Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Երբ Կրթական Համակարգը Տնօրինողները Իրենք Կրթութեան Կարօտ Են

Մանկավարժութեան մէջ կարեւոր է փոքրիկին սորվեցնել, թէ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ-ի շատ եղանակներ կան եւ ո՛չ բոլորը անպայմանօրէն պէտք է ընդգրկեն նիւթական բաներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելը, օրինակի համար, ինքնին ոչ-նիւթական (non-material) ժեսթ մըն է, որպէս փոխանակում մեզի համար եղած ծառայութեան մը կամ ազնիւ գործի մը:

Մարդոց միջեւ ընկերային (social) կապերը կը հաստատուին եւ կը պահպանուին փոխանակումի գաղափարին արժէք տալու միջոցաւ եւ այս բանը պէտք է «սրսկել» մեր դաստիարակութեան վստահուած սերունդին մէջ իր ուսումնական տարիներուն եւ ոչ միայն:

Այս նախաբանը ըրի ընթերցողին հետ կիսուելու համար հետեւեալ նկարով ներկայացուած անհաւատալի փաստը:

Գործընկերներէս՝ Նարինէ Ղուկասեանը, այսօր իր ֆէյսպուքի էջին վրայ ցասումով հրապարակած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգի տարրական կրթութեան 3-րդ դասարանի Մայրենի Լեզուի դասագիրքէն էջ մը: Կարդացէ՛ք խնդրեմ.

Ահաւասիկ այսպէս հասկցած է մեր Հայրենիքին Կրթութեան, Գիտութեան, Սփորթի եւ Մշակոյթի նախարարութիւնը իրեն վստահուած սերունդները դաստիարակելու նուրբ գործը:

Հակառակ, որ գիրքը Մայրենի լեզու ուսուցանելու միտուած դասագիրք է, սակայն ի տես այս արժեհամակարգային այլանդակութեան, այստեղ այլեւս ճոխութիւն պիտի ըլլայ քննարկել գրութեան հայերէն լեզուին մակարդակը, որ ըստ երեւոյթին մեր Հայրենիքին մէջ աւելի վտանգուած է քան այլուր:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին