Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Եղի՛ր Վեհանձն

Բաց Նամակ Աշոտ Փաշինեանին

Աշո՛տ տղաս: Ներէ, որ քեզ կոչեմ տղաս, նախ, որովհետեւ զաւակիս տարիքը ունիս, երկրորդ՝ Հայաշխարհին մէջ այսօր, դո՛ւն ամենաշատը խոցելիներէն ես, հետեւաբար՝ հոգածութեան կարօտ:

Լաւ կը հասկնամ, որ դիւրին բան չէ լայն տարողութեամբ ժողովրդային ցասումի առարկայ վարչապետի մը զաւակը ըլլալ: Կ՛ըմբռնեմ, որ անփորձ երիտասարդի մը հոգեմտաւոր կարողութիւններուն համար, չափազանց դժուար է հաւասարակշռութիւն պահել մարդկային արդարութեան, անձնական խիղճի, հայրենասիրութեան եւ ծնողասիրութեան արժէքներու, քու պարագայիդ հակասութիւններով լեցուն իրավիճակի մը արանքին մէջ յանկարծ յայտնուած ըլլալ:

Դո՛ւն լաւ գիտես, որ վերջին օրերուն հայկական լուրերու կեդրոնական տեղը կը գրաւես, թէ՛ քու «առեւանգման» լուրով եւ թէ՛ անոր յաջորդած դատական գործընթացով:

Կենսական չէ այստեղ վերաքաղը ընել այս լուրին հետ առնչուած մանրամասնութիւններուն: Քու անձին շուրջ դեր եւ դէմ կարծիքներուն կամ դաւադրական տեսութիւններուն:

Կայ մէ՛կ վաւերագրուած փաստ: Քեզի նման գոնէ ֆիզիքապէս առողջ երիտասարդ մը, որ իբրեւ զինուոր պատերազմ տեսած տղայ է, իր անձը առեւանգելու փորձ կատարած ըլլալու մեղադրանքով կ՛ամբաստանէ միջին տարիքի որդեկորոյս մայր մը… Աւելին՝ փաստացի է այն պարագան, որ դուն քու ազատ կամքովդ նստած ես տիկին Գայիանէին մեքենան… մինչ ոեւէ հասարակ մահկանացու, առանց իսկ քաղաքական խնդրայարոյց անձի մը զաւակը ըլլալու, պիտի խուսափէր կամ ռիսքը պիտի չ՛առներ անծանօթի մը մեքենան բարձրանալ նման վիճակներու մէջ, անկախ այն հանգամանքէն, որ մեղադրեալ կողմը նպատակ ունէ՞ր քեզ առեւանգելու, թէ ոչ:

Հակառակ ակնկալութեանս, որ դուն, որպէս գիտակից եւ ժամանակակից երիտասարդ նկատի ունենալով, քու ալ անձնական պատասխանատուութիւնդ պատահարին մէջ, մեղադրանքիդ վրայ տակաւին կը շարունակես պնդել առանց այս ալ իր հոգեկան ցաւերուն մէջ տուայտող Հայ մօր մը բանտարկութեան պատճառ հանդիսանալով:

Աշոտ. կ՛ուզեմ իմանաս, որ չկան յաւերժական իշխանութիւններ, իսկ եթէ դուն այսօր կը վայելես համապատասխան լծակներու նեցուկը, ապագային կրնաս յայտնուիլ շատ տկար դիրքերու վրայ: Որպէս երիտասարդ, կ՛ուզեմ որ այս կէտը նկատի ունենաս:

Պէտք է լաւ մարդ ըլլալու «դրամագլուխ» ու վարկ պահես ապագային համար: Իմացիր, որ հօրդ իշխանութիւնը, որքան ալ երկարի, յաւիտենական չէ: Յիշէ՛, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ յաղթած Անգլիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլը նոյնիսկ, իշխանութենէն շուտով հեռացուեցաւ, ա՛լ ո՜ւր մնաց հայրդ, որ ոչ միայն պատերազմ կորսնցուցած է, այլ՝ գոնէ ի պաշտօնէ, պատասխանատու է  քեզի տարեկից 5000 լոյս երիտասարդներու արեան..: Այլեւս դուն պատկերացուր իր իշխանութենէն հեռանալու կամ հեռացուելու պահն ու քո եւ քու ընտանիքիդ ճակատագիրը…

Անցնինք:

Այսօր դարձեալ դատավարութեան գործընթացի թուականն է նշեալ ամօթալի թղթածրարին: Շատ պիտի ուզեմ, որ նշեալ պայմաններով օտար մեքենայ նստելու քաջութեանդ յարիր ըլլաս վեհանձն ու յետ քաշես որդեկորոյս մօր դէմ յարուցած մեղադրանքդ, որպէսզի ան վերադառնայ իր տունը եւ առիթը ունենայ շարունակել այցելելու իր սիրեցեալ զաւակին շիրիմը եւ իր հոգեկան նուազագոյն սփոփանքը գտնէ:

Լիայոյս եմ, որ սրտագին այս կոչս տեղ կը հասնի եւ դուն առիթը կ՛ունենաս ճակատէդ հեռացնելու խառան մը, որ կամայ ակամայ Հայոց պատմութեան սեւ էջերուն մաս պիտի կազմէ:

Խնդրեմ նախ խնայէ անձդ ապա տիկին Գայիանէն: Խուսափիր ժողովրդային այն անխուսափելի եւ անզսպելի ցասումէն, որ պիտի գայ վաղ թէ ուշ:

Սիրով՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին