Սեպտեմբեր 28-ին՝ Շաբաթ օրը, ժամը 17:00-ին Մայր Աթոռի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մէջ պիտի կատարուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Սեպտեմբեր 29-ին՝ Կիրակի օրը, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին, ժամը 10:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնը եւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ։
Մուտքը Սուրբ Տրդատի բաց խորան եւ Մայր Տաճար հրաւիրատոմսերով է, իսկ Մայր Աթոռի շրջափակը բաց պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն համար, ուր պիտի տեղադրուին պաստառներ սրբազան արարողութիւններուն հետեւելու համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը սիրով կը հրաւիրէ բարեպաշտ ժողովուրդը` աղօթական իր մասնակցութիւնը բերելու սրբազան արարողութիւններուն:
***
Մայր Տաճարի Վերաօծման Արարողութեան Յաջորդող Շաբթուան Բոլոր Օրերուն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Պիտի Մատուցուի
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան յաջորդող շաբթուան բոլոր օրերուն՝ Սեպտեմբեր 30-Հոկտեմբեր 6, ժամը 19:00-ին, Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ հայրենիքի խաղաղութեան եւ անսասանութեան, մեր ժողովուրդի անվտանգ ու բարօր կեանքի, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած, գերութեան մէջ գտնուող եւ զոհուած մեր զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ մեր ժողովուրդը իրենց աղօթական մասնակցութիւնը բերելու մատուցուելիք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներուն։