Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր բաղկացուցիչ կառոյցներով, երախտաւոր անդամներով եւ բարեկամներով, քաղաքական գործունէութեան կողքին, իր գոյերթին ամբողջ ընթացքին իր առաջնահերթութիւնը նկատած է պահել ու պահպանել Հայ գիրքն ու գիրը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան շարքերուն պատկանող, նշեալ կառոյցներուն համակիր, թէ բարեկամ՝ անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ երախտաւոր գրողներ եւ մտաւորականներ, հեղինակած, խմբագրած, կամ հրատարակած են գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ գաղափարախօսական նիւթեր ու խոհեր:
Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ ըլլալու հանգամանքը, թերեւս առիթը չէ տուած մեզի ունենալու կուսակցական կեդրոնացած գրադարան մը, ուր մէկ տեղ ամփոփուած եւ պահպանուած ըլլան մեր կուսակցութեան ու միութեան վերաբերող կամ իրենց հետ առնչուող հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայ Դատին նուիրուած օգտաշատ տարբեր հրատարակութիւններ:
Այս պատճառով, եւ օգտուելով արհեստագիտութեան նորագոյն պայմաններէն, խմբագրութիւնս ատենէ մը ի վեր կը ծրագրէր գոնէ մասամբ իրագործել նման գրադարանի մը մէջ ի մի բերել նշեալ երախտաւորներուն գործերը:
Այսպէս է, որ ծնաւ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Ելեկտրոնային գրադարանի գաղափարը, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքին վրայ (www.zartonkdaily.net), որ պարբերաբար թարմացուելով, պիտի պարունակէ ոչ միայն մեր կազմակերպութեան հետ առնչուող գիրքերու ելեկտրոնային կամ թուայնացուած օրինակները, այլ նաեւ կապակցուած տեսերիզներ, պատմական լուսանկարներ եւ այլ արխիւային նիւթեր: Այս նպատակին իրագործման համար ապաւինած ենք մեր թերթին արխիւին ու ֆիզիքական գրադարանին պարունակութեան, ինչպէս նաեւ ազգային թէ այլ գրադարաններուն մէջ կամ անոնց միջոցով թուայնացած գիրքերուն եւ նիւթերուն վրայ, որոնք սիրով պիտի հաւաքագրենք մէկ հասցէի մէջ, դիւրացնելու համար հետաքրքրուող ընթերցասէրներուն թէ ուսումնասիրողներուն գործը:
Այսօր ուրախ ենք յայտարարելու, որ մանր քայլերով մեկնարկը կու տանք սոյն ծրագրին, հաւատալով, որ ան առաջին գործնական քայլը պիտի ըլլայ ապագային ունենալու այս նպատակին նուիրուած ինքնուրոյն եւ լիարժէք՝ մասնագիտական առանցին յատուկ կայքի մը ստեղծման ճամբուն վրայ:
Մեր ընթերցողները պարբերաբար պիտի ստանան ծանուցողագիր մը, որ կը հաղորդէ մեր կայքին գրադարանին էջին վրայ նոր նիւթ մը աւելցած ըլլալու լուրը, զայն իրենց տրամադրութեան տակ դնելով հանդերձ:
Այս առիթով, գրասէր եւ ընթերցասէր հայորդիներէն, ինչպէս նաեւ մեր գրող ընկերներէն ու բարեկամներէն պիտի խնդրենք մեզի հետ կիսուիլ, իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող առնչակից գիրքի մը կամ նիւթի մը ելեկտրոնային տարբերակը, զայն ուղարկելով մեր հասցէին՝ zartonkadl@gmail.com , առ ի հարստացում մեր կեդրոնացուած ելեկտրոնային գրադարանին: Նշենք, որ մեր կայքի նշեալ բաժինին՝ ինչպէս միւս բոլոր բաժիններուն մուտքը պիտի ըլլայ անվճար եւ բաց բոլորին համար:
Բարի երթ եւ օգտակար ու հաճելի ընթերցում բոլորիս:
Խմբ.