Լսել նիւթին լսողական տարբերակը
Ձայնագրութիւնը յառաջացած է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:
Դէպի 90-ամեակ
Արհեստական բանականութիւնը (Artificial Intelligence – AI)` կամ այսուհետեւ ԱԲ-ն, կը համարուի յեղափոխական արհեստագիտութիւն մը, որ ինչպէս շատ մը ոլորտներուն մէջ, նաեւ լրագրութեան աշխարհին մէջ կրնայ վերափոխել մետիա ոլորտը և լրագրութեան ստեղծման, արտադրման ու սպառման ձևը: Այլ խօսքով, արհեստական բանականութիւնը այն համակարգն է, որ կրնայ ունենալ այնպիսի գործառնութիւններ, որոնք զինք կը նմանցնեն մարդուն:
Մետիայի ոլորտին մէջ, արտադրողական (generative) ԱԲ֊-ն, այսինքն անոր այն տեսակը, որը կրնայ բովանդակութիւն ստեղծել օգտատէրերուն հրահանգներուն հիման վրայ, կարողութիւնը ունի ինքնավար կերպով գործադրելու առօրեայ առաջադրանքներ, ինչպէս օրինակ՝ ստեղծել լսատեսողական (audiovisual) բովանդակութիւն, վերլուծել մեծածաւալ տուեալներ, աջակցիլ փաստերու ստուգման գործընթացին և իր լսարանին մատուցել խիստ անհատականացուած բովանդակութիւն՝ հիմնուած անոր նախասիրութիւններուն վրայ: Օրինակ.
- Ան նոր ուղիներ կը բանայ լրատուական եւ այլ նիւթերու արտադրողականութեան և արդիւնաւէտութեան համար՝ միաժամանակ նուազեցնելով բովանդակութեան ստեղծման ծախսերը:
- Համաշխարհային շատ մը մետիա կայքեր ու լրատուամիջոցներ այսօր, արդեն սկսած են ուսումնասիրել ԱԲ-ի հնարաւորութիւնները, և մենք վստահ ենք, որ անոր կիրառումը կ՛աւելնայ, երբ այս արհեստագիտական գործիքը դառնայ աւելի հասանելի ու ըմբռնելի մետիա ոլորտի պատասխանատուներուն:
Ի տես այս օգտաշատ նորարարութեան, ԶԱՐԹՕՆՔ միշտ հաւատարիմ տասնամեակներու վրայ երկարող իր յանձնառու առաքելութեան եւ որպէս դէպի իր պատուաբեր 90-ամեակը յառաջացող՝ միշտ երիտասարդ սփիւռքահայ առաջատար մամուլ, չէր կրնար անմասն մնալ նշեալ նորարարութենէն:
Հետեւաբար ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւնը, որոշեց համարձակ քայլերով մտնել ԱԲ-ի աշխարհը, իր ելեկտրոնային կայքին վրայ կիրառելով նաեւ ԱԲ-ի օգտագործման համեստ փորձեր, որ այս պահուս կը գտնուի իր փորձառական շրջանին մէջ: Այս հանգրուանին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքին վրայ՝ zartonkdaily.net տեղադրուող բովանդակութեան ընտրանին, պիտի ունենայ նաեւ տուեալ նիւթին լսողական տարբերակը: Այսինքն՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքին մեր սիրելի հետեւորդները այսուհետեւ առիթը պիտի ունենան, նաեւ լսելու նիւթը: Ձայնագրութիւնը պիտի յառաջացուի Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ ինչպէս վերը նշեցինք, այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ: Մեր այս նորարական աննախընթաց փորձը կը նպատակադրէ նաեւ առիթը տալ բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք պարագաներու բերմամբ հայերէն գրաճանաչութեան կարողութիւնը չունին, ընթերցելու փոխարէն կարենան լսել տուեալ լուրը կամ հրապարակուած յօդուածին բովանդակութիւնը:
Մենք կը խոստանանք մօտիկ ապագային մեր այս համեստ փորձը աւելի եւս կատարելագործել մանաւանդ երբ հայերէն ԱԲ-ի համակարգը աւելի ճշգրիտ ու անսխալ դառնայ ու բարելաւուին հայերէնով աշխատելու իր կարողութիւնները:
Յոյսով ենք, որ մեր այս փորձը խթան կը հանդիսանայ սփիւռքահայ մամուլի մեր գործընկերներուն, որոնք բարի նախանձով մը, իրենք ալ կը փորձեն օգտուիլ արհեստագիտական այս հնարաւորութենէն, որուն համար պատրաստ ենք գործակցելու եւ օգտակար հանդիսանալու փափաքողին:
Խմբ.