Տիար Կարօ Աբրահամեան
Այրի տիկին Շաքէ Օհանեան – Չերչեան
ՏԷր եւ Տիկին Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեան եւ զաւակները Արաքս եւ Արման
ՏԷր եւ Տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Օհանեան
Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Արազ Ալոզեան
Տէր եւ Տիկին Շանթ Օհանեան եւ զաւակները
Տիար Գրիգոր – Նուպար Աբրահամեան
Եւ համայն Չերչեան, Մելքոնեան, Ղազարեան, Քէշիշեան, Կէօքճեան, Պայթարեան ընտանիքներ եւ պարագաները ցաւով կը գուժեն իրենց սիրեցեալ կողակիցին, դստեր, քրոջ, հօրաքրոջ, զարմիկին ու հարազատին՝
ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆ – ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ –Ի
(Ծնեալ՝ 1959 Պէյրութ)
(մտայղացող ու խմբագիր ՓԹԻԹ ի)
(անդամ Լիբանանի Մամլոյ եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներov միութեանց)
մահը որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2025-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
- Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սուրբ Նշան աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք էլ – Պլաթ:
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համմուտի Ազգային Գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանը:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնի Բ. յարկի սրահին մէջ Տպայէ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ յաջորդ օրը կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ եէրեկոյեան ժամը 7:00 նոյն վայրին մէջ:
Ծանօթ: Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել Հայ կրթական հաստատութիւններու եւ կամ հայատառ մամուլին:
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ նուիրեալ եւ տիպար միութենական հանցուցեալ Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի, իր ամուսնոյն՝ Հայ գիրի եւ գիրքի նուիրեալ՝ Կարօ Աբրահամեանին, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ բազմավաստակ միութենական՝ Վիգէն Չերչեանին եւ իր ընտանիքին: