Յարգելի Սեւակ,
Հայ մշակոյթի, գրականութեան եւ ամբողջ մեր մտաւոր ընդերքի շտեմարանները լոյս աշխարհ բերելու, գիրքերու թուայնացումի իմաստուն այս նախագիծը, հայ ընթերցողին տրամադրութեան հասանելի դարձնելու այս բովանդակալի եւ օրինակելի քայլը շատ բարձր կը գնահատեմ։
Յառաջադէմ երկիրներ ունին թուայնացումի բարձր մակարդակ, իրենց թուային կարողութիւնները առաջ մղելու շարունակական միտում, գոյատեւութեան ամրագրում: Թող թուայնացումի ճանապարհով ընթանայ հայ մամուլի եւ ամէն մէկ հայ միաւորի նպատակը՝ անհրաժեշտ հեռանկարի հիմքը, ռազմավարութիւնը եւ գործելաոճը։
Մեր մտաւոր եւ ստեղծարար գանձարաններու իմաստասիրութիւնը, ժառանգութիւնը դարաններէն դուրս հանելու եւ բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու այս անհրաժեշտ քայլը ներկայ ու գալիք մեր սերունդներուն համար՝ մտածելու, նոր հորիզոններ ու հպարտութեան շօշափելի առիթներ տալու հնարաւորութիւն է: «Ի՞նչը եւ ինչպէ՞ս»-ը մտածելու անշշուկ երկխօսութեան, ինքնաքննարկումի եւ ինքնարժեւորումի կարելիութիւններ տրամադրելու կամուրջ է:
«Զարթօնք»ի նախաձեռնած թուայնացումի այս ծրագիրը, թող օրինակելի դառնայ իբրեւ բազմօգուտ նախանմուշ:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Լեհաստան