Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ – Ոչ Եւս Է Նուիրեալ Միութենական Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

 Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը

եւ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը`

իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով,

սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն

ՀԲԸՄ-ի աւագ վեթերան, ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յանձնախումբի երբեմնի ատենադպրուհի, ՀԵԸ-ի մշակութային վարչութիւններու անդամ, լիբանանահայ վարժարաններու երկարամեայ ուսուցչուհի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արծուիկական եւ քառաւելական խմբապետուհի, «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի համահեղինակ, տիպար միութենական՝

Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի մահը,

որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 20 Մարտ  2025-ին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

Կենսագրական

ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ծնած է 1959-ին, Պէյրութ, կեսարացի արմատներով ծնողներէ։

Յաճախած է ՀԲԸՄ-ի Տէﬕրճեան Տիպար Մանկապարտէզ, Տէﬕրճեան նախակրթարան եւ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանները։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Պէյրութի Աﬔրիկեան Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ (տնտեսական եւ վիճակագրական գիտութիւններու մասնագիտացումով), աւարտելով բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ։

Կեանքի ասպարէզ նետուած է դրամատնային մարզէն ներս։ Իր իսկական կոչումը գտած է ուսուցչագործելով հայկական՝ Դարուհի Յակոբեան, Յովակիﬔան-Մանուկեան, Սահակեան ու Թէքէեան վարժարաններուն մէջ, դասաւանդելով թուաբանութիւն, իր աշակերտները պատրաստելով պրէօվէի քննութիւններուն եւ անոնց տեւաբար ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ։

Իր եղբօր՝ Վիգէն Չերչեանի հետ կանուխ տարիքէն մասնակցած է ՀԵԸ-ի զանազան շարժուﬓերուն եւ գործունէութիւններուն՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանցնելով սկաուտական շարժուﬕն (բարձրանալով արծուիկներու խմբապետութեան), պարախումբի, երգչախումբի եւ մշակութային վարչութիւններէն ներս։ Մի քանի տարի ալ ատենադպիրի պաշտօն ստանձնած է ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբին մէջ։ Արժանացած էր ՀԲԸՄ-ի կրկնակի վեթերանի վկայականին։

Իր տարիներու փափաքը եղած է մանկապատանեկան պարբերաթերթի մը հրատարակումը։ 2009-ին սկսած բծախնդիր եւ ուշադիր աշխատանքներուն շնորհիւ Մայիս 2010-ին լոյս տեսաւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթի նախապատրաստական թիւ 0 համարը։ Հակառակ աշխատակիցներու խումբի մը գոյութեան, ինք գրեթէ առանձին կը կատարէր խաղերու մտայղացումը, խմբագրումը եւ համակարգչային ձեւաւորուﬕ աշխատանքները, այդպիսով ﬕնչեւ 2020 թուականը պարբերաբար հրատարակուած է ՓԹԻԹ-ի 19 համար։ Այնքան ﬔծ էր պարբերականին գրաւչութիւնը, որ ՀՀ ԿԳՄՍ-ի պատուէրով եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին գործակցութեամբ Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ ՓԹԻԹ-ի 19-րդ թիւը՝ այնտեղ հաստատուած սփիւռքահայ մանուկներու համար։ Դժբախտաբար, արցախեան երկրորդ պատերազﬕ բռնկուﬕն պատճառով կարելի չեղաւ շարունակել յոյժ օգտաշատ այս ծրագիրը։

2015-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիﬓարկի Հայկական Բաժանմունքներու պատասխանատու՝ Դոկտ. Ռազﬕկ Փանոսեանի խրախուսանքով եւ Հիﬓարկի նիւթա-բարոյական նեցուկով եւ Վերժին Չերչեան Աբրահաﬔանի ջանքերով ստեղծուեցաւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքը, որուն կանոնաւոր յաւելուﬓերը լայն արձագանք գտած են սփիւռքահայ կրթական շրջանակներէն ներս։

ՓԹԻԹ-ը լայն ուշադրութեան արժանացած է սփիւռքահայ թէ հայրենի կրթական, մտաւորական եւ մամուլի շրջանակներուն մէջ եւ արժանացած է 150-է աւելի գրախօսականներու, դրուատալից գնահատականներու եւ յօժարակամ ծանուցուﬓերու։

2012 թուականին այն կը ստանայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հաստատած «Լաւագոյն մանկապատանեկան մամուլ» մրցանակը եւ պատուոգիրը, իսկ 2018 թուականին ալ՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի ձեռամբ՝ Համալսարանի պատուոյ յուշաﬔտալը։

Վերժին Չերչեան Աբրահաﬔան անդամ էր Լիբանանի Մամլոյ եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներու ﬕութիւններուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին