Կիրակի, 28. 04. 2024

spot_img

Խօսք՝ Շնորհակալութեան

Շատ սիրելի Պրն. Յակոբեան,

Ուշի ուշով կը կարդամ ԶԱՐԹՕՆՔի ձեր խմբագրական յօդուածները եւ նիւթերը եւ կ՛ուզեմ շնորհակալական ( եւ երախտագիտական) խօսք մը ղրկել ձեզի, լուսամիտ կերպով ձեր արտայայտած նշումներուն,  եւ մատնանշած հետեւանքներուն մասին։ Վերջին դէպքերուն առիթով ձեր մատնանշած կէտերը հայ կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող խոր վէրքի մը մասին կը վկայեն։ Անկախ մեր կեանքը թունաւորող ճոռոմաբանութիւններէն, ինքնախաբէական արտայայտութիւններէն , եւ ձեւական «հայրենասիրական» քարոզներէն դժբախտ երեւոյթ է անկասկած համայնական անտարբերութիւնը եւ անկարութիւնը՝  նպակադրեալ ԳՈՐԾի հետեւողական ծրագրումով եւ գործադրութեամբ յառաջ տանելու ազգային կեանքը։  Իբրեւ անհատներ փայլուն կերպով կը գործենք օտար շրջանակներու մէջ, սակայն նոյն այդ ձիրքերը կ՛ամլանան երբ այդ անձերը կը փորձեն հայ կեանքը ղեկավարել ու անոնց փոխարէն հրապարակը կ՛աղմկեն մարդիկ որոնք ո՛չ կարողութիւնը ունին եւ ո՛չ ալ հեռատեսութիւնը՝ կարելիի եւ անկարելիի զանազանութիւնը ընելու։ Շատ մը ազգեր, հաւաքականութիւններ աղէտներու առջեւ գտնուած են բայց ունեցած են ղեկավարներ կամ առաջնորդներ որոնք գործով, ծրագրումով եւ ապագայի հեռանկարով աշխատած են այդ աղէտի հետեւանքները լուծարկելու կամ թափը նուազեցնելու համար։ Իբրեւ 21րդ դարու մէջ ապրող հայ ինքզինքս նուաստացած , վիրաւորուած եւ անարգուած կը զգամ որ մեծ աղէտէն ետք նոր սերունդները այլ աղէտներու ենթակայ կը դառնան այսպիսի մտայնութեամբ գործող մարդոց պատճառով։ Բայց ամէնքս պատասխանատու ենք ասոր։ Փիլիսոփայ Joseph de Maitre  ըսած է 18 րդ դարու։ «Every nation gets the government it deserves» ։ Կը հաւատամ որ նոյնը կը յարմարի մեզի։ Կարելի չէ ընդունիլ որ խեղճ ու կրակ մարդիկ ազգի մը ճակատագիրը տնօրինեն իրենց խակ գործելակերպով։ Սակայն մեր պարագային այս եղած է իրականութիւնը անցեալին եւ այս է իրականութիւնը այսօր։

Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն անվախ եւ ազատ ձեր մտածմունքին համար։

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Հիւսթըն, Թեքսաս

ԱՄՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին