Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը Կը Շարունակէ Իր Աջակցութիւնը Արցախցիներուն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին/ Mother See of Holy Etchmiadzin , Շիրակի թեմի առաջնորդ՝ Սրբազան Հայր Միքայէլ Աջապահեանի տնօրինութեամբ, Շիրակի թեմ Shirak diocese ,Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի ընկերային ծառայութեան եւ կրթական կեդրոնի աջակցութեամբ, Լիբանանի Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան, Լիբանանէն բերաւ նուէրներ, հագ ու կապ եւ Կիւմրիի մէջ դասաւորեց պարենային սնունդներ որ բաժնուին Շիրակի մարզի մէջ ապրող բռնի տեղահանուած Արցախցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Երկուշաբթի, 8 Յունուար, 2024֊ին, Արժանապատիւ Տէր Գարեգին Սարգիսեանի, Հոգեւոր հովիւ Ամասիա գիւղի եւ Հռիփսիմէ Պալեանի հետ այցելեցինք, ուրախացուցինք եւ գոհացուցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ տասնվեց ընտանիքներ։
Երեքշաբթի, 9 Յունուար, 2024֊ին, Արժանապատիւ Տէր Մակար քահանայ Գալամդարեանի հոգեւոր հովիւ Շիրակի թեմի եւ Հռիփսիմէ Պալեանի հետ այցելեցինք Շիրակի մարզի հետեւեալ գիւղերը՝ Հայկաւան, Երազգաւորս, Գետք, Ղարիպճանեան, Ախուրիկ որոնք սահմանամերձ են Թուրքիոյ հետ,
ուրախացուցինք, զուարճացուցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ տասներկու ընտանիքներ։
Զրուցեցինք ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Զանազան ընտանիքներու մէջ, տատիկներ կ’ապրին որոնց ցաւն ու վիշտը շատ ահռելի էր, ամուսնու, զաւկի եւ թոռան կորուստէն վերջ։
Չմոռնանք այս դժնդակ օրերուն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքները եւ մեր առօրեայ հացէն ու ապրուստէն բաժին մը հանենք օգտակար դառնալով իրենց։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը յառաջիկային հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապրող Արցախցիներուն։
Մենք կը ձգտինք կատարել այն ինչ որ բարին է ու օգտակար մեր սիրելի հայրենակիցներուն։
ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ