Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 09:30-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Դպրեվանքի սաներու պատրաստութեամբ գեղարուեստական յայտագիր, որուն աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պիտի փոխանցէ Վարդանանց պատգամը։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայ գտնուելու եկեղեցական-ազգային տօնակատարութեան, որպէսզի Վարդանանց ոգիով վերանորոգուած՝ ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն կեանքը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ