Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Մարդը Անյագ, Ամբարտաւան ու Անհոգի Հրէշ Է Երբեմն. Երեւանի Իշխանաւորներու Պարագային եւ Ո՛չ Միայն, Նաեւ՝ Անհայրենիք

Նկարի մէջի  կաղնին աւելի քան 40 տարեկան էր, երբ Մոցարտը 8 տարեկան էր։

Այս ծառը 50 տարեկան էր, երբ արտօնագրուեցաւ առաջին շոգեմեքենան։

Այս ծառը 180 տարեկան էր, երբ Ռայթ եղբայրները թռցուցին իրենց առաջին մեքենական ինքնաթիռը:

Երբ այս ծառը աւելի քան 300 տարեկան էր, անոր զոհաբերեցին ճանապարհներու կառուցման համար (Անգլիայի Լեմինկթըն և Քենիլվորթ քաղաքներու միջև. Լուսանկարին մէջ տեսնել, ծառը չկտրելու համար պայքարող անձին տխրութիւնը):

Առանց հարցնելու խնդրոյ առարկայ կաղնիին, խլեցին անոր կեանքի իրաւունքը։

Մարդը անյագ, ամբարտաւան ու անհոգի հրէշ է երբեմն։ Մարդ արարած կոչուող էակը երբեմն կը վարուի այնպէս մը, որ իբր այս գեղեցիկ Երկիր մոլորակը միայն իրեն կը պատկանի…։

***

Նոյն վերաբերմունքը օրերս կը դրսեւորուի մեծն Թամանեանի հեղինակած Երեւանի փողոցներուն վրայի հինաւուրց ծառերուն նկատմամբ, Երեւանի քաղաքապետութեան գլուխը անցած անհայրենիք իշխանիկներուն կողմէ…:

Անխնայ զոհաբերելու նոյն վերաբերմունքը, պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք՝  մեր Հայրենիքին ղեկավարութիւնը զաւթած այսպէս կոչուած իշխանութեան կողմէ, հանդէպ մեր մատաղ սերունդին ու արիւնով պահուած հայրենի մեր հողերուն:

Այսքանով բաւարարուիմ այսօր, որովհետեւ ալ խօսքեր չկան ըսելու բացի անողորմ անէծքէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին