պարոն դեսպանին այցելութեան նպատակը եղած է արարողակարգային՝ շնորհաւորելու համար Սալամէն նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ երկու բարեկամ երկիրներուն երկկողմ յարաբերութիւններուն, ի մասնաւորի մշակութային յարաբերութեանց։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լիբանանի մէջ լաւագոյնս ներկայացնող, բարձրաստիճան դիւանագէտ, միեւնոյն ժամանակ իր կազմաւորումով մշակոյթի մարդ հանդիսացող պարոն Աթաբէկեանը իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, որ «Յոյսերը մեծ են Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման վրայ, յատկապէս՝ նախարար Սալամէի նման մշակոյթի նախարարի մը պաշտօնավարութեան օրօք», ընդգծելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը եւ փորձի փոխանակումը՝ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն:
***
Մեր կողմէ նշենք, որ Նախարար Ղասսան Սալամէն իր հերթին, մասնագիտութեամբ Միջազգային իրաւաբան, եւ Քաղաքագիտութեան Դոկտորի կոչումէն բացի նաեւ գրականագէտ է: Իր կողակիցը հայ է՝ Մարի Պօղոսեան: Ան նախապէս ալ՝ 2000-2003 զբաղեցուցած է Լիբանանի Մշակոյթի նախարարի պաշտօնը: Վարած է միջազգային բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններ: Սալամէ եղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գլխաւոր խորհրդական 2003-2006 տարիներուն, ապա դարձեալ 2013-ին: