ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Ութ տարի առաջ, լեզուի տօնին (Փետրուար 21) կեանքի կոչուեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքը, որ իր բազմազան նիւթերով դարձաւ գիտելիքներու շտեմարան։ Կայքէն երեք տարի ետք՝ ստեղծուեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի YouTube-եան ալիքը, ուր առայսօր տեղ գտած են աւելի քան 150 ուսուցողական եւ գրական տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած տեսանիւթեր։
Մեր առաջին համագործակցութիւնը, որ կը շարունակուի առայսօր, Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հետ է, որ տարին 12 տեսանիւթ հրապարակելէն բացի՝ պսակուեցաւ նաեւ արեւմտահայերէնի վերածուած, ինչպէս նաեւ հեղինակային գիրքերու մանկապատանեկան գիրքերու հրտարակութեամբ։ Այս համագործակցութեան իբրեւ արդիւն՝ շրջանի հայկական դպրոցի «Մայրենի Լեզու» դասագիրքերուն դասերը տեսերիզներով ներկայացնելը մեծապէս կը նպաստեն հայոց լեզուի դասերը հաճոյքով սորվելուն եւ իւրացնելուն, ինչը կը նպաստէ նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման։
Նախադպրոցական տարիքի տեսանիւթերը նոյնպէս մեծ արձագանգ ստացան. ծնողներու եւ ուսուցիչներու բազում վկայութիւններով, անոնք կը նպաստեն արեւմտահայերենի իւրացման եւ հեշտ ընկալման։ Մեր երկրորդ բեղուն համագործակցութիւնը, որ նոյնպէս կը շարունակուի առայսօր, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի հետ է. անցնող տարիներուն ընթացքին՝ ամսական դրութեամբ յաջորդաբար ներկայացուցած ենք ազգային ու եկեղեցական տօներուն նուիրուած տեսանիւթեր, որոնք մեծ ընդունելութիւն գտած են եւ դարձած ուսումնաօժանդակ նիւթեր Սփիւռքի բազում դպրոցներու համար:
Հրապարակած ենք ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի հեղինակած նոր տարուան նուիրուած հեքիաթներ, Արցախի ու հայոց պատմութեան մասին տեսանիւթեր, արեւմտահայերէնի վերածուած ու հեղինակային երկու մանկապատանեկան գիրք, որոնք շուտով պիտի ներկայացուին հանրութեան։ Մեր երրորդ համագործակցութիւնը եղաւ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հետ՝ պատրաստելով «Ո՞վ է Գիտակը» մրցաշարին համար նախատեսուած 20 տեսանիւթ, որոնք ամիսներէ ի վեր յաջորդաբար կը հրապարակուին, մինչ մրցաշարին սկսիլը։
Տեսանիւթերը իրենց բազմազան բովանդակութեամբ հասանելի են հանրութեան. Անոնք, բացի գիտելքներ փոխանցելէն, կը նպաստեն նաեւ արեւմտահայերէնի զարգացման։ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը՝ երախտագիտութեամբ՝ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր հետ համագործակցող այս պատկառելի երեք կառոյցներուն, որոնք իրենց կարեւոր ծրագրերուն իրականացումը կը վստահին մեզի։ Անոնց շնորհիւ է, որ մեր գործունէութիւնը կը շարունակուի եւ հնարաւորութիւն կ՛ունենանք ստեղծելու մնայուն ծրագրեր, որոնք իրենց երկարակեացութեամբ օգտակար դարձան եւ պիտի շարունակեն դառնալ բազում սերունդներու։
Երախտապարտ ենք նաեւ մեզի հետ համագործակցող ուսուցիչներուն եւ մեր նիւթերը տարածող բոլոր հետեւորդներուն։