Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան

   Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

   Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907-ի մայիսին: Անոր ծնողները եղած են՝ Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերէզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ վայելած է հօրեղբորորդի՝ Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ըստ այնմ ան կարողացած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:

   Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ուզունեան Ազգային նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց Սէն Բոլ գոլէճը: Կիլիկիոյ պարպումին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը յաճախէ Ֆրէրներու Սաքրը Քէօր գոլէճը: Եղած է քոլէճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Գոլէճին վեց տարուայ դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուայ ընթացքին եւ   յաջողած է ֆրանսական բժշկական դպրոցի մուտքի քննութեան:

   Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ կ’ունենայ եւ կ’արժանանայ քանի մը պատուոյ մրցանիշներու: Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք կ’անուանուի Հօթէլ Տիէօ հիւանդանոցի Extern, Interne, եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն: Կը մասնագիտանայ քիթ-կոկորդ-ականչ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ ապա կ’ընդունուի Սաքրը Քէօր հիւանդանոցը իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ եւ կը վայելէ փրոֆ. De Peyrelongue du Negrier հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը: 1941-ին կը ստանձնէ նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն կը վարէ երկար տարիներ:

   1947-1948 բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան կը մեկնի Փարիզ եւ վեց ամիսներու մէջ կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը:

   Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու: Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան որպէս օտար բացառաբար կ’արժանանայ O.R.L. Գիտական Միութեան Պատուոյ Անդամի տիտղո-սին, որ իր տեսակին առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

   Ան արժանացած է Լիբանանեան կառավարութեան Chevaller du Merite des Cedres-ի շքանշանին, երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատու-ցած ծառայութիւններուն համար: Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ Կաթողիկէ  Երիտասարդաց Միութեան եւ անդամ:

   Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանի Բժշկական Միութեան, հիմ-նադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է Միութեան վերելքին՝ գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է Միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է Միութեան ճանաչումին լիբանանեան պե-տութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել Հայկական հիւանդանոցի մը հաստատութեան Պէյրութի մէջ:

   Ան ամուսնացած է 1934-ին օրիորդ Արաքսիին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Մարի-Թերէզ, Յարութիւն եւ Ժիրայր:

   Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Ան եւ կողակիցը՝  տիկին Արաքսին ոճիրի մը զոհ գացած են  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին