Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի մահուան առիթով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները, ցաւակցութիւն պիտի ընդունին Շաբաթ 4 Յունուար 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6-ը «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, Լիբանան:
Յիշեցնենք, որ սփիւռքահայ բեմերու բազմատաղանդ ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէտեանի (ծնեալ Պէյրութ 1968) մահուան բօթը, որ աւելի քան 10 օր առաջ եկած էր Թորոնթոյէն, ցնցած էր իր բարձրորակ արուեստով առինքնած հանրութիւնը: Իրմայի մահը կը գուժէր իր ամուսինը հետեւեալ յուզիչ գրառումով. «Աղօթեցէք Իրմային հոգիին համար: Ան իր հոգին աւանդեց եւ գնաց երկնային խաղաղութեան»:
Իրմա անժամանակ կերպով իր մահկանացուն կնքած էր Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի մէջ, ուր վերջին տարիներուն հաստատուած էր իր ընտանիքին հետ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին 2024-ին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ:
***
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի իր ամուսնոյն՝ սիրելի Խաչիկ Տէտէեանին եւ զաւակներուն՝ Փաթիլին, Հրակին, եւ Հերային: