Ակնարկ
ԱՄՆ, պատկան մարմինները արդեն սկսած են իրենց հողերէն դէպի Հայաստան արտաքսել (deport) հազարաւոր ՀՀ քաղաքացիներ, որոնք անօրէն կարգավիճակով կը գտնուէին ԱՄՆ։ Ըստ հայկական մետիայով հաղորդուածին, հայկական կողմը իր հերթին կը պատրաստուի ընդունելու վերադարձուածները, անոնց համար մշակելով համապատասխան համարկումի (integration) ծրագիրներ…:
Փաստօրէն նախագահ Թրամփ յաջողեցաւ անուղղակի կերպով “հայրենադարձութիւն խթանել», բան մը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց զարմանազան՝ ձևական ծրագիրներով ձախողած են մինչև այսօր։
Իսկ եթէ 1946-ի յայտնի ներգաղթէն մինչև օրս, հայորդիներ, աշխարհի չորս ծագերէն, ի մասնաւորի, Մերձաւոր Արեւելքէն, հայրենասիրական, թէ այլ հասկնալի մղումներով ինքնուրոյն եւ կամաւոր կերպով նախաձեռնած են հայրենադարձութիւնը, ապա ԱՄՆ-էն նորօրեայ եկուորները, որոնք ժամանակին հայրենիքէն հեռացած էին, «ուր հաց, հոն կաց»ի մտածելակերպով, այսօր ստիպուած պիտի վերադառնան՝ ձեռնակապերով…
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յ.Գ.1.- Ըստ մեր աղբիւրներուն տակաւին չհաստատուած տեղեկութիւններուն, հակառակ այն փաստին, որ ամերիկեան համապատասխան համակարգը այնտեղ կեցութեան իրաւունք չունեցողներուն մեծամասնութեան հասցէները լաւ գիտէ, սակայն այս օրերուն այնտեղ անօրէն վիճակով մնացող հայերը կը ձերբակալուին «շնորհիւ» իրենց ազգակիցներէն ոմանց մատնութեան (յայտնի երեւոյթ մեր ազգին մէջ):
Յ.Գ.2. – Ըստ մեր նոյն աղբիւրներու նոյն չհաստատուած տեղեկութիւններուն, արտաքսումի ցուցակներուն մաս կը կազմեն նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ գողութեան կամ զեղծարարութեան տարատեսակ յանցանքներով ժամանակի ընթացքին ամբաստանուած եւ արգելափակուած հայեր՝ «ուր հաց, հոն կացի»ի ռահվիրաներ: Գուցէ, այս տեսակին «հայրենադարձները» տակաւին հայրենաբնակ իրենց ազգակիցներէն ոմանց, նոր տեսակի «ճարպիկութիւններ» կրնան սորվեցնել (դարձեալ ոչ այնքան անծանօթ երեւոյթ մը մեր Հայրենիքին մէջ):
Նոյն