Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Ոչ եւս է Տիկին Յասմիկ Պապահէքեան

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի, երիցագոյն անդամներէն, բարեպաշտ, հեզ, ազնիւ Տիկին Յասմիկ Պապահէքեանին, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 02, Յունուար 2024֊ին։

Հանգուցեալ Յասմիկը նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ բարերարութիւնը, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան վերջերս 64 տարուայ յուշանուէրի արժանացաւ։ Տիկին Յասմիկը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հանդէպ անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է ինչպէս նաև՝ սատար հանդիսացած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն։

Հանգուցեալ Յասմիկին, լաւատես, գոհունակ,և միշտ ուրիշին օգտակար բարեպաշտ կնոջ յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Խունկ և աղօթք իր յիշատակին։

***

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր հերթին խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալին Տիկ. Պապահէքեանին զաւակներուն եւ հարազատներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին