Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Գաղափարի Անխոնջ Զինուոր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Անմեռ Գործը Ի Պատուի

Հայաստանի ԱԶԳ և Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ թերթերուն նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կայացաւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ» գրքի 3-րդ հրատարակութեան շնորհանդէսը:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, փետրուարի 8-ին, ժամը 14:00-ին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի «Հայկաշէն և Մարի Ուզունեան» գրադարանին մէջ: Օրուայ խօսնակն էր, Հայրենի գրող եւ գրականագէտ Կարօ Վարդանեանը, որ սիրով ընդառաջած էր մեր փափաքին: Պարոն Վարդանեանը հանգամանալից կերպով վեր առաւ Մեթրին Գործն ու Մարդ տեսակը:

Գաղափարի անխոնջ զինուորին՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին սոյն գիրքին Գ. տպագրութիւնը իրականութիւն դարձած էր շնորհիւ հանրածանօթ ազգային նուիրեալ գործիչ՝ բժիշկ Յակոբ Այնթապլեանին: Այս ազնիւ գործը իրականացնելու մէջ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւնը պատիւը ունեցած էր համագործակցելու յարգելի մեկենասին հետ: Պէտք է նշել, որ ի տարբերութիւն գիրքին 2-րդ հրատարակութեան այս 3-րդ հրատարակութիւնը կը պարունակէ Մեթրին ամբողջացուած կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին մատենագիտական ամբողջական ցանկը, որ պատրաստուած է Մեթրին բարեկամ, լիբանանահայ գրքասէր ու գրասէր, ազգային գործիչ եւ Մեթրին բարեկամ՝ Կարօ Աբրահամեանին կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էին Մեթրին սիրող հայաստանաբնակ ընտրանի մը, ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որ հատուած մըն էր 9 Յուլիս 2021-ին, Պէյրութի մէջ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կազմակերպած՝ Արցախի նուիրուած ձեռնարկին: Ձեռնարկը զուգադիպեցաւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին մահուընէ ընդամէնը ամիս մը առաջ, որուն գլխաւոր բանախօսն էր ինք, ուր ինք իր պատգամը փոխանցեց մեզ,  մինչ մենք այդ պահուն չէինք գիտեր, թէ այդ հրապարակային ելոյթը պիտի ըլլայ մեծ Մարդուն «կարապի երգ»ը:

Հանդիպման ընթացքին, ներկաներուն մէջ գտնուող՝ Մեթրին ազնիւ քոյրը՝ Սրբուհի Տէրտէրեան-Սարգիսեանը մեզ յուզեց, իր սիրելի եղբօր՝ Գասպար Տէրտէրեանի մանկութենէն հետաքրքրական դրուագներ յիշելով:

Սոյն գիրքին վերահրատարակութիւնը իր պահանջատիրական բովանդակութեամբ ու այդ առիթով կազմակերպուած նշեալ շնորհանդէսը ինքնանպատակ չէր: Ան մեր կողմէ նպատակադրուած կարեւոր պատգամ մըն է, ուղղուած՝ առ որ անկ է, մանաւանդ մեր ազգի արդի պատմութեան այս անփառունակ օրերուն, ուր մեր Հայրենիքին ղեկավարութիւնը անարժանաբար ստանձնած կողմը, ո՛չ միայն պատճառ հանդիսացած է Արցախի կորուստին, այլ հարցական առարկայի վերածած է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը: Կասկածի տակ առած է Հայ Դատն ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը, ու կը փորձէ արժեզրկել մեր դարաւոր ժողովուրդին սուրբ խորհրդանիշերը:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին կեանքին ու գործին իւրաքանչիւր դրուագը Հայոց պատմութեան առանձնայատուկ դաս է բոլորիս, ու առաքինութեան, անվեհերութեան եւ նուիրուածութեան դասական օրինակ: Խորապէս կը հաւատանք, որ անզուգական Մեթրին ընկերներուն, իրեն հետ աշխատած գաղափարակիցներուն եւ զինքը ճանչցած  շատ շատերուն հոգիներուն մէջ, այս գիրքով եւ ընդհանրապէս, պիտի չլռէ ազնիւ հայու տեսակին հանդէպ մեր ունեցած մեծ կարօտը:

Այս առիթով, պէտք է յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել գիրքին բովանդակութիւնը մեզի սիրով տրամադրած եւ անոր վերահրատարակութեան իրաւունքը մեզի շնորհած Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին, որուն սիւներէն էր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը: Անոր ակնառու ղեկավար դէմքն ու տոհմանշանն էր ան, իր առինքնող բնաւորութեամբ ու անանձնական մօտեցումներով: Շնորհակալութիւն նաեւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, այս նախաձեռնութեան յաջողութեան ի խնդիր, իր ստանձնած ազնիւ դերին համար:

Շնորհակալութիւն մեր գործընկերոջ՝ ընկեր Յակոբ Աւետիքեանին, հանդիպումը իր եւ մեր սիրելի ԱԶԳ թերթին հետ գործակցաբար կազմակերպելու առիթին համար:

Շնորհակալ ենք Հայաստանի Հ2 հեռուստակայանին, եւ Նաիրա Փայտեանին, միջոցառումը լաւագոյնս լուսաբանելու համար: Շնորհակալութիւն Երեւանի Թէքէեան Կենդրոնի տնօրէնութեան:

Անհուն շնորհակալութիւն, շնորհանդէսի  սիրելի խօսնակին՝ ընկեր Կարօ Վարդանեանին, որ վայրկեան մը իսկ  չվարանեցաւ իր համաձայնութիւնը յայտնելու այս պարտականութիւնը սիրով ստանձնելու: Այս առիթով շնորհակալութիւն մեզ եւ մեր թերթին բարեկամ՝ Վազգէն Պետրոսեանին. ինք գիտէ թէ ինչու համար…:

Խմբ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին