Լսել նիւթին լսողական տարբերակը
Ձայնագրութիւնը յառաջացած է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:
Տեսանկիւն
Կան որոշ մարդիկ, հաստատութիւններ կամ ժողովուրդներ, որոնք ամենապարզ խնդիրներուն հետ կ՛առնչուին այնպէս, կարծես թէ ան չափազանց անհասկանալի է: Անոնք խնդրի մը պարզ ճշմարտութիւնը ընդունելու փոխարէն, կոյր կը ձեւանան եւ «ստեղծագործ» ու չնաշխարհիկ գաղափարներով հանդէս կու գան արդարացնելու համար խնդիրը:
Գաղափարը հետեւեալն է ու չափազանց պարզ. Եթէ օր մը յայտնաբերենք, որ մեռած ձիու վրայ նստած ենք, լաւագոյն եւ ամենապարզ լուծումը անոր վրայէն վար իջնելն է: Ափսոս, որ իրականութիւնը այլ է ոմանց մօտ:
Կան մարդիկ, հիմնարկներ կամ ժողովուրդներ, որոնք տուեալ ձիէն իջնելու փոխարէն այլ միջոցներու կը ձեռնարկեն: Օրինակ.
1. Նոր թամբ մը կը գնեն:
2. Ձիուն համար անասնակեր կը բերեն։
3. Կը փոխեն ձիուն հեծեալը:
4. Աշխատանքէն դուրս կը հանեն ձին խնամողը ու անոր փոխարէն նոր աշխատող մը կը բերեն։
5. Անոնք հանդիպումներ եւ ժողովներ կը կազմակերպեն, քննարկելու համար ձիուն արագութիւնը բարձրացնելու ընթացակարգերը:
6. Յանձնաժողովներ եւ աշխատանքային խումբեր կը ձեւաւորէն սատկած ձիուն ուսումնասիրելու եւ խնդիրը վերլուծելու համար: Յանձնաժողովները կ՛աշխատին ամիսներ շարունակ, այնուհետեւ կը ներկայացնեն մեռած ձիուն վերաբերեալ հաշուետուութիւններ եւ լուծումներ:
7. Ի վերջոյ, յանձնաժողովները կը հանգին նոյն եզրակացութեան՝ բան մը, որ ի սկզբանէ յայտնի էր. «Ձին ՍԱՏԿԱԾ է»։
8. Բայց այս բոլոր ջանքերը, միջոցներն ու ժամանակը վատնած պահուն, անոնք չեն ուզեր ըսել կամ հասկնալ պարզ ճշմարտութիւնը: Անոնք իրավիճակը արդարացնելու համար տուեալ ձին կը համեմատեն նման մեռած ձիերու հետ ու կը հանգին այն «եզրակացութեան», որ ձին մեռած է, քանի որ ան լաւապէս մարզուած չէ եւ կարիքը ունի վերապատրաստման դասընթացքներու։
9. Այս դասընթացքները իրագործելու համար կ՛աւելցնեն ձիերուն համար յատկացուած պիւտճէն:
10. Ի վերջոյ, անոնք կը վերասահմանեն «մեռած» բառը, որպէսզի իրենց անձերը համոզեն, որ ձին դեռ կենդանի է:
Առակս զի՞նչ ցուցանէ.
Այս է վիճակը, սփիւռքի ազգային մեր շատ մը հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն սատկած ղեկավարութեանը, մինչ սփիւռքահայութիւնը կ՛ապրի իրականութիւնը ժխտելու (denial) հոգեվիճակի մէջ: Նոյնն է պարագան մեր Հայրենիքին մէջ, ու յատկապէս անոր Ազգային Ժողովին մէջ գոյութիւն ունեցող «ընդդիմութեանը»-ը, որ սատկած է: Նոյնպէս սատկած են այս պահուն Հայաստանի մէջ «ընդդիմութիւն» խաղցող զարմանազան շարժումները իրենց ղեկավարներով հանդերձ:
Վերի տեսութենէն քաղուած դասը ցոյց կու տայ, թէ մեր հաւաքականութեան մէջ, ինչքան շատ մարդիկ կան, որոնք կը գերադասեն մնալ իրականութեան ժխտման մէջ եւ իրենց ժամանակը, ջանքերն ու կարողութիւնները կը վատնեն ձախողած փորձերու մէջ՝ խնդիրը ի սկզբանէ ճանչնալու եւ դառն իրականութիւնը ընդունելու փոխարէն:
Հետեւաբար սփիւռքի մէջ մեր ազգային նմանօրինակ հոգեվիճակը պէտք է օր առաջ բուժել առողջ եւ նպատակասլաց հաւաքականութիւն մը ունենալու ի խնդիր: Նոյնը պէտք է ընել մեր Հայրենիքին մէջ, ամեն գնով փոխելու մեր երկրին մէջ իբր թէ առկայ ընդդիմութեան ներկայ մոտելը կամ արդեն վաղուց սատկած ձին, եւ ընդդիմութեան գործելաձեւի մասին մեր թիւր հասկացողութիւնը՝ քանի ուշ չէ: Պէտք է ամէն գնով նախ եւ առաջ սկսիլ ԱԺ «ընդդիմադիր» խմբակցութիւններու անդամ պատգամաւորներուն զանգուածային եւ յանկարծակի հրաժարականի օրինակով, հասնելու համար լիարժէք իշխանափոխութեան մը, որ վերջ կրնայ տալ մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ապրած վերջին տարիներու այս պատմական թաւշեայ թիւրիմացութեան:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ