Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Սէուտական Արաբիան Պիտի Յաջողի՞ Իր Անցեալի Ազդեցութիւնը Վերականգնել Լիբանանի Մէջ

Լսել նիւթին լսողական տարբերակը

Ձայնագրութիւնը յառաջացած  է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:


Երկար տարիներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով Սէուտցի նախարարը Պաապտայի նախագահական պալատ այցելած է։

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը ժամանելով Լիբանան հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ:

Նախարարը յայտնած է, թէ. Նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` կայունութեան հաստատման կարողութեան նկատմամբ իր երկիրը վստահութիւն ունի:

Պըն Ֆարհան աւելի ուշ  հանդիպած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւս:  

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելած է նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի շնորհաւորելով եւ նեցակցութիւն յայտնելով իրեն:

Շատ  մը դիտորդներ, նախարարին այցը կը դիտեն որպէս Լիբանանը իր արաբական բնական շրջապատ վերադարձնելու ճիգ:

Սակայն ի տես շիա համայնքը ներկայացնող զոյգ կուսակցութիւններուն յամառ դիրքին, Սէուտական Արաբիան պիտի յաջողի՞ իր անցեալի ազդեցութիւնը վերականգնել Լիբանանի մէջ, թէ պիտի յայտնուի իր շրջանային մրցակիցներուն պատնէշին դիմաց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին