Ֆրանքոֆոնեան ամսուայ նուիրուած միջոցառումներուն ծիրէն ներս, Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Պելճիքայի, Գանատային, եւ Զուիցերիայի դեսպանութիւններուն, Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակին հետ համատեղ եւ գործակցութեամբը Լիբանանի Բարձրագոյն Քոնսերուաթուարի ու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ եկեղեցուոյ մէջ, Ուրբաթ 14 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ազգային Սիմֆոնիք Նուագախումբի դասական երաժշտութեան «Ֆրանքոֆոնի Ներդաշնակութիւնը» խորագրով համերգը:

Այս խորհրդանշականօրէն համատեղ միջոցառումին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը (պարոն դեսպանի խօսքին ու համերգին ամբողջական տեսեսրիզը կը կցենք այս լուրին աւարտին):

Նշենք, որ այս բարձրորակ համերգը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ լիբանանեան տարբեր հեռուստաալիքներու միջոցաւ:
