Երեքշաբթի, 30. 04. 2024

spot_img

Լրագրողներու Թիրախաւորումը Պատերազմական Ոճիր Է

ԶԱՐԹՕՆՔ Խստօրէն Կը Դատապարտէ

Հերթական անգամն ըլլալով լրագրողները իրենց կեանքը կը զոհեն պատերազմ լուսաբանելու իրենց մասնագիտական պարտականութեան ճամբուն վրայ:

Նոյեմբերի 21-ին երիտասարդ լրագրող Ֆարահ Օմարը և տեսանկարահանող Ռապիի Ալ Մաամարին Լիբանանի հարաւը սպաննուեցան  իսրայէլեան հարուածներու հետևանքով: Զոհերը անմիջապէս նախքան հարուածը,  ուղիղ եթերով հաղորդում կ՛իրագործէին Տէյր Հարֆայէն, որ կը գտնուի Լիբանանի հետ Իսրայէլի սահմանէն մօտ մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ:

ԶԱՐԹՕՆՔ խստօրէն կը դատապարտէ պաշտօնակից «Ալ-Մայատին» հեռուստատեսութեան կայանի  այս երկու քաջարի  լրագրողներուն սպանութիւնը իսրայէլի կողմէ:

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքին անունով մենք կը ցաւակցինք գործընկերներ Ֆարահ Օմարի եւ Ռապիի Ալ-Մաամարիի ընտանիքներուն և ընկերներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր լրագրողներուն ընտանեկան պարագաներուն, որոնք  իրենց կեանքը կորսնցուցին սոյն բարբարոսական պատերազմը լուսաբանելու իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ։

Լրագրողներու թիրախաւորումը պատերազմական ոճիրներու մէկ օրինակ է, և Իսրայէլը պէտք է պատասխան տայ իր այս արարքներուն համար։ Ըստ Լրագրողներու պաշտպանութեան միջազգային կոմիտէին, առնուազն 50 լրագրող սպանուած է 7 Հոկտեմբերէն ի վեր ընթացող Իսրայէլ-Համաս պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս: Ըստ նոյն կոմիտէին, այս պատերազմը լրագրողներու համար ամենամահաբեր ժամանակաշրջաններէն մէկն է այն օրէն սկսեալ, երբ կոմիտէն սկսած է տուեալներ հաւաքել 1992-էն ի վեր:

ԶԱՐԹՕՆՔ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ այն անվախ լրագրողներուն, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգէն ճշմարտութիւնը լուսաբանելու համար:

ԶԱՐԹՕՆՔ

22.11.2023

Ֆարահի հաղորդումը զոհուելէ վայրկեաններ առաջ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին