Սրտի դառն կսկիծով իմացանք. որ 28 Մարտ 2024-ին իր մահկանացուն կնքած է տիկին Անի Պէզիկեանը։ Ան կողակիցն էր հանրայայտ լիբանանահայ բարերար՝ Ալեքքօ Պէզիկեանին:
Պէզիկեան ամոլը մեծ նուիրատուութիւններ կատարած են, թէ Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ յօգուտ մեծ թիւով կարիքաւոր հայորդիներու եւ ազգային հաստատութիւններու: Անոնց իշխանական նուիրաբերումով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ կանգնած են ազգօգուտ կեդրոններ:
Տիկին Պէզիկեանի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի այսօր՝ Զուիցերիոյ մէջ:
Այս առիթով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք պարոն Ալեքքօ Պէզիկեանին, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն:
«Զ.»