Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Լիբանանի Կառավարութեան Շուտ Կազմուելու Հարցը որպէս Կարեւոր Փորձաքար

Տարիներ շարունակ ողբերգական իրադարձութիւններէ ետք, որոնք Լիբանանը պահեցին խաւարի եւ քաոսի մէջ, Լիբանանի խորհրդարանը վերջապէս ընտրեց Ժոզէֆ Աունը (Լիբանանեան բանակի հրամանատարը) որպէս Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ: Լիբանանի անկախութենէն ետք 14-րդ նախագահը հանդիսացող Աունը, յարգուած ռազմական գործիչ է, նոյն ժամանակ ընդունելի ըլլալով մեծամասնութեան կողմէ, խթան կրնայ հանդիսանալ Լիբանանի մէջ ազգային միասնութեան եւ կայունութեան:

Նախագահ ընտրուելէ ետք արտասանած իր ուղերձին մէջ, ի շարս այլ կէտերու, կարեւորութեամբ հնչեց նորընտիր նախագահին այն յանձնառութիւնը, որ իր գլխաւորած պետութիւնը, այսուհետեւ պիտի չհանդուրժէ  ոչ-պետական ​​խմբաւորումներու զէնք ունենալու իրավիճակը կամ պետութեան անունով ազգային ապահովութեան հետ առնչուած ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելը։

9 Յունուար 2025-ին կայացած նախագահական ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ աւելի քան երկու տարի տեւած նախագահի աթոռի թափուրէ մը ետք,  քանի որ Հըզպալլան ու իրեն դաշնակից այլ կողմեր չէին աճապարեր  նախագահական ընտրութիւններ կայացնել: Երկու տարի տեւած թափուրին ընթացքին Իսրայէլ արիւնալի յարձակում գործադրեց Լիբանանի վրայ, որուն արդիւնքով բաւականին տկարացան Հըզպալլայի դիրքերը, ու մինչ սպաննուած էր անոր ղեկավար աւագանին, ան ստիպուած եղաւ իրեն եւ ինչու չէ, նաեւ Լիբանանին համար բաւականին ծանր պայմաններով Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը կնքելու պարտադրանքին տակ գտնուելու:

Նախագահի ընտրութեան յաջորդեց Վարչապետի նշանակումը: Խորհրդարանի անդամներուն հետ Նախագահին կատարած խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Նաուաֆ Սալամին վստահուեցաւ կազմել նոր կառավարութիւնը:

Սալամը բարձրաստիճան եւ փորձառու դիւանագէտ է, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) նախագահը եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպանը:

Լիբանանը այս պահուս կը բոլորէ անցումային լուրջ շրջան մը եւ կը գտնուի աշխարհաքաղաքական կարեւոր վերադասաւորումներու խաչմերուկին վրայ:

Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին երկիրը տակաւին պիտի դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Պէտք չէ մոռնանք, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ, նորընտիր նախագահին ու նշանակեալ վարչապետին նման  երկիրը միաւորող գործիչներ սպաննուած են…:

Մինչ փտածութիւնը  համատարած է Լիբանանի պետական ​​համակարգին մէջ, լուրջ բարեփոխումներու իրականացումը չափազանց դժուար պիտի ըլլայ:

Ճիշդ է, որ ոչ մէկ դրական փոփոխութիւն հեշտ ճանապարհէ չանցնիր, սակայն այս պահուն հիմնախնդիրը հեզասահ կերպով կառավարութիւն կազմելուն մէջ կը կայանայ եւ որուն արագ եւ անցնցում կազմաւորումը կամ յամենալը, կրնայ որոշ պատկեր մը տալ ու փորձաքարը հանդիսանալ, թէ մօտիկ ապագային ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին