Չորեքշաբթի, 01. 05. 2024

spot_img

Մտորում Խթանող Պատմական Նամակ Մը

Դոկտ. ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ստորեւ հատուածաբար ներկայացուող նամակը ուղղուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Յովհաննէս Արշարունիի 1913-ին, երբ վեց մեծ պետութիւններ՝ մէկ կողմէ հայոց կամ քրիստոնեաներու շահերու պաշտպան ներկայացող Ռուսաստան, Անգլիա եւ Ֆրանսա իբրեւ Դաշնակիցներ, եւ միւս կողմէ օսմանեան կառավարութեան շահերը պաշտպանող Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարիա եւ Իտալիա իբրեւ Համաձայնականներ, սկսած էին զբաղիլ Թուրքիոյ յատկապէս արեւելեան եւ մասնաւորապէս հայկական նահանգներու բարենորոգման խնդրով:

Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայոց համար, որոնք կը բնակէին «Հայկական Նահանգներ» անունով ծանօթ պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ եւ Կիլիկիոյ մէջ, ստեղծուած էր լինել-չլինելու կացութիւն մը, ինչպէս լինել-չլինելու մտավախութեամբ համակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին բնակող ափ մը հայութիւնը այսօր՝ վերափչող համաթրքական կամ համաթուրանական հովերէ բռնուած թուրքեւատրպէյճանական տրամադրութիւններու բերումով:

Ընթերցողը դիւրաւ պիտի նշմարէ այլ հանգիտութիւններ եւս աւելի քան դար մը առաջուան եւ ներկայի կացութիւններուն միջեւ՝ ակնյայտ տարբերութիւններով հանդերձ:

Նամակին բովանդակութենէն կարելի է հետեւցնել թէ Արշարունի Պատրիարք ուզած էր ունենալ Թիֆլիսի Ազգային Պիւրոյին տեսակէտը արեւմտահայութեան որդեգրելիք կեցուածքին մասին, մեծ պետութիւններու հետ ըստ այնմ յարաբերելու համար:

Արեւմտահայոց կացութեան դարման գտնելու խնդրանքով Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նամակն ստանալով ցարական կառավարութիւնը յօժարած էր, իր շահերէն մեկնելով, թիկունք կանգնիլ բարենորոգումներու ծրագրին, նոյնիսկ ներկայանալով իբրեւ նախաձեռնարկ եւ ուղղելով քայլերը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան ու օտար պետութիւններու հետ բանակցելու կոչուած Փարիզի Ազգային Պատուիրակութեան՝ Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ: Ճիշդ նոյն օրերուն, Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան թարգման եւ իրաւագէտ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Մանտելշթամի պատրաստած բարենորոգումներու ծրագիրը սկսած էր քննարկման ենթարկուիլ յիշեալ վեց տէրութիւններու դեսպանատուններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Քննարկումներուն պիտի յաջորդէին դիմաշրջութիւններով եւ զիջումներով լի բանակցութիւններ, որոնք պիտի աւարտէին ռուսեւթուրք համաձայնութեան մը կնքումովը 6 Փետրուար 1914-ին: Ուրիշ հարց թէ ա՛յս ալ, բարեկարգումներու նախորդ համաձայնութիւններուն նման, պիտի մնար մեռեալ տարր եւ անոր պիտի յաջորդէր Գերմանիոյ մեղսակցութեամբ թուրքերու գործադրած հայկական ցեղասպանութիւնը:

Նամակն առանձին շահեկանութիւն կը ներկայացնէ անոր համար որ, աւելի քան դար մը առաջ գրուած ըլլալով հանդերձ, այսօր ալ կը պահպանէ իր շահեկանութիւնը ազգային արեւելումի եւ քաղաքական կողմնորոշման տեսակէտէ, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:

*

Մեր օրերուն արեւելումի վերանորոգ խնդիրը սկիզբ չառաւ Արցախի հայաթափման յանգած վերջին կրկնակի հարուածներուն պատճառով: Ան երեւան եկած էր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակման վաղորդայնին՝ իր պարզունակ ձեւով համառուսական եւ հակառուսական միտումներով, մերթ սուր, մերթ մեղմ դրսեւորումներով, ինչպէս նաեւ դատողականէ աւելի զգացմունքային մօտեցումներով, դպրոցներու մէջ ռուսաց լեզուի դասաւանդութիւններուն վերջ տալու կոչերէ մինչեւ հայերս եւրոպացի նկատելը, երբեմն ալ անցնելով «կոմպլիմենտարական քաղաքականութեան» թիւր ընկալումներէ:

Ընդգծելի են կարգ մը կէտեր նամակին կապակցութեամբ:

Ան իր մէջ կը խտացնէ տեսակէտը Թիֆլիսի Ազգային Պիւրօն բաղկացուցած մտաւորականութեան եւ քաղաքական գործիչներու, ինչպէս նաեւ «համայն ռուսահայութեան համագումարին», ստորագրութեամբը Պիւրոյի նախագահ Սամսոն Յարութիւնեանի (անդամ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան) եւ քարտուղար Նիկոլ Աղբալեանի (անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան):

Կողմնորոշումի խնդրին լուծման ուղղութեամբ իրաւամբ առանցքային կարեւորութիւն տրուած է շահերու համընկնումի նկատառման, միաժամանակ առարկայօրէն ընդունելով թէ «հայերին անհրաժեշտ է ունենալ մի նեցուկ, մի յենարան, մի հովանաւոր, որի շահերն ստիպեն նրան պաշտպանել մեզ իրական միջոցներով»: Կամ՝ «Հայերս քաղաքական մեծ ուժ չենք, որ կարողանանք ինքնուրոյն քաղաքականութիւն ունենալ. մեզ մնում է յարել պետութիւններից մէկի քաղաքականութեան»:

Ասիկա սկզբունք մըն է, որ յատուկ է բազմաթիւ փոքր ժողովուրդներու, որոնք առարկայական պատճառներով չէին կրնար,- կամ՝ եթէ կրնային, թերացած էին,- սրել իրենց եղունգները իրենց կռնակը առանց ուրիշի օգնութեան քերելու աստիճան: Եւ այս սկզբունքը կ՚ենթադրէ առկայութիւնը տուրեւառի (տալու եւ առնելու)՝ առանց անպայման տրուածին դիմաց հաւասար ստացումի:

Համակրանքներ եւ հակակրանքներ կ՚աւարտին հոն, ուր կը սկսին պետական շահերը, ինչպէս բազմաթիւ առիթներով մեր ժողովուրդին ճակատագիրը վարելու կոչուածներ հաստատած են իրենց փորձառութեամբ՝ երբ «Հայասիրական» շարժումներու հայանպաստ աշխատանքներէն եւ օտար պետական անձնաւորութիւններու համակրական արտայայտութիւններէն ետք, տեսած են թէ մեզի համակիր Մեծն Բրիտանիան չէր կրնար մեր յոյսերն արդարացնել՝ նկատի ունենալով իր տիրապետութեան ներքեւ հեծող բազմամիլիոն իսլամները Ափրիկէէն ու Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հնդկաստան. կամ մեզի համակրող Ֆրանսան չէր կրնար արդարացնել մեր ակնկալութիւններն ու մինչեւ իսկ կ՚ուրանար կամ պատճառներ կը փնտռէր ուրանալու իր խոստումները, որովհետեւ սխալ գնահատուած տնտեսական զիջումներ կ՚ակնկալէր մեզ կոտորած թշնամիէն, եւայլն:

Այս իրականութեան հետ հաշտուելէ ետք, կը մնայ ընտրութեան կատարման հարցը, որ ակնարկը կը դարձնէ դէպի մօտիկն ու հեռուն, սահմանակիցն ու անդրսահմանակիցը, հեռուի սուրբը (կամ սուրբ կարծուածը) եւ մօտիկի անսուրբը (կամ անսուրբ կարծուածը): Բայց այդ առանձինն բաւարար չէ, անշուշտ: Հարկ է նաեւ քրքրել պատմութեան մոխիրը՝ դասեր քաղելու անցեալէն:

Պատմութեան քրքրումը առաւել եւս կենսական կը դառնայ մերինին նման ժողովուրդի մը համար, զոր «խաբուած ժողովուրդ» պիտակած էր օտար մարդասէր մը, եւ որուն միասնականութեան յորդոր կարդացած են երկու ժամանակակից բանաստեղծներ, երկուքն ալ նո՛յն 1933 թուականին՝ Չարենցն ըսելով. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», իսկ Թէքէեանն ընդգծելով. «Դիզուէ. փոշին լոկ այդպէս պիտի նորէն քար ըլլայ…»:

Միայն վերջին մէկուկէս դարը նկատի ունենալով, մենք մեզ խաբուած կը գտնենք 1878-ին, 1895-ին, 1908-9-ին, 1914-ին, 1918-էն 1923 երկարող տարիներուն, եւ կը թուի թէ խաբուելու պատրաստ ենք նաեւ 2024-ին՝ առհաւական հաւատարմութիւն ցուցաբերելով խաբուելուն:

Զոհ գացա՞ծ ենք բարեկամներու կամ կարծեցեալ բարեկամներու շահերուն: Համարեա միշտ:

Դառնացա՞ծ եւ դաւաճանուած զգացա՞ծ ենք բարեկամներէ կամ կարծեցեալ բարեկամներէ մեր յուսախաբութիւններուն համար: Մի՛շտ:

Իրաւա՞մբ…: Կշռել եւ կշռադատելէ՞ ետք մեր պատասխանատուութեան բաժինը մեր անյաջողութիւններուն կամ յուսախաբութիւններուն մէջ:

Կը յուսանք որ ստորեւ ներկայացուող նամակը առիթ մը կ՚ըլլայ խորհրդածելու վերը շարադրուածին մասին:

*

[Անթուակիր, ստացուած՝ 8 Յուլիսին]

Նորին Բարձր Սրբազնութեան Ամենապատիւ Պատրիարքին Հայոց ի Պոլիս

Սրբազան Հայր,

… Ձեր նամակները բիւրօ[յ]իս լուրջ ուշադրութեան առարկայ դարձան. երկու յաջորդական նիստերում խորհրդակցելուց յետոյ Ձեր դրած խնդիրների մասին՝ բիւրօս եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան, որ պատիւ ունենք զեկուցանելու Ձերդ Բարձր Սրբազնութեան:

Մեր կարծիքով Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ հայոց կենսական շահերն իրար զուգադիպում են, դրանով պէտք է բացատրել այն լուրջ հետաքրքրութիւնը, որ ցոյց է տալիս Ռուսաստանը հայոց հարցի վերաբերմամբ: Միւս կողմից հայերին անհրաժեշտ է ունենալ մի նեցուկ, մի յենարան, մի հովանաւոր, որի շահերն ստիպեն նրան պաշտպանել մեզ իրական միջոցներով: Այդ յենարանն ու հովանաւորը կարող է եւ պէտք է լինի Ռուսաստանը, որովհետեւ նա է միայն, որ սահմանակից է Հայաստանին, նա է, որ ամենից աւելի կենսական շահեր ունի մեր երկրում թէ տնտեսական եւ թէ մանաւանդ քաղաքական. միայն նա կարող է զինեալ ուժով շուտափոյթ օգնութեան հասնել հայերին կամ մտնել Հայաստան կարգ հաստատելու, նրա հետ են կապւած սահմանի քիւրդերը, որ ահաւոր գործիք կարող են դառնալ նրա ձեռքում ընդդէմ հայերի…:

Եւրոպայի համակրանքը մեր դատին անկասկած մեծ նշանակութիւն ունի. մեծ պետութիւնները կարող են արգելք դառնալ Ռուսաստանին իր շահերը ապահովելու եւ պաշտպանելու Հայաստանում, հետեւապէս եւ արգելք դառնալու մեր շահերի ապահովութեան, ուստի եւ, մեր կարծիքով, պէտք է ամենասերտ յարաբերութիւն պահպանել միւս մեծ պետութեանց, մանաւանդ Անգլիայի եւ Ֆրանսայի դեսպանատանց հետ: Բայց երբէք չպէտք է մոռանալ, որ հայոց հարցում Ռուսաստանի դերը գերակշիռ է. առանց նրա հաւանութեան ոչ մի բարենորոգում չի կարող իրականանալ Հայաստանում, որովհետեւ մեր երկիրը նա իր ազդեցութեան շրջանն է համարում:

Ինչ ձեւով էլ վճռւի Թիւրքիայի ապագան՝ Հայաստանը սահմանակից լինելով Ռուսաստանին՝ անկարող է ազատ մնալ նրա ազդեցութիւնից, ուստի մեր եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները թէ ներկայումս եւ թէ ապագայում պէտք է ամենալաւ վիճակում լինեն: Յիշեցէք 1895 թ. եւ կշռեցէք Ռուսաստանի համակիր եւ հակակիր վերաբերումի նշանակութիւնը հայ դատի վերաբերմամբ:

Մեկնելով այս տեսակէտներից, բիւրօս կարծում է, որ չպէտք է շեղւել մի անգամ ընդգծած ճանապարհից եւ չպէտք է անել որեւէ քայլ, որ հակառակ լինէր Ռուսաստանի քաղաքականութեան: Դրա համար պէտք է շարժել նրանց քաղաքական գործակալի ցուցումներով [իմա՛ իրենց դեսպանին- Վ.Ղ.], բայց ամէն անգամ պէտք է բացատրութիւն խնդրել տւած ցուցումների համար եւ վստահանալ, որ համաձայն այդ ցուցումների շարժելով՝ հայոց դէմ հանած չէք լինի միւս մեծ պետութեանց չկամութիւնը:

Հայերս քաղաքական մեծ ուժ չենք, որ կարողանանք ինքնուրոյն քաղաքականութիւն ունենալ. մեզ մնում է յարել պետութիւններից մէկի քաղաքականութեան: Միմիայն Ռուսաստանն է, որի քաղաքականութեան պէտք է յարենք: Մեր անվերապահ վստահութեամբ դէպի նրա հովանաւորութիւնը եւ մեր անկեղծ գործակցութեամբ նրա քաղաքականութեան՝ բարոյական պարտք կը դնենք նրա վրայ չլքելու մեզ: Իր միջազգային դիրքն արդէն նրան թելադրում է զգուշաւոր լինել միւս մեծ պետութեանց հանդէպ եւ շատ հաւանական է, որ նրան յարած մնալով՝ միւսների անվստահութիւնն ու չկամութիւնը չվաստակենք:

Մեզ պէտք է բովանդակ Եւրոպայի համակրանքը, որովհետեւ Ռուսաստանի չկամութիւնն աղիտաբեր կը լինի, բայց նրա բարեացակամութիւնը միայն բաւական չէ մեր խնդրի յաջող լուծման համար: Մենք պէտք է Ռուսաստանի հետ լինենք, բայց ոչ եւրոպացոց չկամութիւնը յարուցանելու աստիճան: Ռուսներն իրանք գիտակցում են մեր փափուկ դրութիւնը, ինչպէս երեւում է Ձեր գրածներից եւ մեր ունեցած տեղեկութիւններից: Պէտք է այնպիսի ընթացք բռնել, որ ռուսները պարզապէս գիտակցեն թէ մենք սրտանց իրենց հետ ենք, բայց չենք կարող գործիք դառնալ նրանց արտաքին քաղաքականութեան: Մեր գործակցութիւնը վերջանում է այնտեղ, ուր վերջանում է մեր շահերի զուգադիպութիւնը: Ահա թէ ինչու ամէն անգամ, որ նրանք մեզ տալիս են որեւէ հրահանգ այս կամ այն ընթացքը բռնելու՝ պէտք է բացատրութիւն խնդրել նրանցից այն մասին, թէ դրանով չե՞նք կորցնում արդեօք միւս պետութեանց բարեկամութիւնը: Այդ բացատրութիւնները եւ վստահացումները խնդրելու մէջ պիտի կայանայ մեր ինքնուրոյնութիւնը դիւանագիտական ասպարէզում:

Վերը յիշած տեսակէտները եւ նրանցից հետեւող մեր բռնելիք քաղաքական ճամբան միայն բիւրօ[յ]իս համոզումները չեն: Նորերս այստեղ տեղի ունեցաւ համայն ռուսահայութեան մի համագումար հայոց խնդրի առիթով: Այդ համագումարը իր հաւանութիւնը տւեց բիւրօ[յ]ի հետեւած քաղաքականութեան հայոց հարցում եւ միաձայն ընդունեց մեր եւ ռուսաց շահերի զուգադիպումը:

Նախագահ՝ Սամսոն Յարութիւնեան

Քարտուղար՝ Ն[իկոլ] Աղբալեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին