Ի հեճուկս ազգային մեր արժէքները աղաւաղող, նսեմացնող կամ ուրանալ փորձող ՀՀ իշխանութիւններու մերօրեայ ներկայացուցիչներուն, այսօր՝ 27 Փետրուար 2025-ին Հայ Ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ Վարդանանց յիշատակը:
Ի տես մերօրեայ ամէն տեսակի այլասէրութեան երեւոյթներու, աւանդականը ծաղրելու միտումներուն, արեւմուտքը՝ մեր ազգի փրկութեան օրրանը սեպելու, եւ այլանդակը՝ ժամանակակից սեպելու թիւրըմբռնման, հետեւեալը կարժէ խորհրդածել այսօր.
Մարդկային պատմութեան ոչ այնքան քաջածանօթ հասարակութեան կը թուի, թէ «Համաշխարհայնացումը»՝ նորօրեայ երեւոյթ է:
«Համաշխարհայնացում»-ը, այսօր՝ խորքին մէջ «արեւմտայնացում»ն է: Արեւմտեան աշխարհի (Ամերիկա, Եւրոպա) «մշակոյթ»-ի, բարքերու եւ կենցաղի պարտադրանքն է, աշխարհի մնացեալ ազգերուն վրայ:
Հին աշխարհին մէջ չկար «արեւմուտք»: Իր օրերուն Մեծն Աղեքսանդրը իր դէպի արեւելք արշաւանքներով «հելլենայնացում»-ն էր, որ կ՛ընէր: Հռովմայեցիները՝ «հռովմէայնութիւն»ը: Յոյները՝ իրենցը: Արաբները՝ «Իսլամայնացում»-ը, թուրքերը՝ օսմանացումը եւայլն: Աւելի ուշ Սովետական Միութիւնը՝ յեղափոխութեան իր արտածումով՝ համայնավարութիւնը, Հիթլերը՝ «Նացիզմայնացում»-ը եւ այսպէս, շարունակ: «Թուրանականութիւն»-ն էր պակաս, որ արդէն ամէն օր աւելի եւս կ՛ուրուագծուի: Մեծը կը չէզոքացնէ փոքրին մշակոյթը, նոյնացնելով զայն իր հետ քաղաքա-մշակութա-տնտեսական ազդեցութեան նկատառումներով:
Վարդանանք, իրենց օրին՝ մե՜ծ զոհաբերութեամբ կասեցուցին հայոց աշխարհի վրայ զրադաշտական մշակոյթի տարածումը: Կարելի է երկար քննարկել «բարոյական յաղթանակ»-ի մը շօշափելիութիւնը: Սակայն փաստը այն է, որ Վարդանանց մարտնչումը, գումարած այդօրեայ աշխարհաքաղաքական զանազան տուեալներուն վրայ, պատճառ հանդիսացաւ, որ Հայ մշակոյթը գոյատեւէ ու Հայ ժողովուրդին պատմական արժէքները հասնին մեզի:
Վասակ Սիւնիի կերպարն ալ ինքնին քննարկելի է: Իրապաշտ-քաղաքագէտ-դիւանագէ՞տ (real-politician), թէ՞ դաւաճան, սակայն փաստը այն է, որ Վարդանանցը դարերէ ի վեր, ազգովին մեծ հպարտութեամբ կը նշենք, մինչ չկայ Հայ ընտանիք մը, որ իր զաւակը Վասակ կը կոչէ…:
Այսօր՝ Վարդանանց տօնն է, մինչ մենք կ՛ապրինք համաշխարհայնացումի ամենածանր ազդեցութիւններուն տակ Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ: Սորոսականները, այպէս կոչուած «բաց հասարակութիւն»ները, «խաղաղասիրական» կեղծ լոզունգները եւ այլոք անխնայ կ՛արշաւեն: Մեր ազգային-քրիստոնէական արժէքները լրջօրէն վտանգուած են: Սփիւռքը կը հիւծի, մինչ վտանգուած է Հայրենիքը: Հարցական է իր ազգային-արժէքներով ու մշակոյթով յատկանշուող Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը:
Վասակի կերպարը այսօր յարիր է Հայաստանի իշխանութիւններուն (աւելի դաւաճանի կերպարով, քան դիւանագէտի): Այսօր՝ կը բացակայի ազգային գաղափարախօսութիւնը մեր ժողովուրդին մօտ: Կը յամենան Վարդանանք…:
Հայոց Պատմութիւնը նման դժուար օրեր ունեցած է, սակայն փաստը այն է, որ Հայ ժողովուրդը միշտ ալ ծնած է «Վարդան»ներ ու «Ղեւոնդ երէց»-ներ, որոնք ամենաճակատագրական պահուն յայտնուած են: Անոնք իրենց սեփական անձը զոհաբերելու գնով, իրենց սուրն ու խաչը վեր բռնած կոչած են՝ Վասն Հաւատի եւ Վասն Հայրենեաց:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ